600 Բառերէն 18-ը Օտար

Օգոստոս է: Փարիզի մէջ ինքնաշարժ վարելը  զբօսանք է: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ ոսկիի հանքեր գտնուէին եւ անոնց եկամուտով մարդիկ աւելի յաճախ արձակուրդի երթային, հաւատացեալներն ալ, առանց խճողումի մէջ խեղդուելու, Տիրոջ կիրակին եկեղեցի երթային: Այդպէս էր այսօր: Համեստներու արուարձանէս ջոջական թաղամասի Մանթաշեւի կառուցած եկեղեցին հասանք անարգել:

Արձակուրդէ զրկուածներ եկած էին Տիրոջ դառնութիւն յայտնելու: Մտածեցի. եթէ աւազակները գործեն, տուրքերը եւ զրկանքը աճին, կը ստեղծուին եկեղեցի գալու եւ Երկնաւորին հետ զրուցելու պահեր, աւելի ճիշդ` բողոքելու: Ցաւեր լսելու կոչուած յղփացած մեծերը ի ծնէ խուլ կ’ըլլան: Այս միտքերով հրեցի եկեղեցիի դուռը: Ծանօթներ չկային: Մակարուհին մոմեր վառեց, ինք գիտէ, թէ ինչո՛ւ: Դպիրները առանց խանդավառութեան կ’երգէին, հոն ալ կը զգացուէր արձակուրդի ցանցնուածութիւնը:

Ինքնամոռաց վիճակիս մէջ կողքիս յայտնուեցաւ Կեդրոնականցին:

Փսփսալով.

– Որքա՜ն հաւատացեալ դարձած ես: Կը ծերանաս, անդենականի՞ն համար:

– Ինչո՞ւ ոչ: Ո՛չ ոսկի ունիմ, ո՛չ աթոռ, փառքի վաշխառու ալ չեմ:

– Լաւ է, լաւ, երբ եկեղեցականները կը գզուըտին, յոյսը կը մնայ հաւատացեալին: Բակ երթանք: Դիմացի մայթի սրճարանի մարդիկ ալ ծովափ գացած են… մերկերուն հետ աղօթելու:

Ծուռ Արմենակին  հետեւեցայ: Խիթ մը ունենալու էր:

Հաւատացեալները սուրճով պատուող քանի մը տիկիններ կային: Պատուհանի մը տակ գտնուող նստարանի նմանող տեղ մը գտանք:

Այնքա՜ն կրկնուած խօսելիքներ կային, թերթերը եւ համացանցը զանոնք սպառած էին: Յօդուածներ, հաղորդագրութիւններ: Խորհեցայ, որ Արմենակ համրացած պիտի ըլլար: Բայց…

– Սիրելիս, կաթողիկոսով, պատրիարքով, առաջնորդով, տէրտէրի նմանող բաներով կը շատախօսենք, երբ «մեսրոպատառ հայոց լեզուն», ինչպէս կ’ըսեն բանաստեղծները, բեմ զուարճացնողները ամէն օր կը մորթեն ինքնութեան զոհասեղանին վրայ, Երեւանի «ԴՐԱՄ» արձանին առջեւ:

Նոր բան ըլլալու էր: Լռութիւնս հրաւէր էր:

– Տէրտէրական իրարանցումին մասին կը գրեն: Երեւելիապաշտութենէն լաւ է: Բայց ի՞նչ կը պաշտպանեն Մեսրոպը ամէն օր մեռցնելով: Սկանդալները, կադրայինը, ֆինանսատնտեսականը, ֆինանսականը, դիսկուրսը, բիզնեսը, օլիգարխիկը, քուոտան, սխեման, էլիտան, ռեֆորմացիան, ինտելեկտուալը, շանսը վարակած են առաքելական եկեղեցիի մասին խօսողի եւ գրողի լեզուն: Մեր զոյգ ժառանգութիւնները, լեզուն եւ եկեղեցին, մեր հաւաքական նահանջի թատերաբեմն են: Սփիւռքէն համբակ մը օր մը ըսաւ, որ այսպէս եթէ խօսինք, մարդ կը խրտչեցնենք: Կարծէք` խրտչիլ աւելի վատ ըլլար:

Լռեց: Աղօթքը աւարտած էր: Մարդիկ եկան սուրճի: Արմենակ յարեց.

– Ականջ տուր: Մարդիկ արձակուրդի մասին  չեն խօսիր: Իրենց լսած սկանդալային լուրերը կը կրկնեն եւ անզօրութեամբ կ՛ըսեն, թէ ելքը չեն տեսներ:

– Երբ տասնամեակներ եկեղեցին դարձաւ կղերապետական, ծխականը հեռացաւ, հաճոյակատար ջոջեր բուսան, ինչո՞ւ զարմանալ, որ ընդվզող եւ բողոքող չկան: Մնացինք ես եւ դուն, թոշակառուներ, ոչ լսող ունինք, ո՛չ ալ նկատի առնող:

Արմենակ պահ մը լռեց, ապա`

– Ուրեմն` հարա-քիրի…

Մեր քովէն անցնող տիկինը լսեց եւ հարցուց.

– Արձակուրդի Ճափո՞ն գացեր էիք:

Մակար,
ի Գաղիա, Աստուածածնայ տօնը
նախորդող կիրակին, 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )