ՄԱԿԻՆ` ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ» ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 27 մայիս 2011-ը Ազգ. «Յառաջ» մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար եղաւ անմոռանալի պահ մը, երբ անոնց առօրեային միացաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակին: Իւրաքանչիւր դասարան, իր ուսուցիչին ընկերակցութեամբ, ներկայացուց իր սորված գիտելիքներէն, արտասանութիւններէն ու երգերէն բաժիններ, նաեւ առիթ ունեցաւ զրուցելու Մակիին հետ եւ ցոյց տալու անոր ձեռային աշխատանքներ, որոնք տեղադրուած են մանկապարտէզի պատերուն:

Աշակերտները հրաւիրեցին Մակին` միասնաբար երգելու «Բարի տարեդարձ»ը` իրենց ընկերներուն ծննդեան տօնին առիթով. ապա անոնց ժամադրավայրը դարձաւ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5-ին քոլեճի շրջափակը` վայելելու Մակին, իր հին ու նոր երգերու մատուցումով:

Աւելի քան երկու հարիւր յիսուն փոքրիկներու ներկայութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի ու Հայաստանի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց Մակիին, որ ընդառաջելով վարժարանիս հրաւէրին, Պէյրութէն ժամանած է Այնճար` սիրուած երգերով ու նորութիւններով ելոյթ ունենալու Այնճարի փոքրիկներուն համար, որոնք անհամբեր կը սպասէին այդ օրուան:

«Պիկ-պիկ-խամաճիկ»ը, «Պուպրիկ»ը, «Ժամացոյց»ը, «Մոկլին», «Նապիկ»ը եւ խումբ մը փոքրիկներ կ՛ընկերակցէին Մակիին` երգով ու պարով խանդավառելու ներկաները, որոնք շուրջ մէկուկէս ժամ ծափով ու պարով մասնակից դարձան Մակիի երգերուն:

Ձեռնարկի աւարտին անոնք առիթ ունեցան նկարուելու Մակիին հետ եւ իրենց սէրը արտայայտեցին` անոր նուիրելով փունջ մը ծաղիկ:

Share this Article
CATEGORIES