Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ դուրս ելլէք կամ իբրեւ զբօսաշրջիկ տեղ մը երթաք, ուշադիր եղէք ձեր դրամապանակին, որպէսզի ճարպիկ մէկը չգողնայ զայն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պտոյտ մը կատարեցէք, որպէսզի նորութիւններ տեսնէք եւ զարգացնէք ձեր գիտութիւնը, նոյն ատեն մաքուր օդ շնչեցէք: Օրը այս կը պահանջէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բազմատեսակ աշխատանքը կը յոգնեցէ ձեզ, հետեւաբար ժամանակ տրամադրեցէք հանգստանալու: Օդափոխութիւն մը կատարեցէք, շատ կ՛օգտուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ծրագիր մը ունիք իրագործելու: Այս մասին արտայայտուեցէք այնպիսի անձերու, որոնք ձեզի պէս կը մտածեն եւ նոյն տրամադրութիւնը ունին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բազմազբաղ էք, ինչ որ արգելք կ՛ըլլայ, որ հետաքրքրուիք ձեր հարազատներով: Նուազեցուցէք ձեր պատասխանատուութիւնները եւ ժամանակ տուէք հանդիպելու ձեր բարեկամներուն եւ սիրելի անձերուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ մերժէք ձեզի առաջարկուած բարեգործութիւն մը: Ձեր բարի տրամադրութիւնը լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Դուք ալ գոհունակութիւն կ՛ունենաք: Տալը առնելէն լաւ է յաճախ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նախաձեռնող եղէք, առաջ անցէք` ձեր որոշումը ինքնավստահութեամբ կատարելու: Ձեզի հետեւողներ ալ պիտի ըլլան: Օրը ունի ուրախ ժամեր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աճապարանքի մէջ ոչ մէկ համաձայնագիր ստորագրեցէք: Եթէ ունիք հարցումներ ոեւէ մէկուն, ըսէք` առանց ամչնալու: Համարձակ եղէք այսօր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մնացէք ձեր աշխատանքին վրայ` առանց միջամուխ ըլլալու ուրիշներու հարցերուն: Շարունակեցէք մնալ ձեր սկզբունքին վրայ` միշտ խոհեմ եւ ինքնավստահ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ամառը առիթ պիտի տայ երկարաձգելու ձեր արձակուրդի օրերը, որուն ընթացքին պիտի ունենաք հաճելի եւ սիրալիր հանդիպումներ:
Սէրը ձեզի հետ է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցեալի լաւ օրերուն մասին մտածելով կամ երազելով` ժամանակ մի՛ անցընէք: Նոյն ատեն պիտի օգտուիք հին օրերու փորձառութենէն: Եղէք խաղաղ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ նոր գործի մը սկսած էք, ճկուն եղէք, խոհեմ եղէք, որպէսզի կարենաք ընտելանալ ձեր ստանձնած աշխատանքին: Կրնաք յաջողիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )