Յետ Մահու Սրտի Խօսք (Վարդգէս Էսքիպաշեանի Յիշատակին)

Մ. Շ.

Արդէն քառասուն օրեր անցան մեզմէ յաւէտ բաժանումէդ, սիրելի՛ Վարդգէս:

Մահուանդ բօթը առի, երբ Հայաստան էի, համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն առիթով: Գիտէի, որ յամառօրէն կը պայքարէիր անողոք հիւանդութեան դէմ, ըստ քու բնածին սովորութեանդ: Բայց զուգադիպութիւնը այնպէս մը բերաւ, որ քու սիրած միութեանդ յաջող ձեռնարկներէն մէկուն ընթացքին պիտի յանձնուէիր ու անվերադարձ մեկնէիր այս աշխարհէն:

Գիտեմ, որքա՛ն հարցումներ պիտի ուղղէիր ինծի եւ ՀՄԸՄ-ական մնացեալ եղբայրներուդ` խաղերուն մասին, նաեւ` անսպասելի որքա`ն մանրամասնութիւններ պիտի հարցնէիր, պիտի ուրախանայիր աթլեթիզմի արդիւնքներով, կամ ալ, ըստ սովորութեանդ, պիտի ջղայնանայիր եւ ակռաներդ իրարու կճռտելով` «այսպէս չըլլա՛ր» մը պիտի ըսէիր:

Սիրելի՛ Վարդգէս, այս աշխարհէն հեռացար լաւ յիշատակներ ձգելով քու պատրաստած պատանի եւ երիտասարդ սերունդիդ վրայ ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական մարզական սերունդին վրայ յատկապէս` որպէս բծախնդիր մարզիչ, որպէս հոգատար եղբայր եւ դաստիարակ մարդ: Հաւատաւոր միութենական էիր, կը տագնապէիր ազգը եւ միութիւնը յուզող հարցերով: Կ՛ընդառաջէիր մեծամասնութեան կարծիքին, բայց նաեւ հաստատ կը մնայիր քու տեսակէտներուդ վրայ:

Վկա՛յ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերու գաղափարը, հիմնադրութիւնը եւ կազմակերպումը:

Վկա՛յ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի խումբը:

Վկա՛յ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 1970-ական տարիներու ֆութպոլի խումբը, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը դարձան ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի անդամներ:

Անողոք հիւանդութիւնը վաղաժամ հեռացուց քեզ քու սիրած միութենէդ, բայց մնացիր տագնապող եւ հաւատարիմ քու սիրած միութեանդ` ՀՄԸՄ-ին:

Նախանձելի էիր, Վարդգէ՛ս:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES