Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեանի Անթառամ Յիշատակին

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ԹՐԹՌԵԱՆ

«Ո՜չ, այս յօդուածը բոլորովին աւելորդ է»:

Վստահաբար այսպէս պիտի արտայայտուէիք` տեսնելով այս գրութիւնը, սակայն, հակառակելով ձեր կամքին, որոշեցի գրել` յարգանքս մատուցելու ձեր անթառամ յիշատակին:

Ձեր վախճանումին տխուր լուրը առնելով` երկա՜ր մտածեցի ձեր մասին եւ հասայ այն եզրակացութեան, թէ որքա՜ն բախտաւոր եղած եմ ձեզ ճանչնալով:Յիշեցի մանկութեանս օրերը, երբ անհամբեր կը սպասէինք ձեր տարեկան այցելութեան, աշնան եղանակին, երբ յուշիկ քամիներուն հետ միասին դուք ալ կը ժամանէիք Քեսապ: Որպէս մանուկներ կը սպասէինք ձեր նուէր տալիք փոքրիկ խաչին կամ «խաչիկ»-ին, ինչպէս դուք կ՛ըսէիք:

Այդպիսի այցելութեան մը ընթացքին էր, որ ձեզի յայտնեցի դպրեվանք յաճախելու փափաքիս մասին, եւ դուք անմիջապէս կապուելով հայր Արշաւիրին հետ` կարգադրեցիք, որ մտնեմ դպրեվանք: Կեանքի այդ դարբնոցին մէջ պատիւը ունեցայ ձեզի աշակերտելու: Ընծայարանին մէջ իմաստասիրական նիւթերու, հոգեբանութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան որպէս դասախօս` ինծի նման հարիւրաւոր ուսանողներու սրտերուն մէջ զարգացուցիք գիտութեան հանդէպ յատուկ մարմաջ: Առաջին երկու նիւթերուն դասաւանդութեան համար հետեւեցաք իմաստասիրութեան հօր` Սոկրատի օրինակին. ճեմեցիք դասարանին մէջ եւ պարզ օրինակներ գործածելով` ջամբեցիք գիտութիւն: Ձեր նպատակը եղաւ ձեր աշակերտներուն սորվեցնել քննադատականն մտածողութիւն,  տրամաբանութիւն եւ հայոց լեզուի նկատմամբ բծախնդրութիւն: Եկեղեցւոյ պատմութեան պահերուն չսորվեցանք միայն պատմութիւն, այլ` «Walker»-ի գիրքով դուք մեզի ծանօթացուցիք արեւմտեան ակադեմական մտածողութիւնը եւ քաջալերեցիք, որ մեր գիտութիւնը աստուածաբանական եզրաբանութեան մէջ զարգանայ անգլերէն լեզուով:

Դասարանէն դուրս, դպրեվանքի այգիին մէջ ձեզ ճանչցայ որպէս Աստուծոյ ստեղծագործութեան ազնիւ տնտեսը: Ձեր ունեցած գուրգուրանքը իւրաքանչիւր ծառի եւ մանաւանդ որթատունկերուն նկատմամբ, կարելի չէ իսկ նկարագրել: Պտուղները եւ յատկապէս ողկոյզները աստուածատուր պարգեւներ էին ձեզի համար: Անձամբ կը քաղէիք անոնցմէ լաւագոյնը եւ Աստուածածնայ տօնին առթիւ, մեր հաւատացեալ հայորդիներուն նուիրած խաղողին առընթեր, մեր այգիի բերքին ալ երախայրիքը կ՛ընծայէիք Աստուծոյ օրհնութեան: Բերքահաւաքի ժամանակ աշակերտներս կ՛առաջնորդէիք, որպէսզի խնամքով խաղողը քաղենք,հնձան տանինք եւ քաղցրաբոյր ու քաղցրահամ ռուպ պատրաստենք: Երկա՜ր գիշերներ արթուն կը հսկէիք այդ աշխատանքներուն եւ երբեմն ալ ձեր սրինգին անուշ ձայնով երաժշտական տարբեր ճաշակ մը կու տայիք ձեր օգնականներուն: Պատահական չէ, որ գոնէ մեր ուսանողութեան շրջանին բոլորիս սիրած նախաճաշը ռուպը եւ թահինն էին, որովհետեւ անիկա մեր հաւաքական աշխատանքին արդիւնքն էր:

Այգիի «դասարանէն» յատկապէս կը յիշեմ այն օրը, երբ ձեր ուղղութիւններուն հետեւելով` տնկեցինք ձիթենիի նոր ծառեր: Աշխատանքի աւարտին, այգիէն դուրս գալով, մատրան կողքին կանգնած, խաչակնքեցինք այգիին վրայ եւ հազիւ լսելի ձայնով աղօթք մը մրմնջեցիք եւ ապա ըսիք. «Մենք լաւ գործ ըրինք, հիմա Աստուած պէտք է խնամէ»: Աղօթքի եւ օրհնութեան այդ վայրկեանը աւելի՛ ազդու էր, քան` դասապահներու ընթացքին շա՜տ մը ուսուցիչներուն դասաւանդած նիւթերը, որովհետեւ անիկա Անդաստան մըն էր իր պարզութեամբ եւ «Հացին երգ»-ին չափ խորունկ իր իմաստով:

Վերջապէս, մեծագոյն բախտաւորութիւնս եղած է ձեզի նման հոգեւոր հայր մը ունենալը: Ձեզի հետ կարելի էր խօսիլ ամէ՛ն տեսակ հարցերու մասին, եւ դուք համբերութեամբ կը լսէիք` առանց ընդհատելու կամ արագ դարմաններ առաջարկելու: Ձեր սենեակին դուռը միշտ բաց էր ուսանողներուն, միաբաններուն եւ այցելուներուն դիմաց, որոնց անպայման շաքար մը կը հրամցնէիք: Եթէ աւելի ժամանակ ըլլար, ձեր պատրաստած գինիէն կամ քոնեաքէն ալ քիչ մը կու տայիք` երբեմն որպէս հիւրասիրութիւն եւ երբեմն ալ որպէս դարման հարբուխի եւ այլ պաղառութիւններու: Այս բոլորը կ՛ընէիք, որովհետեւ ձեր սիրտը համակ սէր էր:

Տարբեր տեսակի մարդ էիք, սրբազա՛ն հայր, հեռու` կեղծիքէ եւ «հնազանդութեան եւ տառապանքի սին քարոզներ»է: Ձեր լռութեամբ լռեցուցիք ամէն աղմուկ, որովհետեւ ձեր կեանքը եղաւ «ի խնդիր ոգեղենի», եւ դուք դէպի ոգեղինացում հրաւիրեցիք բոլորին հայեացքները, որոնք օրհնուեցան ձե՛ր ներկայութեամբ իրենց կեանքերուն մէջ:

Արտասուքի ջի՜նջ կայլակներ եւ անուշաբո՜յր պտղունց մը խունկ ձեր անթառամ յիշատակին:

Նիւ Եորք

 

Share this Article
CATEGORIES