50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1963)

Պիքֆայայի Ծաղիկներու Տօնը Փայլուն
Յաջողութիւն Մը Ունեցաւ

Երէկ Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղիկներու տօնը: Աւանդական դարձած այս տօնախմբութիւնը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը, թէ՛ անթերի կազմակերպութեան եւ թէ՛ խճողումի առաջքը առնելու համար կազմակերպիչ մարմինին ձեռք առած միջոցառումներուն շնորհիւ:

Երթեւեկը արգիլուած էր Պիքֆայայի եւ Տհուր Շուէրի միջեւ, ժամը 16:30-17:30: Մասնաւոր յանձնախումբեր նշանակուած էին պաշտօնական հիւրերը դիմաւորելու համար:

Տասնինը կառքեր, գեղեցկօրէն զարդարուած, տողանցեցին խանդավառ բազմութեան մը առջեւէն, որ խռնուած էր գլխաւոր պողոտային, տանիքներու եւ պաշտգամներու վրայ:

«Կառքերու մրցումի» արդիւնքը յայտնի պիտի ըլլայ վաղը:

Տօնախմբութեան ներկայ եղան` վարչապետ Ռ. Քարամէ, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Մեսրոպ Ծ. Վ. Թերզեանի Եպիսկոպոսական
Օծումը Զմմառու Վանքին Մէջ

Երէկ` կիրակի, 25 օգոստոս 1963, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքի նորակառոյց ընծայարանի բացօթեայ բակին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թերզեան ձեռամբ Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. կաթողիկոս-պատրիարքի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ իր կողքին ունէր Հալէպի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գէորք արք. Լայիքեանը եւ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Ռափայէլ եպս. Պայեանը:

Ներկայ էին` հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ` արդարութեան նախարար Ֆուատ Պութրոս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, պետական երեսփոխան եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Ներկայ էին նաեւ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, մայրապետներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը:

Կարգապահութեան կը հսկէին կաթողիկէ հայ սկաուտներ: Ոստիկան զօրաց ջոկատ մը պատուոյ յարգանք կը մատուցէր: Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փողերախումբը մէջ ընդ մէջ կը նուագէր` առաւել փայլ մը տալով Զմմառու շրջափակի հանդիսաւոր շքեղանքին:

Արարողութիւնը, որ կը ձայնասփռուէր լիբանանեան ռատիոկայանէն, խմբերգուեցաւ քառաձայն` Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ Մանուէլ վրդ. Պաթագեանի:

Ս. պատարագի ընթացքին կանոնական ծիսակատարութեամբ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական տպաւորիչ օծումը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, կարդացուեցաւ Վատիկանէն ստացուած օգոստոս 24 թուակիր հեռագիրը, որով սրբազան պապը Թերզեան գերապայծառի եպիսկոպոս օծման ուրախ առիթով իր հայրական առաքելական օրհնութիւնը կու տար Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքին, նորաօծ եպիսկոպոսին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Ապա տեղի ունեցաւ գաւաթ մը գինիի հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորական աջահամբոյր:

Այժմ Մեսրոպ Թերզեան տիտղոսաւորն է Կոմանայի հայոց ընդհանուր փոխանորդ` Պէյրութի պատրիարքական թեմին:

Արամ Խաչատուրեանի Յայտարարութիւնները
Ամերիկեան Թերթի Մը

 «Կը Սիրեմ Ամերիկան, Կը Սիրեմ Ամերիկացի
Ժողովուրդը» Ըսած Է Վարպետը

«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» անցած չորեքշաբթի օրուան թիւով հրատարակած էր տեսակցութիւն մը, զոր թերթին աշխատակիցը` Նիքլաս Սլոնիմսքի ունեցած է Արամ Խաչատուրեանին հետ, Մոսկուայի մէջ: Նիքլաս Սլոնիմսքի, որ ամերիկացի երաժշտագէտ մըն է, հրաւիրուած է Խաչատուրեաններուն բնակարանը, ուր երեք ժամ տեսակցած է համբաւաւոր հայ երաժշտագէտին հետ:

Նիքլաս Սլոնիմսքի կը յիշեցնէ Արամ Խաչատուրեանին վայելած մեծ ժողովրդականութիւնը եւ կը յայտնէ, թէ ան, ծննդեան վաթսունամեակին առթիւ, բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ ստացած է աշխարհի բոլոր կողմերէն:

Արամ Խաչատուրեան հարց տուած է թղթակիցին, թէ Նիւ Եորքի երաժշտական քննադատները ինչո՞ւ խստիւ քննադատած էին իր «Սպարտակ» անուն պալէն, որ Պոլշոյ թատերախումբին կողմէ հազիւ 1-2 օր ներկայացուած էր Նիւ Եորքի մէջ:

Նիքլաս Սլոնիմսքի կը յայտնէ նաեւ, թէ տիկին Արամ Խաչատուրեան, որ «հաւանաբար ամէնէն ինքնատիպ խորհրդային կին երգահանն է», հեղինակած է «Զոյա» անուն օփերա մը:

Թղթակիցը «ռուսական» կը նկատէ տիկին Խաչատուրեանին երաժշտութիւնը, իսկ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան մէջ կը տեսնէ «Կովկասի արեւելեան մեղեդի»: Այր ու կին Խաչատուրեաններ առանձին անհատականութիւններ են արուեստի մէջ, եւ իրենց «ոճ»երը փոխադարձ ազդեցութիւն կրած չեն:

«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթր»-ի աշխատակիցը կը յայտնէ, թէ Արամ Խաչատուրեան փափաք յայտած է Միացեալ Նահանգներ այցելելու: «Պոսթընի մէջ կայ հայկական մեծ գաղութ մը, որ վստահօրէն պիտի քաջալերէ նուագահանդէսներս», յայտարարած է Արամ Խաչատուրեան` Ամերիկայի մէջ քիչ մը երկար մնալու եւ երկիրն ալ տեսնելու բաղձանք յայտնելով:

– Կը սիրեմ Ամերիկան, կը սիրեմ ամերիկացի ժողովուրդը,- շեշտած է հայ անուանի երգահանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )