Հրաչ Մուրադեանի 50-ամեակի Նշում` Անոր Սպանութեան Ճշմարտութեան Բացայայտման Պահանջով
Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սպաննուած գիւղապետ, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր հերոս Հրաչ Մուրադեանի ծննդեան 50-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ:
«Հրաչ Մուրադեան-արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պռօշեանի գիւղապետարանի բակին մէջ, ուր համախմբուած էր մեծաթիւ բազմութիւն մը` մարտական եւ կուսակցական ընկերներ, բարեկամներ, հարազատներ, ինչպէս նաեւ գիւղի բնակիչներ: Անոնք երթով ուղղուեցան Պռօշեանի Ազատամարտիկներու պանթէոն, ուր թաղուած է Հրաչ Մուրադեան` իր մարտական ընկերներուն` Պետոյի եւ Կարօտի կողքին: Հրաչ Մուրադեանի գերեզմանին վրայ ծաղիկներ զետեղելէ ետք խօսքեր արտասանեցին Ալպերթ Աճեմեան, Հրաչ Մուրադեանի ընկերներէն, Պռօշեանի բարերար, սփիւռքահայ Միհրան Պարոնեան, գիւղապետի նախկին տեղակալ Իվոնա Սահակեան:
Վշտի եւ յիշատակի խօսքերով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:
«Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան բացայայտման բոլոր երաշխիքները կան: Բոլորս պէտք է միայն մէկ բան ընենք` ամէն ձեւով նպաստենք Պռօշեանի գիւղապետի սպանութեան բացայայտման», յայտարարեց ան:
Ընդգծելով գիւղին եւ անոր բնակիչներուն ուժը` Վարդանեան նշեց, որ պռօշեանցիներուն իւրաքանչիւրին պարտքն է մասնակից դառնալ իրականութեան բացայայտման: «Ներեցէք, բայց պէտք է ըսեմ, որ գիւղին մէջ կան մարդիկ, որոնք աւելի շատ բան գիտեն, քան կ՛ըսեն: Եթէ գիւղապետի սպանութիւնը չբացայայտուի, խարանը գիւղին վրայ պիտի մնայ տարիներով եւ տասնամեակներով»:
Յատկանշական է, որ Հրաչ Մուրադեանի ծննդեան օրը կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան. «Մենք պարտաւոր ենք ուժեղ երկիր ունենալ, մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր անկախութիւնը: Մենք կը քալենք այդ ճամբով, եւ եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ընէ իրմէ կախեալ ամէն բան, մեր պետութիւնը կը դառնայ երազանքի երկիր», աւելցուց Աղուան Վարդանեան:
Խօսքերուն մէջ նշուեցաւ, որ Պռօշեանի մէջ բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կոչուեցան գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի ապահոված բազմաթիւ բարերարներու աջակցութեամբ: Իրենք` բարերարները խոստովանեցան, որ միշտ ալ վստահած են Հրաչի անմնացորդ նուիրումին, եւ այդ պատճառով ալ կարելի եղաւ Պռօշեանի մէջ բազմաթիւ հարցեր լուծել:
«Մեր երկրին կառուցման համար պէտք է ոչինչ խնայենք , պետական մտածելակերպ դրսեւորենք եւ լաւ հայ ըլլալու պատուոյն արժանանանք: Փոքր ազգ ըլլալու հանգամանքը մեզի աւելի պիտի պարտադրէ հայրենասէր, ազգասէր ու միասնական ըլլալ», կը կրկնէր Պռօշեանի գիւղապետը:
Յիշատակի ձեռնարկի աւարտին առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Հայկ Մանուկեանի կողմէ գրուած եւ մեկնաբանուած «Հրաչի յիշատակին» խորագիրով երգը, որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Սամուէլ Աւետիսեան:


