ՊԱՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ

Կիրակի, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին երեսունեօթներորդ տարին ըլլալով` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին «Կրին օվըլ» դաշտին վրայ, տեղի ունեցաւ պարի միջազգային փառատօնը` մասնակցութեամբ 17 պարախումբերու, որոնց շարքին էին «Զուարթնոց» կեդրոնի, «Թռչնոց բոյն»ի, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ Հայ աւետարանական քոլեճի պարախումբերը:

Փառատօնը ընթացք առաւ տողանցքով մը, որուն մասնակցեցան տասնեօթը խումբերը, որոնք բարձրացուցած էին տարբեր պետութիւններու դրօշակները: Իսկ հայկական հաստատութիւններու պարախումբերը քալեցին` Արցախի դրօշը բարձր բռնած: Տարբեր ազգութիւններու պարերուն մատուցման շարքին ներկայացուեցան հայկական պարեր: «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան պարախումբը պարեց «Մենք ենք մեր սարերը» երգին կշռոյթով, իսկ «Թռչնոց բոյն»ի խումբը ներկայացուց «Էս գիշեր Համբարձում է» պարը:

Տեղին է նշել, որ Հայ աւետարանական քոլեճի պարախումբը պարեց խրուաթական պար մը, իսկ «Զուարթնոց» կեդրոնի խումբը` իտալական պար: Երկու խումբերը եղան կեդրոնի պարախումբերը, որոնց շուրջ այլ խումբեր եւս պարեցին նոյն պարերը:

Պարի միջազգային փառատօնին եզրափակիչ պարը եղաւ ընդհանուր պարը, որուն հայկական չորս խումբերն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Գնահատանքի արժանի է պարուսոյց Հուրի Գալայճեանը, որ ամէն տարի կը մարզէ իր խումբերը եւ փառատօնին անոնց մասնակցութիւնը կ՛ապահովէ:

Share this Article
CATEGORIES