Մովսիսեանի Կոլը Յաղթանակ Չապահովեց Սպարտակի

Եուրա Մովսիսեան

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպարտակ Մոսկուա, որ հիւրընկալեց Սենթ Կալենը (Զուիցերիա), 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ Սպարտակի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 37-րդ վայրկեանին սքանչելի փոխանցում մը ստանալով Թինօ Քոսթայէն նշանակեց կոլ մը, կը յայտնէ ArmSport.am-ը:

Սակայն 57-րդ վայրկեանին ան փոխարինուեցաւ նորեկ մարզիկ Լուքաս Պարիոսով:

Հակառակ անոր նշանակած կոլին, վերջինս յաղթանակ չապահովեց Սպարտակի, որովհետեւ 47-րդ վայրկեանին հիւր կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:

Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի` Զուիցերիոյ մէջ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումէն բացակայեցաւ Արազ Օզպիլիս (վիրաւոր):

 

Share this Article
CATEGORIES