Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

ԿՈՐԻՒՆ  ԱՐՔ.  ՊԱՊԵԱՆ 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Փրոֆ. Տաուսեթը թեզիս պատրաստութեան համար համալսարանին կողմէ նշանակուած երկու ղեկավարներէս մէկն էր, քանի որ ան միակն էր համալսարանին մէջ, որ իմ օգտագործած հայերէն աղբիւրներուս վաւերականութիւնն ու ճիշդ օգտագործումը կրնար ստուգել: Ի միջի այլոց նաեւ յիշենք, որ նախքան վերջնականօրէն Օքսֆորտը ձգելս ու հոգեւոր տունս` Անթիլիաս վերադառնալս, անոր հետ շահեկան հարցազրոյց մը ունեցեր էի, որպէսզի կարենամ այս մեծ հայագէտին անձն ու գործունէութիւնը հայութեան ծանօթացնել:

Նկատի ունենալով, որ Փրոֆ. Տաուսեթը աստուածաբան չէր, ուստի աստուածաբանական խնդիրներու համար ունէի երկրորդ վերահսկիչ մը` յանձին` տոքթ. Թիմոթի Ուերի: Անոր հանգամանքն էր` Ֆէլօ աֆ Փեմրոֆ քոլեճ էնտ լեքչըրըի ին իսթըրն օրթոտոքս սթատիզ ին տը ֆեքըլթի աֆ թիոլոժի»: Ան իր ուսանողութեան շրջանին հրաժարելով Անկլիքան եկեղեցւոյ անդամակցութենէն` դարձած էր Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ եւ ձեռնադրուած էր որպէս կուսակրօն հոգեւորական, ծանօթ` որպէս Ֆատըր Քալիսթոս:

Ան կը դասախօսէր համալսարանին մէջ Բիւզանդական Եկեղեցւոյ Պատմութիւն, Յոյն Ուղղափառ Հայրերու Աստուածաբանութիւն, միաժամանակ հոգեւոր տեսուչն էր Օքսֆորտի մէջ գտնուող միակ Ուղղափառ եկեղեցւոյ:

Ամէն անգամ որ կը կարդար թեզիս գլուխներէն մէկը եւ իր թելադրութիւնները կը կատարէր, տեսնելով իմ ունեցած կարգ մը դժուարութիւններս, երբ ես կը մտածէի կէս ձգել ուսումս ու վերադառնալ Անթիլիաս, ան միշտ կը քաջալերէր զիս, որ առանց յուսահատելու` անպայման շարունակեմ եւ աւարտեմ ուսումնասիրութիւնս եւ կցեմ թեզիս որպէս յաւելուած` գրաբարէ անգլերէն թարգմանութիւնը այն նամակներուն, որոնք կը վերաբերէին հայոց եւ վրաց եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած բաժանումի պատմութեան «Գիրք թղթոց»-ին մէջ:

«Մենք Արեւմուտքի մէջ»,- կ՛ըսէր,- «քիչ բան գիտենք Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական տեսակէտներուն, ծիսական կանոններուն եւ աւանդութեանց մասին: Քու աշխատանքիդ արդիւնքը կրնայ կարեւոր նպաստ մը բերել այս ուղղութեամբ»:

Ֆատըր Քալիսթոսը իր նիհար մարմինով ու երկար հասակով, սեւ պարեգօտով եւ յատկապէս սեւ ու սպիտակ փառահեղ մօրուքով, որուն կարծէք մկրատ չէր դպած իր ձեռնադրութենէն ետք, արտասովոր ու միաժամանակ յարգանք պարտադրող անձնաւորութիւն մըն էր: Գէթ աստուածաբանութեան ուսանողները կը ճանչնային Ֆատըր Քալիսթոսը` որպէս Բիւզանդական եկեղեցւոյ լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շաբթուան մէջ, առաւօտեան եւ յետմիջօրէին, յաճախ ժամեր կ՛անցընէի համալսարանի գլխաւոր մատենադարանին` Պոտլէյըն Լայպրերիի յատկապէս հայագիտական նիւթերով հարուստ Օրիէնթըլ Ռիտինկ ռումին մէջ: Պոտլէյըն Լայպրերիի պաշտօնական բացումը կատարուած էր 1602-ին` հիմք ունենալով ԺԴ. դարու այլ գրադարան մը: Իր պատկառելի շէնքերով, կառուցուած` դարերու ընթացքին, շուրջ 400 տարուան իր անցեալով, Լանտընի Պրիթիշ Լայպրերիէն ետք Անգլիոյ մէջ ամէնէն շատ գիրք ունեցող մատենադարանն էր: 1914-ին անոնց թիւը արդէն հասած էր մէկ միլիոնի: 1968-ին երկու միլիոնը անցած էր, իսկ հիմա, վստահ եմ, այդ թիւը կրկնապատկուած կամ քառապատկուած է:

