«Յունաստանին Ելեւմտական Նոր Օգնութեան Տրամադրումը Անխուսափելի Է» Կ՛ըսէ Հոլանտայի Ելեւմուտքի Նախարարը

Երուն Տէյսելպլում

Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի ելեւմուտքի նախարար Երուն Տէյսելպլում միացած է Յունաստանի ելեւմտական օգնութեան երրորդ թղթածրարը տրամադրելու մասին քննարկումներուն:

Ըստ Եւրոյի խմբակի շրջանակներուն մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ելեւմտական նախարարներու հանդիպումները գլխաւորող նախարարին, Յունաստանին ելեւմտական նոր օգնութիւն տրամադրելը «անխուսափելի է»:

Ան աւելցուցած է, որ յաջորդ տարի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նոր հոլովոյթներ իրականացնել Յունաստանի վարկերը մարելու համար` ընդգծելով, սակայն, որ որեւէ նման որոշում կախեալ է երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներէն:

Երուն Տէյսելպլումի մեկնաբանութիւնը յաջորդած է Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարարի այն յայտարարութեան, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Յունաստանին ելեւմտական օգնութեան երրորդ փաթեթ տրամադրել:

Յունաստան արդէն իսկ երկու անջատ հանգրուաններով ստացած է 240 միլիոն եւրոյի վարկ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )