ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ԲԱՆԱԼԻ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼ
Պըն Լատենի շեմին հասցուցած Միացեալ Նահանգներու Հետախուզական կեդրոնական գործակալութեան (Սի. Այ. Էյ. ՀԿԳ) ուղին երկար եւ բարդ էր:
Ի տարբերութիւն Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի որսին, Քայիտայի ղեկավարին մօտիկ գործակիցներէն մէկուն 25 միլիոն տոլարի պարգեւ խոստանալով` զայն դաւաճանելու մղելը միշտ անհաւանական եղած է:
Պըն Լատենի թաքստոցին վայրը գիտցող փոքրաթիւ մարդոց հաւատարմութիւնը իրենց ղեկավարին հանդէպ այնքան խոր եղած է, որ նոյնիսկ իր կիներէն մէկը պատրաստ էր անզէն սլանալու, յարձակելու ծանրօրէն զինեալ ամերիկեան արշաւախումբին վրայ, 2 մայիսի առաւօտեան:
Սատտամ Հիւսէյն բոլոր իր «կրկնօրինակներով», Պաաս կուսակցութեան իր արբանեակներով, շատ լաւ մարզուած թիկնապահներով, փախուստէն միայն 9 ամիս ետք մատնուեցաւ եւ ամերիկացիներուն կողմէ ձերբակալուեցաւ Թիքրիթի մօտ գտնուող իր թաքստոցին մէջ: Կ՛ըսուի, թէ մատնիչը, դաւաճանը այժմ կը վայելէ իր ստացած պարգեւին պտուղները, Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոր ինքնութեամբ:
Ի հակադրութիւն` Պըն Լատեն շեշտուած կերպով բարձրահասակ, անմիջապէս ճանաչելի, թաքնուելիք ոչ մէկ իսկական երկիր ունեցող անձ մը, 11 սեպտեմբերի յարձակումներէն ետք շուրջ 10 տարի փախստական մնաց եւ ատկէ առաջ քանի մը անգամ խուսափեցաւ իր թշնամիներէն:
Բայց ասիկա հեռանկարի վրայ դնելով` Պըն Լատեն միայն մէկն է այն բազմաթիւ անհատներէն, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ կը հետապնդուին հետախուզական գործակալութիւններու եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ:
Անոնց միջեւ կապը (երբեմն իրական, երբեմն չնչին, երբեմն` սխալ) միտք շփոթեցնելու չափ բարդ է: Արհեստագիտութիւնը միակ բանն է, որ կրնայ կապել այս բոլոր կէտերը: Ուրեմն անոնք ինչպէ՞ս կրնան հետեւիլ այդ փախստականներուն եւ ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորեն ատիկա: Ո՞ւր են ուղիներն ու օրինաչափութիւնները, որոնք կրնան հետաքննողներուն ծառայել, որպէսզի յայտնաբերեն եւ կասեցնեն մէկը, նախքան, ըսենք, անոնք ական մը լարեն:
ՁԵՌԱԳԻՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
Նախքան 11 սեպտեմբերի յարձակումները` կէտերը միացնելու աշխատանքին մեծ մասը բառացիօրէն ձեռքով կ՛ըլլար:
ՀԿԳ-ի Լանկլիի կեդրոնատեղիին մէջ կ՛ըսուէր, թէ սենեակի մը մէջ խոշոր պատ մը ծածկուած էր ձեռագիր անուններով, որոնք սլաքներով իրարու կապուած, միացած են: Այդ աշխատանքը շատոնց անցած է թուայնացումի (տիճիթըլ):
Հետախուզական գործակալութիւններու եւ ոստիկան ուժերու օգտագործած համակարգչային ծրագրաշարին մէջ կայ «Ընկերային ցանցի վերլուծումներ» կոչուածը, որ տրամադրած է Քէյմպրիճ գտնուող «Այ. 2» ընկերութիւնը:
«Այ. 2»ի աւագ փոխ նախագահ Չարլզ Ուաթսըն, կ՛ըսէ. «Ասիկա հիմնականին մէջ կապ չունի համացանցային ընկերային կայքէջերու` դիմագիրքի (ֆէյսպուք), կամ թուիթըրի հետ: Փոխարէնը` ատիկա միջոց մըն է գիտականօրէն վերլուծելու բոլոր կապերն ու փոխազդեցութիւնները կասկածեալներու կամ անոնց կազմակերպութիւններուն միջեւ»:
Ուաթսըն կը նշէ օրինակը «Կարմիր արշալոյս» գործողութեան (2003 թուականին Սատտամ Հիւսէյնի որսը):
«Ընկերային ցանցի վերլուծումները քննեցին Սատտամը ճանչցող բոլոր անձերը` իր վարորդը, թիկնապահները, մաքրութեան պատասխանատուն, արտաքին եւ ներքին աշխատանքներով զբաղողները», ըսաւ ան:
Փոքր կապեր գտնելով անոնց միջեւ, կ՛ըսէ Ուաթսըն, Միացեալ Նահանգներու բանակը կրցաւ ճանչնալ եւ ճշդել վարչակարգի բանալի գործիչներն ու անոնց թաքստոցները: Այդ անունները հրապարակուած էին եւ կը տեսնուէին փնտռուող անձերու խաղաքարտերուն վրայ:
«Արհեստագիտութիւնը միակ բանն է, որ բոլոր այս կէտերը կրնայ միացնել, կապել», ըսաւ Ուաթսըն:
Ան կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս թիրախներ կը հետախուզուին` օգտագործելով հեռաձայնային ձայնագրութիւններ, գաղտնի ունկնդրութիւններ, ընդմիջումներ, հսկողութիւն եւ լրատու անձեր, բոլոր հաւաքուած տուեալները կը տեղադրուին համակարգչային ծրագրաշարին մէջ, եւ քանի մը երկվայրկեանէ կապերը տեսանելի կը դառնան:
Պըն Լատէնը որսալու պարագային, Ուաթսըն չըսաւ, թէ «Այ. 2»ի ծրագրաշարը օգտագործուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Սակայն Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը բացայայտած է, որ օգոստոս 2010-ին ՀԿԳ յայտնաբերած է Պըն Լատենի ամէնէն վստահելի նամակաբերին արբանեակային հեռաձայնի թիւը, եւ ատիկա հնարաւորութիւն տուած է հակաահաբեկչական քննիչներուն` գիտնալու բոլոր անունները, որոնց հետ ան հաղորդակցած է:
«ՄԵՆԱԿԵԱՑ ԳԱՅԼԵՐ»
Հետաքննիչները սկսան վերլուծել Պըն Լատենի` Ապոթապատի բնակարանային համալիրին մէջ կեանքի առօրեայ ուղին. ո՛վ կու գայ, ո՛վ կը մեկնի, եւ ի՛նչ կը պատահի համալիրէն ներս:
Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեան աշխարհագրական տուեալներ օգտագործելով հետաքննութիւն կատարող մարմինը` Էն. Ճի. Էյ., որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Պեթհեստա, Մերիլենտ, յաջողեցաւ ի մի բերել մանրամասն քարտէսներ եւ արշաւէն շաբաթներ առաջ սկսաւ զինուորական, ռազմական ծրագրաւորման, մինչ բանալի ներգործողներ, տարրեր յայտնաբերած համակարգչային ծրագրաշարը աւելի նուազ սկսաւ օգտագործուիլ:
Ուաթսըն կը հաւատայ, թէ բացառուած չէ, որ ծրագրաշարը կրնար ի վերջոյ սխալ որոշումներ տալ:
«Բոլոր պարագաներուն, գործողութեան ամբողջ ընթացքին մարդկային արարած մըն էր պատասխանատուն», ըսաւ ան:
Բայց անշուշտ, երբ գործ կ՛ունենաք այսքան շատ տուեալներու եւ անուններու հետ, պէտք չէ՞ ըլլայ ընդհանուրին մէջ սխալ տեղեկութիւններ խառնուելու վտանգը, հարցուցի անոր:
Ի՞նչ կը պատահի, օրինակ, երբ արգելափակուած մը կեղծ տեղեկութիւններ մատակարարած, կամ դիտմամբ կամ ալ պարզապէս որպէսզի զինք արգելափակողները դադրեցնեն, Միացեալ Նահանգներու մեղմաբանութեամբ մը անուանուող` «աշխուժացուած հարցաքննութիւն»ը, այսինքն` տանջանքը:
Ուաթսըն պատասխանեց.
«Մեքենան առարկայական կ՛ըլլայ: Այնպէս որ, եթէ ճնշումի, չարչարելու միջոցով տեղի ունեցած հարցաքննութենէն սխալ կապերու մասին տեղեկութիւններ հաղորդուին, մեքենան ատոնք կ՛անջատէ միւսներէն»:
Պատրանքի նման պարզ կը թուի, թէ այս պնդումը եւ անշուշտ իր բնոյթով իսկ օրուէլեան բան մը կայ մէջը (գրեթէ 1984-ի եւ «Մեծ եղբայրը կը հսկէ քեզի նման») կասկածելի ահաբեկիչները հետապնդելու, անոնց հսկելու ամբողջ մթին, աղօտ գործին մէջ:
Սակայն Ուաթսըն կ՛աւարտէ զգուշացումի նոթով մը: Ան կ՛ընդունի, որ համակարգչային ծրագրաշարը, արդիւնաւէտ ըլլալով հանդերձ, այնքան լաւ է, որքանով են այն տեղեկութիւնները, որոնք կը զետեղուին ատոր մէջ:
«Ահաբեկչութեան սպառնալիքը կ՛եղափոխուի, կը զարգանայ: Ես կը կարծեմ, թէ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ ատոր առաջքը առնելը, որովհետեւ կան անհատներ, որոնց մասին մենք բնաւ չենք լսած, այսպէս կոչուած` մենակեաց գայլերը», եզրափակեց ան:
ՖՐԵՆՔ ԿԱՐՏՆԸՐ
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»