Նախիջեւանի Հետ Սահմանին Վրայ. Հայ Զինուոր Մը Սպաննուած Է, Ուրիշ Մը` Վիրաւորուած
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանին, նախնական տուեալներով հակառակորդի կրակէն հայկական բանակի զինուոր մը մահացած է, իսկ ուրիշ մը` վիրաւորուած: Վարչութիւնը աւելցուց, որ միջադէպին վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը պիտի ճշդուի եւ հրապարակուի:
Երէկ աւելի ուշ նոյն վարչութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը միջադէպին վերաբերեալ:
«23 օգոստոսին, ժամը 11:00-11:30ի սահմաններուն մէջ (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մարտական յենակէտերէն մէկուն մէջ հրազէնային մարմնական վնասներով յայտնաբերուած են նոյն զօրամասի ժամկէտային զինուորներ, շարքայիններ Նորայր Պետրոսեան եւ Արթուր Ասոյեան», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: «Վերջիններս տեղափոխուած են Ագարակի բժշկական կեդրոն, ուր Նորայր Պետրոսեան ստացած մարմնական վնասներէն մահացած է: Արթուր Ասոյեանի կեանքին վտանգ չի սպառնար»:
Դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու առնչութեամբ պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան կողմէ կը կատարուին անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ:

