Եգիպտոս Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Կ՛օգտագործէ Իբրեւ Փորձաքար` Թուրքիան Զգուշացնելու Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Եգիպտոսի մէջ «Արաբական գարուն»-ը վերածուած է դժոխային ամրան` անթիւ ու անհամար զոհերով:
Եգիպտական բանակին կողմէ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ետք, յատկապէս կար օտար ղեկավար մը, որ եղաւ ամէնէն բարձր ճչացողը` Մուրսիի անյապաղ վերադարձի պահանջով: Այդ վիճայարոյց ղեկավարը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է` իր իսլամական ընկերոջ` Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու սերտ կողմնակիցը:
Եգիպտոսի նոր ղեկավարները, որոնք կը վայելեն բնակչութեան ստուար զանգուածներու աջակցութիւնը, մեծապէս զայրացան յատկապէս այն ժամանակ, երբ Էրտողան խստօրէն քննադատեց նախագահ Մուրսիի տապալումն ու Իսլամ եղբայրներ շարժման հարիւրաւոր ցուցարարներու սպանութիւնը:
Թուրքիոյ վարչապետը չափազանց կոշտ ոճով դատապարտեց Եգիպտոսի զինուորականութիւնը` «իր զինուորներով, ոստիկաններով եւ ծանր հրետանիի միջոցով ջարդեր կատարելուն» համար: Հեգնական է, որ Էրտողան «համր սատանայ» անուանեց բոլոր անոնք, որոնք լուռ կը մնան անարդարութեան դէմ:
Կասկածէ վեր է, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը մարդկային ողբերգութիւն է եւ օրէօր կը դառնայ աւելի ծանրակշիռ: Հակառակ անոր որ ոեւէ մէկը չի կրնար անտարբեր մնալ քաղաքացիներու սպանութիւններուն եւ խեղումներու հանդէպ, այնուամենայնիւ Թուրքիոյ վարչապետը երկրագունդի վրայ գտնուող վերջին անձն է, որ նման յաւակնոտ վերաբերում պէտք էր դրսեւորէր: Այն անձը, որուն ձեռքերը արիւնոտ են, ուրիշը պախարակելու իրաւունք չունի: Կարիք չկայ վերադառնալու պատմութեան գիրկը եւ յիշելու Էրտողանի նախահայրերուն իրականացուցած ցեղասպանութիւնները` հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ: Միայն քանի մը ամիս առաջ Թուրքիոյ վարչապետին սեփական ձեռքերը թաթխուած էին արեան մէջ, երբ ան հպարտօրէն կը յայտարարէր, որ հրամայած է ոստիկանութեան Պոլսոյ մէջ կրակ բանալու անզէն ցուցարարներու վրայ` սպաննելով հինգ, կուրցնելով տասնմէկ եւ վիրաւորելով ութ հազար մարդ: Հետեւաբար Էրտողան զրկուած է բարոյական բոլոր իրաւունքներէն ոեւէ մէկուն ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներու վերաբերեալ դաս տալու:
Եգիպտոսի ներքին գործերուն Էրտողանի յաճախակի միջամտութիւնը եւ նախագահ Մուրսիի ու Իսլամ եղբայրներու անոր հետեւողական աջակցութիւնը այն աստիճանի ատելութիւն հրահրեցին երկու երկիրներուն միջեւ, որ Եգիպտոսն ու Թուրքիան տուն կանչեցին իրենց դեսպանները` ա՛լ աւելի վատթարացնելով իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Լարուածութեան սրումը վտանգի տակ դրած է երկու միլիառ տոլար արժողութեամբ թրքական ներդրումները Եգիպտոսի մէջ եւ սառեցուցած` այդ երկրի մէջ 300 թուրք գործարարներու գործունէութիւնը:
Ինչպիսի՜ փոփոխութիւն`մէկ տարուան ընթացքին… 2012 թուականի մայիսին, երբ Եգիպտոս էի դասախօսութիւններ տալու համար, տեղական թերթերէն մէկը հրաժարեցաւ հրապարակելէ իմ հարցազրոյցիս այն հատուածը, որ կ՛առնչուէր Հայոց ցեղասպանութեան: Ինծի տեղեկացուցին, որ նկատի առնելով իսլամական երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները` անկարելի պիտի ըլլայ որեւէ բան տպագրել ընդդէմ Թուրքիոյ:
Հետաքրքրական է, որ նախագահ Մուրսիին իշխանութենէն դուրս շպրտուելէն ետք շարք մը յօդուածներ յայտնուեցան տասնեակ մը եգիպտական թերթերու մէջ` մանրամասն ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը պահանջելով, որ Թուրքիան փոխհատուցում վճարէ վերապրողներուն եւ կոչ ուղղելով Էրտողանին` ճանչնալու իր երկրին քրէական անցեալը:
Ի լրումն այս բոլորին, օգոստոս 17-ին Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր անակնկալ պատգամ մը տեղադրեց «Թուիթըր»-ի մէջ` յայտարարելով, որ` «ՄԱԿ-ի մէջ մեր մնայուն ներկայացուցիչը վաղը (կիրակի) պիտի ստորագրէ միջազգային փաստաթուղթ մը, որ կը ճանչնայ հայկական ջարդերը, որոնք իրականացուած են թրքական բանակին կողմէ, եւ որոնց իբրեւ հետեւանք` մէկ միլիոն մարդ սպաննուած է»:
Թէպէտ եգիպտական եւ թրքական թերթերը լայնօրէն կը հաղորդեն Եգիպտոսի նախագահին վերագրուող «Թուիթըր»-եան այս հաղորդագրութեան մասին, բայց եւ այնպէս չյաջողեցանք ինքնուրոյն կերպով հաստատել անոր իսկութիւնը: Սակայն ակնյայտ է, որ Եգիպտոսի ներկայ կառավարութիւնն ու մամուլը մտադիր են Հայոց ցեղասպանութիւնը օգտագործելու իբրեւ միջոց` հակադարձելու Էրտողանին` իրենց ներքին գործերու կոպիտ կերպով միջամտելուն համար:
Հասկնալի է, որ հայերուն մեծ մասը դժգոհ պիտի ըլլայ, որ իրենց նախնիներու սպանդը քաղաքական շահարկման առարկայ կը դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ: Սակայն, ցաւօք, ինչպէս միշտ, ասիկա եւս քաղաքականութիւն է: Եթէ Եգիպտոսի նոր ղեկավարութիւնը շահաւէտ նկատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը, այդ մէկը պիտի ըլլայ ողջունելի քայլ: Աւելի լաւ է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ` մղուելով որեւէ քաղաքական դրդապատճառէ, քան չճանչնալ` սխալ պատճառներով: Ի վերջոյ, կարելի չէ ակնկալել, որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը այս հարցին վերաբերեալ որեւէ դիրքորոշում կ՛ունենայ, եթէ այդ մէկը հակասէ իր ազգային շահերուն: Այս առումով, Եգիպտոս չի տարբերիր այլ երկիրներէ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներէն ու Իսրայէլէն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ դամոկլեան սուր պարբերաբար կը ճօճեն Թուրքիոյ ղեկավարներուն գլխուն:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերջնական որոշումը կախեալ է անկէ, թէ Գահիրէն ի՛նչ զիջումներ կ՛ակնկալէ Անգարայէն: Եթէ Եգիպտոսը` ամենաբազմամարդ արաբական երկիրը, ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ան ջախջախիչ հարուած կը հասցնէ թրքական կառավարութեան խելայեղ ջանքերուն` հակազդելու 2015 թուականին աշխարհով մէկ տեղի ունենալիք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

