Արցախի Մէջ. Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն` Մարտունիի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 օգոստոսին այցելեց Մարտունիի կեդրոն եւ կատարեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած շրջանին մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման:

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց տարբեր մարզերու ընդգրկումով համապարփակ ծրագիրներու իրականացումը` նշելով, որ այսպիսի ձեւաչափով առաջնորդուիլը աւելի մեծ խթան կը հանդիսանայ ընկերային-տնտեսական յառաջընթացին համար:

Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելեց շրջանային կեդրոնին մէջ կառուցուող շարք մը կառոյցներու շինարարական հրապարակ եւ ծանօթացաւ իրականացուող աշխատանքներուն:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES