Հարսանեկան Նուէր

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

1950-ական թուականներուն Պոսթընի ՀՕՄ- ի կողմէ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարան ղրկուած էր հայ օրիորդ մը, որ հայերէն սորվի եւ վերադառնալով Պոսթըն` հայերէն դասաւանդէ տեղացի հայերուն, տրուած ըլլալով, որ այդ ժամանակ հայկական վարժարաններ գոյութիւն չունէին Ամերիկայի մէջ: Այս անձին անունը չեմ ուզեր յայտարարել իր չափէն աւելի համեստ նկարագրին պատճառով: Ան մօտաւորապէս երկու տարի մնացած է Ճեմարան, եւ այդ միջոցին, կրնամ ըսել, տիրապետած է հայ լեզուին` խօսելով, գրելով եւ կարդալով: Այդ շրջանին ծանօթացած է մեծ եղբօրս` Անդրանիկին եւ լաւ բարեկամներ դարձած են: Հակառակ որ տարիքով տակաւին փոքր էի, սակայն շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէս օր մը «Ազատամարտ» ակումբին մէջ տօնախմբութեան մը մեծ ապրումով արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդւոյն» բանաստեղծութիւնը, եւ երբ արտասանեց վերջին տողը, «Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս», ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի ցատկեց եւ ծափահարութիւններով լեցուց սրահը:

Երբ Պոսթըն վերադառնալու օրը կը հասնի, եղբայրս քանի մը հատ ՀՅԴ զինանշան կը նուիրէ սոյն օրիորդին եւ կ՛ըսէ, «Ասոնք տուր անոնց, որոնք կը կարծես որ լաւ հայեր են»:

Տարիները անցան, եղբայրս մահացաւ երիտասարդ տարիքին: Մենք հաստատուեցանք Լոս Անճելըս, եւ առիթը ընծայուեցաւ, որ օր մը մեծ յուզումով եւ ուրախութեամբ գտանք սոյն անձը Լոս Անճելըսի մէջ. ինքն ալ, իր կարգին, ուրախացած այս հանդիպումէն, կարելի եղածին չափ օգտակար եղաւ մեզի:

Եղբօրորդիիս` Ռազմիկին հարսանիքին հրաւիրեալներուն մէջ էր: Հարսանիքէն շաբաթ մը ետք, երբ նուէրները կը բանայինք, չափէն աւելի արժէքաւոր նուէր մը աչքերնիս զարկաւ: Այն անձէն էր եւ մաքուր հայերէնով գրուած էր երկտող մը: «Սիրելի Ռազմիկ, տարիներ առաջ քու հայրդ Լիբանանի մէջ ինծի համար եղաւ իսկական եղբայր մը: Երբ պիտի վերադառնայի Միացեալ Նահանգներ, ան ինծի տուաւ քանի մը զինանշան, որ տամ անոնց, որոնք լաւ հայեր են: Մէկը նուիրեցի տղուս` իր ամուսնութեան օրը, իսկ հիմա կ՛ուզեմ հօրդ նուիրած զինանշաններէն մէկը նուիրել քեզի, քանի դուն ալ հօրդ նման իսկական եւ լաւ հայ մըն ես»:

Ռազմիկին ամուսնութեան լաւագոյն նուէրն էր:

Լոս Անճելըս 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )