Հայկական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան Շիրակ – Բանանց, Միքա – Գանձասար, Ուլիս – Արարատ եւ Փիւնիկ – Ալաշկերտ հանդիպումները:
Առաջին երկուքը տեղի պիտի ունենան վաղը` կիրակի, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, իսկ վերջին երկուքը, այսօր` շաբաթ, ժամը 19:00-ին:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուլիս – Արարատ եւ Միքա – Գանձասար մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին Հայաստանի առաջին ալիքէն:
CATEGORIES Մարզական