ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ
ԾՆՆԴԵԱՆ 70 ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿՆԵՐԸ

Ժիրայր Դանիէլեան

Վերջերս Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մեծ թիւով մտաւորականներ հրաւիրուած էին Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոն, որպէսզի միասնաբար տօնեն եւ նշեն լիբանանահայ անուանի մտաւորական, բանասէր, մատենագէտ, հայ մամուլի պատմութեան մասնագէտ, կրթական գործիչ Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակները:

Ազգանուէր հայորդիին, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Յովակիմեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարաններու երկարամեայ տնօրէնին, լրագրողին եւ խմբագիրին, քանի մը տասնեակ գիրքերու խմբագիրին, հասարակական գործիչին` Ժիրայր Դանիէլեանի յանձնուած է Թէքէեան միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» ոսկիէ մետալը` ձեռամբ Թէքէեան միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի: Նախագահը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Ժիրայր Դանիէլեանի տարիներու անձնուրաց նուիրումն ու գործունէութիւնը:

«Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, յոբելեարը շնորհաւորելէ ետք, նշած է անոր բազմաբնոյթ գործունէութիւնը եւ կարդացած է սփիւռքեան եւ հայաստանեան տարբեր կառոյցներէ եւ անձնաւորութիւններէ յղուած շնորհաւորանքները, որոնց մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը:

«Ամէն բանէ առաջ Ժիրայր եղաւ ուսուցիչ բառին վաւերական իմաստով: Ուսուցչութիւնը իրեն համար դարձաւ ամէնօրեայ ապրում, մնայուն տագնապ, ամբողջական նուիրում: Կոչումի խոր գիտակցութեամբ ան աշակերտներ դաստիարակեց ու կազմաւորեց հայու անմեռ ոգիով, հոգեմտաւոր արժէքներով ու ազգային վառ երազներով:

«Ժիրայր Դանիէլեան եղաւ բանասէր: Ուսուցչութեան կողքին ան շարունակ կարդաց ու պրպտեց, վերլուծեց ու ուսումնասիրեց, հայագիտութեան մարզին մէջ փորձեց փոշիներու մէջ թաղուած հարցեր արծարծել, լուսարձակէ հեռու մնացած խնդիրներ քննել, քաջութիւնը ունեցաւ նաեւ անկոխ ու լպրծուն գետիններու մօտենալ», գրուած էր կոնդակին մէջ: Իսկ լիբանանահայ գրողներու համախմբումի կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական նամակին մէջ նշուած է. «Իր կոչումին գիտակից, հայ դպրոցի նուիրեալ կրթական մշակ, յարգելի եւ բծախնդիր բանասէր, բարեխիղճ խմբագիր, անաչառ եւ պարկեշտ հրապարակագիր եւ եռանդուն ու համեստ մշակութային գործիչ է»:

Օրուան բանախօս Երուանդ Տէր Խաչատրեան անդրադարձած է Ժիրայր Դանիէլեանի գրական, հասարակական եւ մանկավարժական գործունէութեան` նշելով, որ ան դարձած է ուղենիշ սերունդներուն համար: Յոբելենական ձեռնարկին ընթացքին Ժիրայր Դանիէլեանի յանձնուած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ոսկի մետալ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» անուան բարձրագոյն շքանշան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան «Հաւատարիմ մասնագիտութեան» առաջին ոսկիէ մետալ, ինչպէս նաեւ` պատուոյ գիրեր եւ նուէրներ: Այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանած են` Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆեսէօր Երուանդ Ղազանչեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, յոբելեարին մօրաքոյրը` Գոհար Խաչատուրեան եւ ուրիշներ:

Ժիրայր Դանիէլեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ յայտնած է. «Յուզուած եմ: Ոչ մէկը ինձմէ աւելի չի ճանչնար զիս. սակայն այսօր այստեղ իմ հասցէիս հնչած խօսքերը լսելէ ետք «ես ինքզինքս ճանչցայ»: Հպարտ եմ կրկնակի, որ մօրաքոյրս` Գոհար Խաչատուրեանը հպարտ է ինձմով»:

Ժ. Դանիէլեան շեշտած է, որ` «ինք մեծցած է սփիւռքի մէջ եւ դաստիարակուած է հայրենասիրութեամբ եւ այս բոլորին համար կը պարտի իր ուսուցիչներուն»:

Յոբելենական ձեռնարկին ելոյթ ունեցած է հանրային ձայնասփիւռի սիմֆօ-ճազ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Երուանդ Երզնկեան:

Ժ. Դանիէլեանի մեծարման ձեռնարկը աւարտած է իր իսկ` «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագիրով նոր գիրքին շնորհահանդէսով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ
ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այցելած է Երեւանի պետական համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է համալսարանի դասախօսական կազմին եւ տարբեր բաժանմունքներու ուսանողներուն հետ:

Նշենք, որ այս հանդիպումը նախաձեռնած էր Երեւանի պետական համալսարանի Ուսանողական խորհուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակին առիթով:

Նախարարը ըսած է. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, վստահաբար ձեզի յաճախ կ՛ըսուի, որ դուք էք երկրին ապագան, եւ ասիկա ճշմարտութիւն է, եւ ասոր լաւագոյն փաստը այն է, որ այս համալսարանի շրջանաւարտներն են, որ կը դառնան արտաքին գործոց նախարարութեան նորաստեղծ դիւանագիտական դպրոցի առաջին ունկնդիրներն ու շրջանաւարտները: Անոնց մէկ մասը արդէն իսկ անցած է դիւանագիտական ծառայութեան: Այդ երիտասարդները դեռ երէկ նստած էին ձեր ուսանողական նստարաններուն վրայ, իսկ այսօր արդէն իսկ կ՛աշխատին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ եւ վաղը պիտի կերտեն մեր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը»:

Է. Նալբանդեան շեշտած է, որ` «ինծի համար կարեւոր են արդէն իսկ աւանդական դարձած ուսանողութեան հետ այսպիսի ձեւաչափերով շփումները, որովհետեւ այս հանդիպումներու ընթացքին է, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռուի ո՛չ միայն ներկայացնել Հայաստանի կողմէ իրականացուող արտաքին քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ` ծանօթանալ ձեր տեսակէտներուն»:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հանգամանօրէն ներկայացուցած է արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, յարաբերութիւնները` տարբեր երկիրներու հետ եւ անոնց ընդլայնման համար առնուած քայլերը, ինչպէս նաեւ` միջազգային բեմին վրայ ընթացող գործընթացերուն վերաբերող Հայաստանի դիրքորոշումները եւ, վերջապէս, արտերկրի մէջ Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներուն շահերուն պաշտպանութեան համար իրականացուող աշխատանքները:

Նախարար Է. Նալբանդեան մանրամասնօրէն անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հարցին կարգաւորման գործընթացին:

Նշենք, որ հանդիպման աւարտին նախարարը պատասխանած է ուսանողներուն բազմաթիւ հարցումներուն:

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է
ՊԼԵՔՊԸՐԻ ՊՈԼՏ 9 ՀԱԶԱՐԸ` ԲԱՑԱՌԻԿ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ

Վերջերս «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը տեղեկացուց, որ այսուհետեւ Պլեքպըրի պոլտ 9 հազար ըսմարթֆոնը կարելի է ձեռք բերել աժան գինով:

Այսպէս, 12 ամիս բաժանորդագրուելով Պլեքպըրի ինթըրնեթ սոլիուշընին` կարելի է գնել ըսմարթֆոնը 210 հազարի փոխարէն` 90 հազար դրամով: Իսկ 18 ամսուան բաժանորդագրութեան պարագային ըսմարթֆոնը կ՛արժէ ընդամէնը 50 հազար դրամ:


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ
ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

Մայիս 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սփիւռքի նախարարութեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի միասնական ջանքերով իրականացած շարք մը ծրագիրներ: Կողմերը անդրադարձան նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի եւ Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի միջեւ համագործակցութեան աշխուժացման հնարաւորութիւններուն մասին: Այս նպատակով Նաճարեանի պատուիրակութեան հետ Հայաստան ժամանած են խումբ մը բժիշկներ:

Սփիւռքի նախարարութիւնն ու Կլենտէյլի քաղաքապետարանը աշխուժ կերպով կը համագործակցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու խրախուսմանն ուղղուած ծրագիրներու շուրջ. այս ուղղութեամբ քննարկուեցաւ մասնաւորապէս Հոլիվուտի մէջ ժապաւէններու արտադրութեամբ զբաղող հայազգի բեմադրիչ Գոռ Կիրակոսեանի` հոլիվուտեան աստղերու Հայաստան այցելութեան ծրագիրի իրականացման աջակցելու հնարաւորութիւնները:

Նախարարը Արա Նաճարեանին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հրատարակած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը:

ՎՐԱՍՏԱՆԻ «ՋԷՅՐԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ
ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Հայկական մշակոյթի պահպանման աշխատանքներուն մէջ իր ունեցած ներդրումին համար Վրաստանի «Ջէյրան» պարախումբը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրով:

2002 թուականին Թիֆլիսի մէջ հիմնուած այս ժողովրդական պարի համոյթը ունի 3 – 25 տարեկան շուրջ 45 անդամ: Անիկա հանդէս եկած է բազմաթիւ ելոյթներով, Վրաստանի մէջ թէ դուրս, մասնակցելով շարք մը փառատօներու եւ տիրացած է «Ոսկէ հորթ, ոսկէ արծիւ» փառատօնի ոսկիէ մետալին: 2010 թուականի մայիս 9-ին, Շուշիի ազատագրութեան օրուան առթիւ, «Ջէյրան» պարախումբը հանդէս եկած է Ստեփանակերտի, Շուշիի, Գանձասարի եւ այլ վայրերու մէջ: Այս տարի նոյն առիթով «Հայ արթ փրոտաքշըն» արտադրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, համոյթը ելոյթներ ունեցաւ նախ Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ, ապա` Հայաստանի պարարուեստի ուսումնարանին մէջ:

«Ջէյրան» պարային համոյթի հիմնադիր-ղեկավար Սվետլանա Երիցեանի, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան թատրոնի դերասան եւ երգիչ Հենրիխ Պետրոսեանի եւ «Հայ արթ փրոտաքշըն» արտադրութեան կեդրոնի տնօրէն Արսէն Աւետիսեանի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մշակութային, մարզական եւ երիտասարդութեան ծրագիրներու բաժինի պատասխանատու Գ. Մնացականեան ներկայացուց նախարարութեան մշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրները եւ քննարկուեցան Վրաստանի հայ համայնքի մշակութային հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցեր:

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ» ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
ՅՈՒՆԻՍ 19-ԻՆ

Նպատակ ունենալով աշխարհասփիւռ հայորդիները ծանօթացնել հայրենիքին, անոնց մէջ սերմանել ազգային արժէքներ, զարգացնել ազգային գիտակցութիւն` «Արի տուն» ծրագիրը այս տարի եւս կը շարունակէ սփիւռքի տարբեր շրջաններէն 800 երիտասարդներ Հայաստան ուղղելու ծրագիրը: Յունիս 19-էն սեպտեմբեր 25 երկարող ժամանակաշրջանին 10 փուլերով 13 – 20 տարեկան սփիւռքահայեր Հայաստան պիտի մնան շուրջ երկու շաբաթ` մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրի բանակումին:

Մայիս 3-ին սկիզբ առած են ծրագիրին նախապատրաստական աշխատանքները: Այս հանդիպումին ներկայ էին սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, Համահայկական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Ղամբարեան, դպրոցի տնօրէններ, ծնողական եւ աշակերտական կոմիտէներու նախագահներ:

Բանակումի ընթացքին պիտի կատարուին ուսուցողական ծրագիրներ` հայոց լեզու, գրականութիւն, հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ պիտի կազմակերպուին երգի, պարի ու գեղարուեստի խմբակներ: Անոնք հանդիպում պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու հետ:

«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» 8-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ
ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Յուլիս 10 – 17 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի 8-րդ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին 57 երկիրներէ 600 ժապաւէններ: Անոնք պիտի ցուցադրուին ՆՓԱԿ-ի, «Նարեկացի» արուեստի միութեան, Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Տիկնիկային թատրոնի դահլիճներուն մէջ:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս շարժապատկերի փառատօնի շրջանակներուն մէջ պիտի իրականացուին յոբելենական ծրագիրներ, պիտի ցուցադրուին անկախութեան տարիներուն նկարահանուած հայկական վաւերագրական ժապաւէններ` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ հայերու մասին շարժապատկերի օտար գործիչներու կողմէ նկարահանուած ժապաւէններ: Յատուկ անդրադարձ պիտի կատարուի շարժապատկերի հայ ակնառու գործիչներու` Ռոման Բալայեանի 70-ամեայ, Էդմոնդ Քէօսայեանի 75-ամեայ եւ Տմիթրի Կեսայեանցի 80-ամեայ յոբելեաններուն:

Այս տարի «Ոսկէ ծիրան»ը պիտի ներկայացնէ նոր արտամրցութային ծրագիր` «Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու շարժապատկերը» խորագիրով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան ստեղծման 20-ամեակին:

Նշենք, որ «Ոսկէ ծիրան» 8-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը պիտի կայանայ` աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, իսկ հովանաւորութեամբ` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան: Ռալֆ Եիրիկեան` «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէնը, յայտնած է, որ ինք` «մեծապէս կը վստահի «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի գաղափարներուն եւ հետեւողական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ անոր միջազգային բարձր վարկանիշի հաստատման համար»:

ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ` «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՓԼՈՒԶՈՒՄԷՆ 20 ՏԱՐԻ ԵՏՔ»

Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ 3 – 4 յունիսին անգլերէնով «Ռաշա թուտէյ» պատկերասփիւռի ալիքէն սկսած է սփռուիլ «Հայաստանը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 20 տարի ետք» վաւերագրական ժապաւէնը, որ մասնաւորաբար պիտի ներկայացնէ Հայաստանի նորագոյն պատմութիւնը:

Ժապաւէնը պիտի սկսի ներկայացնելով 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին դէպքերը, ապա` ղարաբաղեան հակամարտութեան դրդապատճառներն ու բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանը: Վաւերագրական ժապաւէնը պիտի պատմէ նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն եւ հետեւանքներուն մասին: Վերոնշեալներէն բացի, ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի ձեռքբերումները` քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ծիրին մէջ:

ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ` ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱՅԻ
300-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

2012 թուականը կը զուգադիպի Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին. այս առիթով «Սայաթ Նովա» մշակութային միութիւնը կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու մեծանուն աշուղին յոբելեանը: «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան նախագահ եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեան նշեց, որ Սայաթ Նովան երեք ժողովուրդներուն` հայերուն, վրացիներուն եւ ազրպէյճանցիներուն համար բարեկամութեան երգիչ եղած է: 2012-ին մշակութային միութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին հետ կը պատրաստէ Սայաթ Նովային նուիրուած միջազգային փառատօն ու գիտաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր երկիրներու հայագէտներ ու աշուղագէտներ: Յոբելեանի հանդիսաւոր նշումին համար մշակութային միութիւնը կ՛ակնկալէ մշակոյթի նախարարութեան ֆինանսական աջակցութիւնը: Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին առիթով «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի համոյթը պիտի ներկայացնէ հանրութեան անծանօթ` Սայաթ Նովային երգերէն մէկը. Թովմաս Պօղոսեան այդ երգը ձայնագրեր է 1986-ին, Գիւմրի:

«Թէեւ Սայաթ Նովային արուեստը իր խօսքի իմաստով սկսած է դժուարամատչելի դառնալ, բայց եւ այնպէս անոր արուեստին գրաւչութիւնը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Սայաթ Նովան կը սիրեն թէ՛ տարեցները եւ թէ՛ երիտասարդները», ըսաւ Պօղոսեան` աւելցնելով, որ մեծանուն երգիչին արուեստը ոգեշնչած է նաեւ օտարները:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES