Վահրամ Կուկ Յարութիւնեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Երբ Արժանաւորները Անժամանակ Կը Մեկնին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Վերջին քանի մը տարիները աղէտաբեր եղան հայ մշակոյթին համար: Հայրենի հոյլ մը տաղանդաւոր ստեղծագործողներ, ըլլան անոնք գրողներ, դերասաններ, երաժիշտներ թէ կերպարուեստագէտներ, անժամանակ առյաւէտ հեռացան մեզմէ, եւ անոնցմէ իւրանչիւրը իր տաղանդի ուժին համապատասխան բաց մը ձգեց իր ետին: Այո՛, ճակատագիրը անողոք գտնուեցաւ յատկապէս գեղանկարիչներու պարագային, ինչպէս` Վարուժան Վարդանեան, Վիգէն Թադեւոսեան, Այվազ Աւոյեան, Վարդան Թովմասեան, Կամօ Նիկարեան եւ Վահրամ Կուկ Յարութիւնեան, որուն ապրած կսկիծը տակաւին բոլորովին թարմ է, որովհետեւ ան ընդամէնը քառասուն օրեր առաջ բաժնուեցաւ մեզմէ:

Երփնագրելու բացառիկ կարողութեամբ օժտուած` Վահրամ Կուկը ծնած է Երեւան, 1958-ին: Քանի մը տարի յաճախելէ ետք «Աշոտ Մելիքեան»-ի արուեստանոցը կ՛ընդունուի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական բարձրագոյն հիմնարկ, զոր կ՛աւարտէ 1981-ին: Անդամակցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արհեստավարժներու միութիւններուն:

Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Հայաստանի, Հոլանտայի, Ճափոնի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգների, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ եւ այլ երկիրներու տարբեր քաղաքներու մէջ եւ արժանացած` ջերմ ընդունելութեան ու բարձր գնահատանքներու:

Հակառակ անոր որ իր գործերը գերիրապաշտական եւ ընտրողական (eclectic) բնոյթ ունին, ան իր արուեստը կը նկատէ իրապաշտական, որովհետեւ ստեղծագործական կեանքի հանդէպ ունի ուրոյն կեցուածք եւ սեփական փիլիսոփայական հաւատամք: Ըստ անոր, «Տիեզերքը գունդ մըն է, գունդ մըն է նաեւ երկիրը. մարդն ալ իր հերթին գունդ մըն է, սակայն մենք տակաւին չենք գիտակցում, թէ՛ ո՞ր մէկ «գունդ»-ը ո՛ւր է գտնւում»: Ուրեմն, համաձայն Վահրամ Կուկի, մենք կ՛ապրինք լպրծուն ու անորոշ միջավայրի մը մէջ, եւ ա՛յս է իրականութիւնը:

Ապագայի ստեղծագործական մեծ յոյսեր կապուած էին Վահրամ Կուկի հետ: Անոր արուեստը արդէն ընթեռնելի էր իբրեւ ինքնուրոյն ոճ, գրաւիչ էր իբրեւ գոյներու ներդաշնակութիւն եւ ամուր` իբրեւ յղացք:

Այս հզօր երեւակայութեան տէր գեղանկարիչին ընտրողական արուեստը առաջին հերթին պայմանաւորուած է Վերածնունդի ռահվիրաներով, ճարտարապետական կոթողներով ու միջավայրով: Սակայն կարծէք թէ ամէնէն շատ ան խանդավառուած էր Լէոնարտօ տա Վինչիի ստեղծագործութիւններով, որոնք («Աւետում»-էն մինչեւ «Տիրամայրը մանկան Հետ» ու «Մոնա Լիզա»-ն) պարբերաբար ի յայտ կու գան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, սակայն վերաթարմացած ու վերաշխուժացած վիճակներու մէջ:

Ան վերածնունդի գործերէն շատեր փորձած է փոխադրել մեր ժամանակներուն ու վերարժեւորել զանոնք` տալու համար անոնց նոր շունչ ու նոր իմաստաւորում:

Վահրամ Կուկ Յարութիւնեան ընդամէնը քառասուն օրեր առաջ գնաց ու միացաւ վերոյիշեալ անմահներու փաղանգին, որոնք բոլորն ալ արժանաւորներ էին ու մեր ժամանակակից գեղանկարչութեան հաստատուն սիւներէն…

 

 

Share this Article
CATEGORIES