Ուայքլիֆ Հոլէն արագ քալելով` առաւելագոյնը 15 վայրկեանէն կը հասնէի այնտեղ: Այս բաժինի ընթերցողները գրեթէ բոլորն ալ կ՛աշխատէին իրենց թեզերուն վրայ, որոնք պիտի ներկայացուէին բարձրագոյն ուսմանց վկայականներու համար:

Ինծի այնպէս կը թուէր, որ անգլիացիները այստեղ փոքրամասնութիւն էին, քանի որ մեծամասնութիւնը արտասահմանէն եկած, տարբեր ազգութիւններու պատկանող ուսանողներ էին: Այս ընթերցարանին մէջ կարծէք ամէն մարդ իր մնայուն տեղը ունէր: Անոնց գրասեղաններուն վրայ կարելի էր տեսնել, ի շարս եւրոպական լեզուներու, նաեւ` եբրայերէն, ասորերէն, եթովպերէն, հայերէն, ճափոներէն ու չինարէն գիրքեր ու ձեռագրեր:

Անոնք, որ կանոնաւոր կերպով, ամէն օր, գրեթէ նոյն ժամուն կը գրաւէին իրենց տեղերը, ամիսներու ընթացքին կը դառնային ծանօթներ իրարու: Իւրաքանչիւրը գիտէր, որ իր շարքին վրայ նստողները ի՜նչ լեզուներով, ինչ նիւթերու ուսումնասիրութեամբ են զբաղուած: Անշուշտ որ պարբերաբար կը յայտնուէին նոր դէմքեր: Կարծէք աւանդութիւն դարձած էր, որ առաւօտեան 10:30-11:00-ի միջեւ, ամէն մարդ` անցնելով շէնքին դիմացի սրճարանը, սուրճի դադար մը առնէր:

Անկախ ընթերցարանի անկիւնը գիրքերու պատուէրները ընդունող օրիորդէն, կային մատենադարանի այս բաժինի պատասխանատու մասնագէտները, որոնք ունէին իրենց առանձին գրասենեակները: Երբեմն անոնցմէ մէկը կամ միւսը կը յայտնուէր գրադարանին մէջ` բան մը ստուգելու կամ կարգաւորելու համար:

Հայերէն բաժինի պատասխանատուն` Տէյվիտ Պարեթն էր, որ շուրջ քառորդ դար Ֆինլանտայի համալսարաններէն մէկուն մէջ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս ըլլալէ ետք, վերադարձած էր Անգլիա եւ սորվեր էր, չեմ գիտեր ո՞ւր եւ ի՞նչպէս, հայերէնը:  Այդ օրերուն կը պատրաստէր Պոտլէյըն լայպրերիի հայերէն ձեռագրերու եւ գիրքերու ցանկերը, զանոնք առանձին հատորով հրատարակելու համար:

Տ. Պարեթը 1969-ի ամառը այցելեց Պէյրութ, Թեհրան, Թաւրիզ ու Նոր Ջուղա մօտէն ծանօթանալու համար Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներու մշակութային կեդրոններու ու մատենադարաններուն հետ, ստեղծելու համար մնայուն կապեր անոնց եւ Պոտլէյըն լայպրերիի հայկական բաժինին միջեւ: Ես բախտը ունեցեր էի զինք հիւրընկալելու նոյն ամառ թէ՛ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ եւ թէ՛ ծնողքիս ընտանեկան յարկին տակ:

Համալսարանի առաջին տարուընէ սկսեալ մենք լաւ բարկամներ դարձած էինք իրարու հետ: Ուստի զարմանալի չէր, որ ամէն անգամ երբ Հայաստանէն կամ սփիւռքի որեւէ գաղութէ նոր գիրք մը կամ մամուլի նոր թիւ մը ստանար, ան առաջին հերթին զիս տեղեակ կը պահէր այդ մասին, քաջ գիտնալով, որ այդ օրերուն Օրիէնթըլ ռիտինկ ռումի մէջ ինձմէ զատ ոչ ոք պիտի հետաքրքրուէր անոնցմով:

Առաւօտ մը, երբ սովորականին պէս նստած էի գիրքերու դէզիս դիմաց, Տ. Պարեթը մեծ ժպիտ մը դէմքին մտաւ ընթերցասրահ: Նկատեցի, որ իմ կողմս կ՛ուղղուէր: Մօտեցաւ գրասեղանիս եւ հազիւ լսելի ձայնով ըսաւ. «Ժամը 10:30¬ին եկուր գրասենեակս, միասին սուրճ մը առնենք»: «I have a pleasant surprise for you» (հաճելի անակնկալ մը ունիմ քեզի), առանց յայտնելու, որ ի՛նչ էր այդ «հաճելի անակնկալը», խորհրդաւոր ժպիտով մը հեռացաւ:

Նայեցայ ժամացոյցին, տակաւին կէս ժամ ունէի Տ. Պարեթին հանդիպելու:

Կը մտածէի` անպայման հետաքրքրական նոր գիրք մը ստացած է եւ կամ տեղ մը հայեւվրացական յարաբերութեանց վերաբերեալ յօդուած մը տեսած է եւ կամ …ի՜նչ իմանամ: Մինչեւ այդ օր Տ. Պարեթը այդքան ոգեւորուած չէի տեսած:

Վերջապէս եկաւ ժամը: Գրասենեակին դուռը կիսով բաց էր, զիս տեսնելով` հրաւիրեց ներս: Մինչ ես մեծ անձկութեամբ կը սպասէի անակնկալին, «նախ երթանք սուրճ մը առնենք»,- ըսաւ,- այնտեղ կը բացատրեմ ինչպիսի գիւտ մը ըրած եմ վերջերս»:

Մատենադարանի անձնակազմին յատուկ սրճարանին մէջ սուրճի բաժակները տակաւին մեր ձեռքը, երբ հազիւ, նստած էինք  դէմ-դիմաց կլոր սեղանի մը շուրջ, Տ. Պարեթի առաջին հարցումը եղաւ, «ի՞նչ գիտէք Նոր Ջուղայի մասին, յատկապէս այդ վանքի տպարանի եւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիին տպած գիրքերուն մասին»:

Այդ օրերուն ես մխրճուած էի հայ եւ վրաց եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցած միութեան եւ բաժանումի պատմութեան մէջ: Կը փորձէի գտնել, թէ որո՛նք էին զուտ աստուածաբանական խնդիրները եւ որո՞նք էին ազգային եւ քաղաքական բնոյթի այլ նկատառումները, որոնք մղեցին վրաց կաթողիկոս Կիւրիոնը, որ դուրս գայ դարերու անցեալ ունեցող հայ, վրաց եւ աղուանից եկեղեցիներու (հակա-քաղկեդոնական) հաւատքի միութենէն եւ միանայ Բիւզանդական (քաղկեդոնական) եկեղեցւոյ: Ուստի, անմիջականօրէն հետաքրքրուած չէի Նոր Ջուղայով եւ անոր տպարանով:

Անշուշտ որ գիտէի 1603-ին Շահ Աբբասի կողմէ գործադրուած բռնագաղթին մասին. ծանօթ էի Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու համբաւին, 17-րդ դարուն անոնց Եւրոպայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հետ ունեցած առեւտրական կապերուն: Լսած էի Նոր Ջուղայի սքանչելի եկեղեցիներուն եւ յատկապէս Ս. Ամենափրկիչ վանքին` իր որմանկարներով հռչակաւոր մատուռին, վանքի մատենադարանին ու թանգարանին մասին: 1968-ին թեմի առաջնորդն էր Անթիլիասի միաբան Ղեւոնդ արք. Չէպէյեանը, իսկ թեմը տակաւին կը կոչուէր իր պատմական անունով` Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմ:

Հիմա` 45 տարի յետոյ, անկեղծօրէն չեմ յիշեր տակաւին ինչեր ըսի եւ որքանով կրցայ պատասխանել Տ. Պարեթի հարցումին:

Անթիլիաս

(Շար. 2)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )