Յովհաննէսեան. «Իշխանափոխութիւնը Իրականութիւն Պիտի Դառնայ Այս Տարի»
Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած հանրահաւաքին ընթացքին կոչ ուղղեց ոչ իշխանական ուժերուն եւ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին համախմբուելու` կերտելու համար այն ուժը, որ արդէն սեպտեմբերին երկրին մէջ փոփոխութիւններ պէտք է իրականացնէ:
«Ամբողջ ազգը` պաշտօնաւոր, հրամանատար, մարզպետ, շարքային քաղաքացի եւ նախ եւ առաջ` ազատամարտիկ, գիտէ, որ իշխանական մեծագոյն կեղծիքի պատճառով բոլորս այսօր կը գտնուինք կախման մէջ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը փաստացի արտակարգ դրութեան մէջ կը գտնուի», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Յովհաննէսեան` աւելցնելով. «Այսպէս շարունակել չենք կրնար, եւ ասիկա վերկուսակցական համազգային գիտակցութիւն է ամէնուր` գիւղին եւ քաղաքին մէջ… Մենք ունինք մէկ եղանակ վերջին այս փակուղային ժողովրդագրական տագնապէն ետդարձ կատարելու համար, մեր ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն պատասխան տալու համար»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան համոզում յայտնեց, որ իշխանափոխութիւնը իրականութիւն պիտի դառնայ այս տարի: