Լիբանանը Ապահովական Քաոսի Մատնելու Զգտումով. Զոյգ Պայթումներ Ցնցեցին Հիւսիսային Լիբանանի Մայրաքաղաք Թրիփոլին. Աւելի Քան 40 Զոհ Եւ Հարիւրաւոր Վիրաւորներ
Քանի մը վայրկեաններու տարբերութեամբ, երկու ահաւոր պայթումներ երէկ ցնցեցին հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին` պատճառելով աւելի քան քառասուն զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ:
100 քկ «Սի-ֆոր» պայթուցիկ նիւթով լարուած «Ֆորտ» տիպի ինքնաշարժ մը երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին ցնցեց «Թաքուա» եւ «Սալամ» մզկիթները անջատաբար: Իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մզկիթներու մուտքին պատահած պայթումները պատճառեցին նոյն ցաւը, նոյն վախը, անապահովութեան նոյն մղձաւանջը անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն մօտ` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ: Լիբանանեան պատերազմէն եւ յատկապէս 18 ապրիլ 1996-ին հարաւի մէջ ՄԱԿ-ի Կանայի կեդրոնին դէմ պատահած ահաւոր ցնցումէն ետք, Թրիփոլիի զոյգ պայթումները եկան իրենց մարդկային թէ նիւթական կորուստներով գերակշռելու վերջին շրջանին Լիբանանը հարուածած ապահովական բոլոր ցնցումներուն հետեւանքները:
Ինչպէս միշտ, ահաբեկչական այս դէպքը եւս դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց տեղական թէ շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ: Նմանապէս բազմաթիւ վերլուծումներ եկան մեկնաբանելու դէպքը` իւրաքանչիւր կողմ իր դիտանկիւնէն վերլուծելով անոր դրդապատճառներն ու հեռանկարները: Սակայն բոլոր կեցուածքները, վերլուծումի թէ անմիջական հակազդեցութեամբ կոչ ուղղեցին միջլիբանանեան համերաշխութեան եւ նման դէպքերու կանխարգիլման:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց «ամբողջ հայրենիքը խափանարարութեան թիրախ դարձնող ահաբեկչական սպանդը»: Ան կոչ ուղղեց ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն փութալու` քողազերծելու համար յանցագործները եւ պատժական խստագոյն տնօրինումներու ենթարկելու զանոնք: Նախագահը նաեւ ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն եւ կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն զգաստանալու եւ համերաշխօրէն զօրակցելու` ի խնդիր ազգային համախոհութեան:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս դատապարտեց ահաբեկչական արարքը` հանգստացնելով, որ ինք եւ իր ընտանիքը ապահով վիճակի մէջ են:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդհատեց իր արձակուրդը եւ Յունաստանէն վերադառնալով ձեռնարկեց անհրաժեշտ հաղորդակցութիւններուն` զանազան կողմերուն հետ:
Ապահովական բնոյթի արտակարգ հանդիպումներ տեղի ունեցան Թրիփոլիի թէ Պէյրութի մէջ` քննարկելու համար դէպքին մանրամասնութիւններն ու որդեգրուելիք միջոցառումները:
Նմանապէս, ապահովական բնոյթի ժողով մը եւս պիտի գումարուի այսօր` շաբաթ, Պաապտայի մէջ, նախագահութեամբ նախագահ Սլէյմանի:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ազգային սուգի օր հոչակեց այսօր` շաբաթ, 24 օգոստոսը` պետական հաստատութիւններէն պահանջելով առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00-ի միջեւ ընդհատել աշխատանքը:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց բոլոր հիւանդանոցներուն անխտիր պետութեան հաշուոյն բուժելու բոլոր վիրաւորները:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց զոյգ պայթումները` կոչ ուղղելով փութացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Ան յայտնեց, որ Ռուէյսի եւ Թրիփոլիի պայթումներուն հեղինակները նոյնն են եւ կը միտին քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել Լիբանանի մէջ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաղորդակցութեան մէջ մտաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ հիւսիսային Լիբանանի կարգ մը ղեկավարներու հետ` դատապարտելով Թրիփոլի հասած սադրիչ ձեռքերու ահաբեկչական հարուածը:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն զգուշացուց լիբանանցիները զանազան շրջաններու միջեւ «սպրդող» ականուած ինքնաշարժներէ` կոչ ուղղելով խուսափելու սադրանքի հնոցին մէջ մխրճուելէ: «Տեղեկութիւններ ունինք, թէ ահաբեկչական այս արարքները կը միտին հարուածել Լիբանանի բոլոր շրջանները», աւելցուց Ղոսըն:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դատապարտեց դէպքը` ինքնազսպումի կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն եւ յատկապէս թրիփոլիցիներուն:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի իր կարգին դատապարտեց զոյգ պայթումները` զգաստութեան կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն: «Ո՛չ Ռուէյսի պայթումին հեղինակները սիւննի էին, ո՛չ ալ Թրիփոլիի պայթումներուն հեղինակները շիի են», ընդգծեց Քապպանի:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ազգային համերաշխութեան կառավարութեան կազմութեան` հարց տալով, թէ արդեօք ահաբեկչական այս արարքը կը միտի շրջանային ծանրակշիռ դէպքերէն ուշադրութի՞ւնը վրիպեցնել, թէ՞ ընդլայնել բախումներու շրջագիծը:
Լիբանանի համայնավար կուսակցութիւնը դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ ահաբեկչական այս արարքներէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ իր կարգին դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով ներքին միասնականութեան:
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` անոնց յորդորելով խուսափելու զինեալ հակազդեցութեան դիմելէ:
Նախկին նախարար եւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահհապ յայտնեց, որ զոյգ պայթումները թիրախ ունին ոչ միայն Թրիփոլին, այլ ամբողջ Լիբանանը:
Յայտնենք, որ Թրիփոլիի պատասխանատուները երէկ աւելի ուշ արտակարգ նիստ մը գումարեցին եւ անոնց անունով շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները պիտի հարկադրուին սեփական ապահովութեան միջոցառումներ որդեգրելու:
Փոխադարձաբար, պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ մերժեց նման որոշում մը` կոչ ուղղելով բոլորուելու պետութեան շուրջ եւ օժանդակելու ապահովութեան ու պատկան կառոյցներուն:
Նմանապէս, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ կոչ ուղղեց զգաստանալու` ընդգծելով, որ դէպքը կը միտի սադրանք սերմանել ոչ միայն Թրիփոլիի, այլեւ ամբողջ Լիբանանի մէջ:
Դէպքէն անմիջապէս ետք սաստիկ կրակոցներ լսուեցան Թրիփոլիի զանազան շրջաններուն մէջ: Ուշ գիշերին շշուկներ շրջան ըրին Թրիփոլիի մէջ երրորդ նման պայթումի մը մասին, որ սակայն ճիշդ չէր:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ դատապարտեց դէպքը` մերժելով Լիբանանը երկրորդ Իրաքի վերածելու մասին խօսքերը եւ նշելով, որ ահաբեկչութեան սեւ թաթը հասած է Թրիփոլի:
Նմանապէս հոգեւոր, զինուորական թէ քաղաքական պատասխանատուներ, երեսփոխաններ եւ նախարարներ խստիւ դատապարտեցին դէպքը` կոչ ուղղելով միջլիբանանեան համերաշխութեան:
Արտաքին Մակարդակի Վրայ Եւս
ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններ կոչ ուղղեցին քննութիւն բանալու պայթումներու հեղինակներուն քողազերծման համար: Դատապարտելով պայթումները` ՄԱԿ-ի բանբերը յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ երկրին ապահովութեան եւ խաղաղութեան:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ուղղեց ամերիկահպատակ քաղաքացիներուն` հրաժարելու Լիբանան այցելելէ, ապահովական դէպքերուն պատճառով: Ամերիկեան ազգային Ապահովութեան խորհրդական Սիւզըն Ռայս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն դէպքը եւ թէ Ուաշինկթըն ցաւ կը յայտնէ զոհերուն համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով լիբանանեան կողմերուն պահելու երկրին կայունութիւնը: Օժանդակութեան տրամադրութիւն յայտնելով` թրքական հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ «բան մը կը պատրաստուի` խախտելու Լիբանանի կայունութիւնը»:

