Ամչկոտութեան Հոգեբանութիւնը. Բիւրեղեայ Պատը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՄՉԿՈՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ Ա՞ԽՏ ՄԸՆ Է, ԹԷ՞ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՌԱՆԳՈՒԱԾ ՅԱՏԿԱՆԻՇ ՄԸ: ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՃՈՆ ՄՈՒՐՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ ՃՕ ՄՈՐԵՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՆԻԿԱ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԷՈՒԹԵԱՆ: «ԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԱՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՇԽԱՐՀԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱՆՀՐԱՊՈՅՐ ԵՒ ՆՈՒԱԶ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՎԱՅՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ԱՌԱՆՑ ԱՆՈՐ:

Իվ Սան Լորան այնքա՛ն ամչկոտ էր, որ 1986-ի յունուարին Փարիզի մէջ զայն հրած էին դէպի բեմ, որպէսզի ողջունէր իր նորաձեւութեան հաւաքածոն քաջալերող հանրութիւնը:
Եթէ պիտի նկարագրեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամչկոտ ըլլալ, պիտի ըսեմ, թէ անիկա կը նմանի ուշ հասնելու հաւաքոյթի մը, ուր ամէն ոք արդէն երեք բաժակ խմած է: Մարդկային ամբողջ յարաբերութիւնը` սովորական խօսակցութենէ մինչեւ իմաստալից զրոյց, հիմնուած է գիտութեան վրայ, զոր կը բաժնեն մարդիկ, ինչպէս նաեւ` լռելեայն հասկացողութիւններու: Սակայն, եթէ ամչկոտ ենք, անմիջապէս մենք մեզ դուրս կը զգանք, երբ նման կապ մը կը ստեղծուի: Բրիտանական թանգարանին մէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպող մասնագէտ Ու. Քամփթըն Լիթ ծանօթ էր իբրեւ մենակեաց անձ մը, որուն «Ափոլոճիա տիֆիտենթիս» գիրքը (լոյս տեսած` 1908-ին), մարդաբանական դիտանկիւնէ առաջին ուսումնասիրութիւնն է ամչկոտ անձերու վերաբերեալ: Լիթ կը գրէ, թէ ամչկոտ անձերը` «կեանքի մէջ կ՛ապրին այնպէս, կարծէք` կը տառապին մասնակի խլութենէ: Կարծէք անոնց եւ ուրախ աշխարհին միջեւ բարձրացած է բիւրեղեայ պատ մը, զոր երբեք չեն կրնար խզել ինքնավստահութեան հաճելի եւ մեղմ ձայները»:
Ամչկոտութիւնը տրամաբանութիւն չունի: Անիկա պատահական կերպով կը սողոսկի կեանքիս եւ այլոց կեանքին տարբեր վիճակներուն մէջ: Հանրութեան դիմաց խօսիլը, որ շատերուն մեծագոյն ընկերային վախն է, բաւական դիւրին է ինծի համար: Դասախօսութիւն մը տալը պարզապէս դերակատարութիւն մըն է, որ առիթ կու տայ ինծի` մարմնաւորելու աշխատող «բնական» անձի մը տիպարը: Սակայն հարց-պատասխանի բաժինը տարբեր է. հոն վերջ կը գտնէ դերակատարութիւնը, եւ մարդիկ կրնան ի յայտ բերել բուն էութիւնս: Ունկնդիրներուն կողմէ տարօրինակ հարցում մը արդէն կը սառեցնէ ուղեղս, եւ սկսի տագնապալի ճիգը` գտնելու պատասխան մը, որ կը կառչի խղճալի բառերու եւ կը կորսուի սարսափելի լռութեան մէջ: Թէեւ ասիկա հազուադէպօրէն կը պատահի կեանքիս մէջ, սակայն բաւական յաճախ պատահած է` հրահրելու համար աղէտալի վիճակներ երեւակայելու զգացում մը:
Ամչնալու Պատմութիւնը
Պատմաբան Թէոտոր Զելտին առիթով մը հարց տուած է, թէ արդեօք աշխարհի պատմութիւնը որքա՞ն տարբեր պիտի թուէր, եթէ անիկա պատմուէր ո՛չ թէ պատերազմի, քաղաքականութեան կամ տնտեսութեան դիտանկիւնէն, այլ` զգացումներու զարգացումին: «Լաւ ձեւ մը պիտի ըլլար ամչնալու պատմութիւնը գրելը,- մտածած էր ան:- Թերեւս ժողովուրդներ չեն կրնար խուսափիլ իրարու դէմ կռուելէ` զիրենք իրարմէ բաժնող առասպելներուն եւ հալածախտին պատճառով: Ամչկոտութիւնը կրնայ փոխարինել նման պատուարները` անհատական մակարդակի վրայ»: Ամչկոտութեան պատմութիւնը ինքնին ուսումնասիրութեան հոյակապ նիւթ կրնայ դառնալ, սակայն սարսափելիօրէն դժուար է այս մասին գրելը: Ամչկոտութիւնը իր բնոյթով ենթակայական բան մըն է, աղօտ վիճակ մը, որ շօշափելի բաներ չի ձգեր իր ետին, հաւանաբար` որովհետեւ մարդիկ յաճախ այնքա՛ն անհագիստ կը զգան իրենց ամչկոտութեամբ, որ չեն ուզեր խօսիլ կամ գրել այս մասին:
Չարլզ Տարուինի համար «մտային այս տարօրինակ վիճակը» եղափոխութեան մեծագոյն առեղծուածներէն մէկն էր, որովհետեւ յայտնաբար ոչ մէկ օգտակարութիւն ունէր մարդ արարածին: Այսուհանդերձ, 1970-ական տարիներուն Հարվըրտ համալսարանի հոգեբան Ճերոմ Քէյկընի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ մանուկներուն 10-15 առ հարիւրը «ամչկոտ կը ծնի»: Միշտ վախնալու հակամէտ եւ ընկերային գետնի վրայ նուազ հակազդող նման նորածիններու սրտին զարկերը կ՛արագանային եւ լարուածութեան հակազդող գեղձերուն արտադրութիւնը կ՛աւելնար, երբ նուազագոյն լարուածութեան վիճակ մը կը ստեղծուէր:
Նոյն տարիներուն անասուններու վարուելակերպը ուսումնասիրող ամերիկացի մասնագէտ Սթիֆըն Սուոմի Մերիլենտի անասուններու մէկ կեդրոնին մէջ կը նկատէր ամչկոտութեան նմանօրինակ համեմատութիւններ եւ հակազդեցութիւններ` կապիկներու քով: Արեան քննութիւններ կատարելէ ետք, ինչպէս նաեւ` ամչկոտ նորածին կապիկները ընկերային մայրերու հոգածութեան յանձնելէ ետք, ան եզրակացուցած էր, թէ ամչկոտութեան այս յատկանիշը ժառանգական էր: Սուոմիի ուսումնասիրութիւնը նաեւ անուղղակիօրէն ցոյց կու տար ամչկոտութեան պիտանի դերը` եղափոխութեան մէջ: Երբ կապիկներուն բնակավայրին ցանկապատին մէջ բացուած էր ճեղք մը, ուրկէ անոնք կրնային դուրս գալ, ամչկոտ կապիկները չէին համարձակած լքել իրենց բնակավայրը, մինչդեռ յանդուգն կապիկները խոյս տուած էին, սակայն ճամբան անցնելու ժամանակ փոխադրակառքի մը տակ ինկած էին:
Մարդիկ Առաջ Միասին Կ՛ապրէին
Բարձր մակարդակի ստնաւորներ ընկերային արարածներ են, որոնք իրենց բնոյթով պատրաստ են հանդիպելու իրենց նմաններուն եւ սերնդագործելու: Սակայն թերեւս որոշ արժէք կը ներկայացնէ անոնց զգուշաւորութիւնը եւ վտանգներէ խուսափելու հակամէտութիւնը. յատկանիշներ, որոնք չափազանցութեան պարագային կրնան եղափոխուիլ եւ վերածուիլ չափազանց երկչոտութեան: Ո՛չ Քէյկըն, ո՛չ ալ Սուոմի կը յայտնեն այն կարծիքը, թէ ամչկոտութիւնը ծայր կու տայ ծնելէ ետք, այլ զայն կը նկատեն իբրեւ բնութեան եւ դաստիարակութեան հարուստ փոխազդեցութիւններուն մէկ օրինակը, զոր կ՛արժէ ուսումնասիրել: Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ջղագիտութեան դասախօս Անթոնիօ Տամազիօ եւս ամչկոտութիւնը կը նկատէ «երկրորդական զգացում մը»: Ի տարբերութիւն առաջնակարգ զգացումներու, ինչպէս` զայրոյթ, վախ եւ զզուանք, որոնք կը պարունակեն կենսաբանական եւ տիեզերական տիրական տարրեր, ամչկոտութիւնը «կը լարուի փորձառութեամբ»: Անիկա ենթակայ է մշակութային պայմաններու, պատմական տարբերակներու եւ երկդիմի բնորոշումներու:
Եթէ ամչկոտութիւնը բան մըն է, որ կը յարմարի մշակութային եւ պատմական տարբեր պարունակներու, ապա վստահաբար ճնշիչ վիճակներ ստացած է` անձնական առանձին կեանքի արդի գաղափարներուն յայտնութեամբ: Մինչեւ քանի մը հարիւր տարի առաջ կեանքը կ՛ապրուէր հանրութեան մէջ: Օրինակ, բնական էր, որ մարդիկ իրենց Ֆիզիքական պէտքերը հոգային հանրային վայրերու մէջ: Նոյնիսկ անձնական բնակարաններու մէջ ընտանիքներ միասին կը ճաշէին, միասին կը քնանային եւ ընկերային կեանք մը կ՛ապրէին նոյն սենեակին մէջ: Ապա աստիճանաբար ֆիզիքական պէտքերը հոգալը, յարձակողական ոճն ու վարուելակերպը այլեւս տեղ չունեցան քաղաքավար ընկերութեան մէջ` շնորհիւ «քաղաքավար վարուելակերպի այն գործընթացին», որ 16-րդ դարէն ետք ծայր տուաւ Արեւմուտքի մէջ, ինչպէս զայն կը նկարագրէ վերջերս մահացած ընկերաբան Նորպեր Իլիաս: Մինչ ֆիզիքական եւ հոգեբանական աւելի հզօր պատուարներ սկսան բարձրանալ անհատներու շուրջ, մանաւանդ հանրութեան մէջ համեմատաբար իրարու անծանօթ անձերու միջեւ հետզհետէ բազմացան անյարմար եւ ամօթալի վիճակի մէջ զգալու առիթները, երբ մարդիկ կ՛անցնէին նման պատուարներու սահմանը:
Աւելի ուշ ժամանակներուն ամչկոտութիւնը անճարակութեան այլ երեւոյթներու նման կը նկատուէր հիւանդութիւն մը, որ պէտք էր դեղերով բուժել, եւ ոչ թէ` խառնուածքի տարօրինակութիւն մը: 1971-ին հոգեբան Ֆիլիփ Զիմպարտօ կատարած է փորձարկութիւն մը, որ ծանօթ է իբրեւ «Սթանֆորտի բանտին փորձարկութիւնը»: Ուսումնասիրութեան մասնակցող ուսանողները Սթանֆորտի համալսարանին հոգեբանութեան շէնքին նկուղին մէջ կամաւոր կերպով կատարած են բանտարկեալի եւ բանտապահի դերեր: Սակայն հարկ եղած է փորձարկութիւնը դադրեցնել ճշդուած ժամանակէն մէկ շաբաթ առաջ, որովհետեւ բանտապահները սկսած են շատ վատ վերաբերում ցուցաբերել բանտարկեալներուն նկատմամբ, իսկ բանտարկեալները յարմարած են իրենց վիճակին` ընդունելով իրենց ենթարկուածութիւնը եւ հնազանդելով զիրենք տանջողներուն: Զիմպարտօ սկսած է մտածել, թէ ամչկոտ անձերը իրենք զիրենք կը բանտարկեն լուռ բանտի մը մէջ, ուր նաեւ կը կատարեն իրենց վրայ հսկող բանտապահի դերը` անզգալաբար խիստ կաշկանդումներու ենթարկելով իրենց արտայայտութիւնն ու վարուելակերպը:
Զիմպարտօ 1972-ին ձեռնարկած է «Սթանֆորտի ամչկոտութեան ուսումնասիրութեան»: Ան նախ ուսումնասիրած է իր ուսանողները, ապա իր ուսումնասիրութիւնը ծաւալած է մինչեւ 10 հազար հոգիի վրայ: Անոր աշխատանքին տարօրինակ արդիւնքը այն էր, թէ ամչկոտութիւնը շատ սովորական երեւոյթ մըն էր. ուսումնասիրութեան մասնակցողներուն աւելի քան 80 առ հարիւրը յայտնած էր, թէ իր կեանքին մէջ որոշ շրջան մը ամչկոտ եղած է: Աւելի քան 40 առ հարիւրը յայտնած էր, թէ տուեալ պահուն ամչկոտ էր: Զիմպարտոյի ուսումնասիրութիւնը առաջնորդած է արդի ժամանակներու այն մտայնութեան, թէ ամչկոտութիւնը բուժելի ախտ մըն է: Այնուհետեւ, 1980-ական տարիներու սկիզբը սկսան զարգանալ ամչկոտութիւնը չափաւորելու միջոցները: Չափազանց ամչկոտութիւնը վերասահմանուեցաւ իբրեւ «ընկերային անձկութեան ախտ» եւ շուկայ իջան «Սերոկզաթ»-ի նման դեղեր, որոնք կը խթանէին ուղեղին ջղաբանական գործունէութիւնը: Ինչպէս Քրիսթաֆըր Լէյն սուր կերպով կը վիճի իր «Շայնես. հաու նորմըլ պիհէյվիըր պիքէյմ է սիքնես» (ամչկոտութիւն. ինչպէս վարուելակերպի բնական երեւոյթ մը վերածուեցաւ հիւանդութեան) գիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 2007-ին, ամչկոտութեան նկատմամբ այս մօտեցումը մասամբ արդիւնք էր հոգեբուժութեան մէջ կենսաբժշկագիտութեան կիրարկումին: «Հոգեբաններ կը հաւատային, թէ ժամանակին վայրի, սկեպտիկ եւ ներամփոփ անձերու յատուկ երեւոյթներ հոգեբանական խանգարումներ էին, զորս պէտք էր բնաջնջել դեղերով», կը գրէ ան:
Հաղորդակցութեան «Սառոյցի
Նոր Ժամանակաշրջան»
Երբ 1999-ին Զիմպարտօ նկատած էր, թէ իր ուսումնասիրութեան մէջ իրենք զիրենք ամչկոտ յայտարարած անձերուն համեմատութիւնը հասած էր 60 առ հարիւրի, ան Բրիտանիոյ Հոգեբաններու միութեան յայտնած էր, թէ մարդկութիւնը կը գտնուէր հաղորդակցութեան չգոյութեան «սառոյցի նոր ժամանակաշրջանի մը» սեմին: Ան կը հաւատար, որ համակարգիչը, ե-նամակը, գանձողն ու ծախողը փոխարինող մեքենաները աւելի եւս կը տարածէին ամչկոտութեան «համաճարակը», մինչ մարդկային կապերու առիթները կը նուազէին: Ամչկոտութիւնը այլեւս անհատական հարց մը չէր, այլ` վերածուած էր «ընկերային հիւանդութեան մը», ինչպէս կ՛ըսէր ան:
Այսօր Զիմպարտոյի հաղորդակցութեան «սառոյցի նոր ժամանակաշրջանի» նախատեսութիւնը անհիմն կը թուի ըլլալ: Ընդհակառակը, համացանցի վրայ ընկերային ցանցերու գոյութիւնը առիթ տուած է, որ մարդիկ սովորական ձեւով իրենց անձնական կեանքը անվերապահօրէն տեղադրեն համացանցի վրայ: Անոնք կը հրապարակեն իրենց հարբած վիճակը պատկերող լուսանկարներ եւ իրենց սիրային յարաբերութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններ` այնպիսի ազատութեամբ, որ աներեւակայելի կը թուէր մէկ սերունդ առաջ: Համացանցը ոչ միայն մեզ չէ խզած իրարմէ, այլ պարզապէս յաւելեալ թափ տուած է զգացական հարազատութեան, ինչպէս նաեւ` ինքզինք արտայայտելով ինքնադարմանում կիրարկելու մերօրեայ նորաձեւութեան: Ասիկա շեղում մըն է անձնական ազատութեան եւ առանձնութեան նկատմամբ հանրութեան կեցուածքներուն մէջ: Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ ընկերաբանութեան դասախօս Էւա Իլուզ զայն կը նկարագրէ իբրեւ «կերպարանափոխումը հանրային ոլորտին, որ կը դառնայ հանդիսավայրը անձնական կեանքի ցուցադրութեան»:
Վերջերս հրատարակուած իր «Քուայէթ. տը փաուըր աֆ ինթրովըրց ին է ուըրլտ տեթ քան՛թ սթափ թոքինկ» (լռութիւն. ներամփոփներուն ուժը աշխարհի մը մէջ, որ չի կրնար լռել եւ չխօսիլ) վերնագիրով իր գիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 2012-ին, Սիւզըն Քէյն մտավախութիւն կը յայտնէ աշխարհի մը համար, որ կը ղեկավարուի «արտաքին աշխարհին բաց իտէալով», ինչպէս կ՛ըսէ ան: Քէյն կը մտածէ, թէ այս երեւոյթը իր ամէնէն վատ դրսեւորումը ունեցաւ, երբ վտանգներ դիմագրաւելու պատրաստ արկածախնդիրներ պատճառ դարձան 2008-ի դրամատուներու տագնապին: Գիրքը մեծ մասամբ կը նկարագրէ, թէ որքա՛ն հրաշալի են ներամփոփ անձերը, թէ` որքա՛ն աւելի խոր կը մտածեն անոնք եւ աւելի լաւ կը կեդրոնանան, բաղդատած` արտաքին աշխարհին բաց անձերուն: Անոնք նուազ կը մտատանջուին դրամի եւ դիրքի հարցերով, աւելի զգայուն են, բարոյականի տէր, այլասէր, պայծառատես եւ հետեւողական: Արտաքին աշխարհին բաց անձերը պէտք չէ կարդան այս գիրքը:
Այսուհանդերձ, ներամփոփ ըլլալը եւ ամչկոտութիւնը նոյն բաները չեն, ինչպէս կը նշէ Քէյն, թէեւ երկուքը յաճախ կը միաձուլուին: Ներամփոփ անձերուն ուղեղը գերագրգիռ կը դառնայ, երբ կը ստիպուի երկար ժամանակ կապի մէջ մնալ բազմաթիւ անձերու հետ, ինչ որ չի նշանակեր, թէ անձը ամչկոտ է: Եթէ մէկ ժամէն աւելի գտնուիմ աղմկարար անձերու խումբի մը մէջ, ուղեղս կը սկսի լարուած աշխատիլ` խանգարուած համակարգիչի մը պէս եւ վերջաւորութեան ինքզինքս սպառած կը զգամ` ֆիզիքապէս եւ մտային մակարդակի վրայ: Ներամփոփ անձերը կարիքը ունին յաճախ քաշուելու ընկերային կեանքէն` իրենց ապրած փորձառութիւնները հասկնալու եւ ընթացքի մէջ պահելու համար:
Ամչկոտութիւնը այլ բան է. անիկա այլոց հետ կապ հաստատելու ձգտումն է, որ սակայն կը ձախողի` վախի եւ անճարակութեան պատճառով: Զայն պարզապէս ընդունելու վտանգը այն է, թէ անիկա կրնայ վերածուիլ մեր էութեան մաս կազմող դերի մը, դիմակի մը, որ կը միաձուլուի մեր դէմքին հետ: Միշտ ալ բանի մը կը կառչինք, երբ կը գտնուինք տխուր վիճակի մը մէջ, որմէ չենք կրնար խուսափիլ: Իմ պարագայիս, կը կարծեմ, թէ անընդհատ խօսող մարդոց մեծամասնութիւնը խորքին մէջ լսել չի գիտեր, այլ պարզապէս բառեր կը փոխանակէ այնպէս, կարծէք զանոնք կը հարուածէ թենիսի ցանցի մը վրայէն, այլ խօսքով` իր ընկերային կեանքը կ՛ապրի մակերեսային ձեւով: Իմ մէջս քիչ մը ինքնագոհ ձայն մը կ՛ըսէ, թէ խորքի պակաս կայ դիւրութեամբ արտայայտուելու եւ ընկերային կապեր հաստատելու կարողութեան մէջ:
Իսկ իմ մէջս աւելի զգաստ ձայն մը կ՛անդրադառնայ, թէ անիմաստ է ասիկա, եւ թէ` ամչկոտութիւնը (նաեւ` ամչկոտ չըլլալը) ներհուն իմաստներ չունին: Ամչկոտութիւնը չ՛երաշխաւորեր աւելի հաճելի անձ մը ըլլալու, աւելի լաւ լսող մը ըլլալու եւ աւելի խոր մտածող մը ըլլալու յատկանիշները: Թերեւս անիկա կրնայ դիպուածով հատուցումներ տալ. օրինակ, խմբային մտածողութեան նուազ ենթակայ ըլլալով` աւելի հակամէտ ըլլալ քննելու ընկերային կեանքի սովորութիւններն ու հաւատալիքները եւ պահել հեգնանգով յատկանշուած որոշ հեռաւորութիւն մը: Խորքին մէջ ասիկա տաղտուկ է եւ բեռ:
Եզակի Ինքնագիտակցութեան Բեռը
Այսուհանդերձ, ամչկոտութիւնը մաս կը կազմէ մարդկային էութեան, եւ աշխարհը շատ աւելի անհրապոյր եւ նուազ ստեղծագործական վայր մը պիտի ըլլար առանց անոր: Ինչպէս Քէյն կը վիճի, կ՛ապրինք մշակոյթի մը մէջ, որ արժէք կու տայ երկխօսութեան` իբրեւ գերագոյն գաղափարի, որ ինքնին գերագոյն նպատակ մըն է: Այսինքն կը ձգտինք հետզհետէ աւելի բարձր ձայնով լսելի դառնալ իրարու` ձերբազատելու համար մեր բոլոր բեռերէն` ոչ անպայման աւելի լաւ ձեւով հաղորդակցելով իրարու հետ: Ամչկոտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մարդկային ամբողջ յարաբերութիւնը երկդիմի է, եւ թէ` անապահովութեան եւ ինքնավստահութեան պակասի զգացումները բնական են, որովհետեւ ի վերջոյ բոլորս ալ անհասանելի ենք իրարու: Մարդկային ուղեղը ամէնէն բարդ բանն է, որ գոյութիւն ունի մեզի համար, իսկ մէկ ուղեղէն միւսը ուղեւորութիւնը վստահաբար չափազանց դժուար է: Հաղորդակցութեան իւրաքանչիւր փորձ ոստում մըն է դէպի մթութիւն, ուր ոչինչ կ՛երաշխաւորէ, թէ ուրիշները պիտի հասկնան մեզ կամ գէթ` պիտի լսեն: Նկատի ունենալով այս չոր իրականութիւնը` քիչ մը ամչկոտ ըլլալը հասկնալի է:
Յաճախ ընկերային հաւաքոյթի մը առիթով զգացած եմ, թէ կը գտնուիմ մարդոց շրջանակի մը մէջ, որ ինքն իր վրայ փակուած է` դուրս ձգելով զիս: Մինչ խօսակցութիւններ սկսած են ծաւալիլ նման շրջանակի մէջ, անդին` ես մոռցած եմ, թէ ո՛ւր կը գտնուիմ եւ անգիտակցաբար դուրս նետած եմ ինքզինքս: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին պայքարած եմ այն զգացումին դէմ, թէ` ամչկոտութիւնը անձնական տկարութիւն մըն է, որուն պատճառով հեռուէն դիտած եմ հօտի հոգեբանութեամբ եւ հաղորդակցութեան ընդոծին մղումով յատկանշուած մարդ արարածը: Այժմ կ՛անդրադառնամ, թէ ասիկա աւելի հաւաքական հարց մըն է, անխուսափելի արդիւնքը այն յատկութեան, որ մեզ կը տարբերէ այլ անասուններէ. այսինքն մարդկային մեր եզակի ինքնագիտակցութեան բեռն է: Որքան ալ ձգտինք մտերմութեան, ի վերջոյ աշխարհը կը դիմագրաւենք առանձին եւ չենք կրնար առանց դժուարութեան կամ ճիգ թափելու մուտք գործել այլ անձի մը կեանքին եւ ուղեղին մէջ: Ամչկոտութիւնը ոչ թէ կ՛առաջնորդէ օտարումի, այլ հասարակաց գիծն է, որ կը միացնէ բոլորս:

