ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏԱՅՔ ԵՒ ՋԱՒԱԽՔ

Փարւանա լիճը

Մեծ Հայքի պատմական տասնհինգ նահանգներէն մէկն էր Տայք, որուն բաղկացուցիչ շրջաններէն են Կիսկիմը, Խոտորջուրը, Թորթումը եւ Օլթին: Իսկ Գուգարաց աշխարհին հիւսիսը, Ջաւախքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կարնեցիներու շառաւիղներ են:

ՏԱՅՔ

Տայք կ՛ընդգրկէ Ճորոխ գետի միջին հոսանքի եւ անոր վտակներու աւազանները, ինչպէս նաեւ Կուր գետի ակունքի շրջանը: Հիւսիսը եւ հիւսիս-արեւմտեան կողմը Պարխարի լեռներն են, հիւսիս-արեւմուտքէն  հարաւ Չորմայրի, Կապոյտ եւ Ծիրանեաց, իսկ հարաւ-արեւելքը Մեծրաց եւ Կարմիր Փորակ լեռնաշղթաներն են: Անտառախիտ լեռներով ու ձորերով կտրատուած շրջանին կլիման մեղմ է եւ խոնաւ. ամէնուրեք` սառնորակ աղբիւրներ, կանաչազարդ արօտավայրեր եւ բարեբեր հովիտներ: Կը մշակեն գլխաւորաբար ծիրան, դեղձ, բալ, սալոր, տանձ, խնձոր, սերկեւիլ, խաղող, թութ, նուռ, կեռաս, կաղին, ընկոյզ եւ ձիթապտուղ: Զարգացած է անասնապահութիւնը եւ մեղուաբուծութիւնը:

Անցեալին Տայք մեծ մասամբ Մամիկոնեաններու տիրոյթ եղած է, ուր անոնց գլխաւոր կեդրոններն էին Որջնահաղը, Քարն Տայոցը եւ Թուխարքը:

Տայքի գլխաւոր շրջաններն են` Կիսկիմը, Խոտորջուրը, Թորթումը եւ Օլթին:

ԿԻՍԿԻՄ

Կիսկիմ կամ պատմական Բերդագրակ գաւառը կ՛ընդգրկէ Ճորոխ գետին միջին հովիտը եւ կ՛երկարի Հունտ եւ Հնուտ գիւղերու առուներու ձորերէն մինչեւ Սակուտ եւ Ամզէտ առուներուն ձորերը եւ 40 քիլոմեթր երկարութիւն ունի: Ճորոխի կեդրոնական մասը կազմող այս հովիտը համեմատաբար աւելի ընդարձակ դաշտավայր մըն է եւ մէկ ծայրէն միւսը պտղաստաններով ծածկուած է: Կիսկիմ աւանը կը գտնուի Ճորոխի աջ ափին. հայաբնակ գիւղերն էին` Կուտրաշէն, Ծետկունց, Քարէկամուրջ, Սալորաջուր, Հունկամէգ, Արսիս, Օշնախ, Չորկանց եւ Կարմիրք:

Տայքի կիւրաղապատութեան ժամանակ շրջանի հայութեան մէկ մասը քաղկեդոնական դարձաւ: Հետագային, ԺԷ. – ԺԸ. դարերուն շատեր բռնի իսլամացուեցան: Հայ քրիստոնեաները տեղահանուեցան 1915-ի Մեծ Եղեռնին ժամանակ եւ շրջանին ներկայ իսլամ բնակչութեան ստուար համեմատութիւնը ծագումով հայեր են, որոնց լեզուն ծանօթ է իբրեւ կէսկէսերէն (կէս հայերէն եւ կէս թրքերէն):

ԽՈՏՈՐՋՈՒՐ

Խոտորջուր կը գտնուի Կիսկիմ գաւառի շրջագիծէն ներս, արեւմտեան կողմը, Քաջքար լերան ստորոտին, Ճորոխի ձախ վտակ Խոտորջուրի աւազանին մէջ: Հայ համայնքը կազմուած էր երկու գիւղախումբերէ. առաջինը` Ճիճապաղ, Կրման, Կիսակ, Միջին Թաղ, Խանդաձոր, Սունենց, Կաղմխուտ, Վահնա եւ Գեղուտ. երկրորդը` Վերին Մոխուրկուտ, Ստորին Մոխուրկուտ, Գորքեր եւ Արեգին գիւղերը: Խոտորջուրի կապուած էր նաեւ Ճորոխի աջ ափին գտնուող Կարմիրք գիւղը:

Խոտորջուրի հայերը ԺԷ. դարուն կաթոլիկ դաւանանքը ընդունեցին: Իւրաքանչիւր գիւղ ունէր ընտրովի գիւղական աւագ եւ ընդհանուր ժողով: Ժողովի հաւաքատեղին` Ժողովայտը կը գտնուէր Ճիճապաղ գիւղին մէջ: Տնտեսութեան գլխաւոր ճիւղերն էին երկրագործութիւնը եւ մանաւանդ հացահատիկի մշակութիւնը, անասնապահութիւնը եւ արհեստները:

Իբրեւ կաթողիկէ բնակչութեամբ գաւառ, Խոտորջուր արժանացած էր Փոքր Հռոմ կոչումին: Մխիթարեան հայրեր հոգեւոր եւ կրթական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեցին հոն, եւ բոլոր գիւղերն ալ դպրոցներ ունէին. աշակերտներէն ոմանք ալ Վենետիկ եւ Վիեննա կ՛երթային իրենց ուսումը շարունակելու:

Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով խոտորջուրցի երիտասարդներ պանդխտութեան կ՛երթային դէպի Կարին, Տրապիզոն, Կովկաս, Խրիմ եւ ռուսական տարբեր քաղաքներ, ուր ընդհանրապէս փուռերու մէջ կ՛աշխատէին իբրեւ հացթուխներ:

Խոտորջուրի մօտաւորապէս չորս հազար բնակչութեան մեծամասնութիւնը զոհ գնաց Մեծ Եղեռնին: Ռուսական բանակը 1916-ի փետրուարին գրաւեց շրջանը եւ պանդուխտ 1500 երիտասարդ խոտորջուրցիներ վերադարձան հայրենիք: Ռուսական բանակի նահանջէն ետք, 1918 յունուարէն մինչեւ մայիս խոտորջուրցիք դիմադրեցին թրքական հրոսակներուն եւ յետոյ բռնեցին նահանջի ճամբան: Վերապրող խոտորջուրցիներ բնակութիւն հաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան, Վրաստանի, Աբխազիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

ԹՈՐԹՈՒՄ

Թորթումի ջրվէժը

Ճորոխի հարկատու Թորթումի արագահոս գետի ափերուն տարածուող Թորթումի ընդարձակ հովիտը հիւսիսէն հարաւ 50 քիլոմեթր լայնութիւն ունի եւ շրջապատուած է լեռներով: Հովիտը ունի կանաչազարդ դաշտեր եւ խոր ձորեր. ամէնուրեք` ակեր, առուակներ, աղբիւրներ եւ կարկաչահոս գետակներ: Կլիման մեղմ է եւ նպաստաւոր պտղաբուծութեան համար. կը մշակեն ծիրան, բալ, սալոր, կեռաս, հուն, թութ, սին, դեղձ, խաղող եւ ընկոյզ:

Երկու կողմէն ձիւնապատ կատարներով լեռներով շրջապատուած, խոր ձորերու մէջէն հոսող գետը Իս գիւղին մօտ, հազար մեթր բարձրութեան վրայ, 12 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ մէկ քիլոմեթր լայնութեամբ, ութ քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ եւ հարիւր մեթր խորութեամբ կապուտակ լճակ մը կը կազմէ:

Լճակին մէջէն անցնելով, քիչ մը հեռուն գետը ջրվէժ մը կը կազմէ, որ 40 մեթր բարձրութեամբ ժայռերէն ահեղ գոռումով գահավիժելով կը թափի եւ ջուրի հոսանքներուն որոտը, ջուրի ցայտքերէն գոյացած անձրեւի մաղուիլը եւ արեւու ճառագայթներու մէջէն ծիածանի գոյներու տեւական փողփողումը հրապուրիչ տեսարան մը կը պարզեն:

Թորթումի բերդը, ցից բարձունքի մը սեպաձեւ ժայռերու կատարին, անառիկ դիրք ունի. թէեւ փոքր, բայց իր անառիկութեամբ գերազանց նշանակութիւն ունեցած է:

Թորթումի բնակչութեան մեծ մասը ԺԸ.- ԺԹ. դարերուն իսլամացուեցաւ, եւ շրջանի 73 գիւղերէն տասնմէկը` Ապոնէս, Գորքեր, Խախու, Խոզբրիկ, Կոչանս, Նորշէն, Շիփէք, Ռաբատ, Վախթիկանս, Քարնկոս եւ Քցխա մնացած էին զուտ հայաբնակ: Անոնք տեղահանուեցան եւ կոտորուեցան 1915-ին: Թորթումի ներկայ իսլամ բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամացած հայեր են:

ՕԼԹԻ

Օլթի կամ պատմական Ուխտեաց քաղաքը կը գտնուի Ճորոխի վտակ Օլթիի ափին եւ կանաչազարդ լեռներով ու բլուրներով շրջապատուած է: Կլիման մեղմ է եւ խոնաւ: Մամիկոնեաններու եւ հետագային Բագրատունիներու տիրոյթ, Օլթի Ժ. դարուն Տայքի կիւրաղապատութեան կեդրոնը դարձաւ: Դարեր շարունակ թրքական տիրապետութեան տակ մնալէ ետք, Օլթի 1877 – 1878-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ մտաւ:

Օլթիի բերդը կը գտնուի քաղաքին արեւմտեան կողմը, գետափին, դժուարամատչելի լերան բարձունքին, կառուցուած է Բագրատունիներուն օրով եւ այժմ անոր աւերակները միայն մնացած են: Բերդին մէջ կը գտնուէր Տիրամօր եկեղեցին: Քաղաքին մէջ կային Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները: Նշանաւոր է Օլթիի կամուրջը:

Աւելի քան հազար տուն բնակչութեամբ, Օլթի մեծամասնութեամբ հայաբնակ քաղաք էր. հայութեան մէկ մասը բնիկներ էին, իսկ մնացեալները 1878-ին տարբեր գաւառներէ հոն հաստատուած վերաբնակիչներ էին: 1918-ին օսմանեան զօրքերը գրաւեցին Օլթին եւ տեղահանեցին ու կոտորեցին անոր հայ բնակչութիւնը, իսկ վերապրողները անցան Արեւելեան Հայաստան:

ՋԱՒԱԽՔ

Ջաւախք, պատմական Գուգարաց աշխարհին հիւսիսը, կ՛ընդգրկէ հրաբխային լայնատարած սարահարթեր, լեռներ, ձորեր եւ լեռնային լիճեր: Գուգարաց բդեշխութեան մաս կազմող Ջաւախք Դ. դարուն միացուեցաւ Վրաստանի: Ժ. – ԺԱ. դարերուն Վերին Ջաւախքի հարաւային մասը Բագրատունեաց թագաւորութեան կազմին մէջ մտաւ:

Վրաց Բագրատունիներու թագաւորութեան կազմէն ներս նշանաւոր դարձաւ Թմբկաբերդը, որ Զաքարեաններու Մխարգրձելի – Թմոգվելի ճիւղին կեդրոնը եղաւ: Թուրք-թաթարական իրերայաջորդ արշաւանքներու պայմաններուն տակ Ջաւախքի հայութեան մեծ մասը Քարթլիի կողմերը գաղթած էր: Ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմէն ետք Կարնոյ եւ շրջակայքի գաղթականները վերաբնակեցուցին շրջանը:

Ախալցխա

Ախալցխա (վրացերէն` նոր բերդ) կը գտնուի անտառախիտ հովիտի մը մէջ: 1829-1830-ին կարնեցի 2536 ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին Փոցխով գետի աջ ափին եւ շէնցուցին բնակավայրը, ուր կային բնիկ 411 ընտանիք հայ եւ 44 վրացի, 117 հրեայ եւ 24 թուրք ընտանիքներ: Կարնեցիք արհեստներու կեդրոնի վերածեցին քաղաքը: Իր նեղ փողոցներով, հին եւ շքեղ մուտքերով բնակարաններով Ախալցխա պահած է իր աւանդական դիմագիծը, ուր կողք-կողքի կը բնակին հայեր, վրացիներ, ռուսեր, թուրքեր, հրեաներ եւ յոյներ: Կլիման բարեխառն է եւ քաղաքին շրջակայքին մէջ տարածուած են հարուստ մրգաստաններ:

Շրջանի 47 գիւղերէն տասնհինգը հայաբնակ են. Աբաթխեւ, Խակ, Ծինուբան, Ծիրա, Ծղալթբիլա, Ծուղրութ, Ղուլալիս, Մեծ Պամաճ, Նիոխրեբ, Ճաճարակ, Ջուլղա, Սազէլ, Սուխլիս, Փոքր Պամաճ եւ Օրալ:

Ախալցխայէն հարաւ կ՛երկարի Էրուշէթի բարձրաւանդակը, իսկ դէպի արեւելք մեծամասնութեամբ վրացաբնակ Ասպինձան է: Ասպինձայի շրջանին մէջ, Կուրի ձախ ափին կը գտնուի Թմբկաբերդը, որուն աւերակները միայն մնացած են: Բարձրաբերձ եւ դալարագեղ լեռներով Ասպինձայի արեւելեան շրջանին մէջ կայ միայն մէկ հայաբնակ գիւղ` Դամալա:

Ասպինձայէն արեւելք Ախալքալաք (վրացերէն` նոր քաղաք) կը գտնուի Կուրի վտակ Փարւանա գետի ձախ ափին: Կարնեցի գաղթականներ 1831-ին նախկին աւերակ բնակավայրին վրայ կառուցեցին ժամանակակից Ախալքալաքը եւ զայն արհեստներու կարեւոր կեդրոնի վերածեցին:

Ախալքալաք

Ախալքալաքի շրջանը անտառազուրկ սարաւանդ մըն է, որ հիւսիսային կողմէն կը հասնի մինչեւ Թրիալէթի լեռները, արեւելեան կողմէն` Սամսարի եւ Ջաւախէթի լեռները, արեւմուտքէն` Կուրի հովիտը եւ հարաւէն` Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանը: Աբուլ լեռը 3301 մեթր բարձրութիւն ունի: Ձմեռը երկարատեւ է եւ խստաշունչ, ամառը` կարճատեւ եւ զով:

Շրջանի հայաբնակ 50 գիւղերու բնակիչները մեծամասնութեամբ կարնեցիներու, արտահանցիներու եւ խնուսցիներու շառաւիղներ են:

Ախալքալաքի սարաւանդին արեւելեան կողմը Նինոծմինդան է, Ագրի գետակի ափին: Հին անունով` Բոգդանովկա, հիմնուած է 1840-ին, ռուս գաղթականներու կողմէ, եւ հայ, վրացի եւ ռուս խառն բնակչութիւն ունի: Հայաբնակ գլխաւոր գիւղերն են` Սադխա, Սաղամօ, Գանձա եւ Փոկա: Փարւանա, Սաղամօ եւ Խանչալի կապուտակ լիճերը, բնութեան գեղեցիկ ծոցին, աննման տեսարան կը պարզեն եւ հարուստ են ձուկերով` կարմրախայտ, խրամուլ եւ ծածան: Թափարւան գետը կը բխի Փարւանա լիճէն եւ կը թափի Սաղամօ լիճին մէջ:

Նինոծմինդայի հիւսիս-արեւելքը Ծալկայի շրջանն է, որուն 44 գիւղերէն 13-ը հայաբնակ են, որոնց բնակիչները կարնեցիներու սերունդներ են:

ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՀՄԸ

Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը Գանձայի մէջ

Ջաւախքի մեծագոյն եւ զուտ հայաբնակ գիւղերէն է Գանձա, Վահան Տէրեանի ծննդավայրը, չքնաղ բնութեան ծոցին, ծաղկազարդ դաշտերու մէջ, Թափարւան գետի ափին:

Տէր Ղազար կարնեցի թափառական քարոզիչ էր, որ հայրենակից գաղթականներու հետ 1830-ին բնակութիւն հաստատեց նորակառոյց Գանձա գիւղին մէջ: Զաւակը` Գրիգոր, հօր մահէն ետք, տակաւին պատանի, ժամանակ մը ձկնորսութեամբ իր ապրուստը ապահովելէն ետք զոյգ մը եզներ եւ գութան մը ձեռք ձգելով սկսաւ հողագործութեամբ զբաղիլ եւ յետոյ գիւղին քահանան եղաւ: Ան իր սեփական միջոցներով, ճակտի քրտինքով ու բազուկի ուժով կառուցեց գիւղին Սուրբ Կարապետ եկեղեցին եւ ծանր աշխատանքի բերան տակ` կուրցաւ: Սրբակենցաղ քահանան եւ երէցկինը` Նախշուն թաղուած են եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Տէր Գրիգոր հինգ զաւակ ունէր` Թորոս, Փիլոս, Սուքիաս, Գաբրիէլ եւ Յովհաննէս: Անոնցմէ Սուքիաս, ծնած` 1840-ին, ամէնէն աչքաբացը նկատելով, հայրը զայն պատրաստեց իբրեւ զինք փոխարինող: Սուքիաս ամուսնացաւ Չանդուրա գիւղէն Իւղաբերի հետ եւ երեսուն տարեկանին Գանձայի քահանան եղաւ: Ընտանեկան ժառանգութենէն իրեն բաժին ինկաւ հին ջաղացքը: Բազմանդամ տոհմը հինգ եղբայրներուն անուններով հինգ ճիւղերու բաժնուեցաւ:

Տէր Սուքիաս յամառ ինքնաշխատութեամբ շատ լայն ընդհանուր զարգացում ձեռք ձգեց եւ բառարաններու օգնութեամբ սորվեցաւ ռուսերէն լեզուն: Ունեցաւ տասներկու զաւակ, որոնցմէ չորսը մահացան մանկութեան: Աւագ որդին` Ղազարոս Տէր Գրիգորեան դարձաւ գիւղագիր, երկրորդ որդին` Արամ Տէր Գրիգորեան իրաւաբան եղաւ, երրորդը` Ներսէս, Ներսիսեան վարժարանը աւարտելէն ետք գիւղ վերադարձաւ եւ հոն ալ մնաց, իսկ Վահան Տէր Գրիգորեան, Վահան Տէրեան գրչանունով (1885-1920), անուանի բանաստեղծ եղաւ: Աշխէն եւ Թագուհի քոյրերը ամուսնացան գիւղին մէջ, իսկ Նախշուն քոյրը ամենայն հոգատարութեամբ եւ սիրով մանկութեան օրերուն խնամած էր փոքր եղբայրը` Վահանը:

Տէր Գրիգորեաններու պապենական տունը կը գտնուի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ կողքին, նոյն շրջափակին մէջ, որ Տէրեանի տուն-թանգարանի վերածուած է: Բակին մէջ կը գտնուի բանաստեղծի կիսանդրին:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES