Պրէյվիքի Կողմնակիցները Խոստացած Են Պայթեցնել Շուէտի Թագաւորին Նստավայրը
Gazeta.ru` յղում կատարելով «Տը Լոքըլ»-ին, կը հաղորդէ, որ Նորվեկիացի ահաբեկիչ Անտերս Պրէյվիքի անյայտ աջակիցներու խումբը խոստացած է պայթեցնել շուէտական Քարլսթատ քաղաքին մէջ գտնուող թագաւորական նստավայրը:
Սպառնալիքին պատճառով ոստիկանութիւնը շրջափակած է նստավայրը:
Այս խումբը նաեւ ստանձնած է 1986-ին Շուէտի վարչապետ Օլաֆ Փալմէի սպանութեան պատասխանատուութիւնը:
Բայց եւ այնպէս, թագաւորական ընտանիքը որոշած է չեղեալ չնկատել թագաւոր Քարլ Կիւսթաւ ԺԶ.-ի քաղաք այցելութիւնը:
Այժմ Շուէտի թագաւորը կը շրջի երկրի տարածքին` նշելու համար իր գահակալութեան 40-ամեակը: Այդ շրջապտոյտը շատ համեստ ձեւով կ՛անցնի:
CATEGORIES Միջազգային