Եգիպտոսի Մէջ Կրակմարի Ժամը Կրճատած Են Երկու Ժամով
«Ֆրանս-24» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի մէջ բախումներու պատճառով սահմանուած գիշերային կրակմարի ժամը պիտի կրճատուի երկու ժամով` երեկոյեան ժամը 7:00-ի փոխարէն սկսելով ժամը 9:00-էն:
Առաջուան նման կրակմարի ժամը պիտի տեւէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00-ը: Փոփոխութիւնները, սակայն, չեն վերաբերիր ուրբաթ օրուան, երբ իսլամները մզկիթ կ՛երթան եւ նամազ կը կատարեն: Այժմ այդ օրը նաեւ իսլամականներու ցոյցերու օրեր դարձած են:
Իշխանութիւնները այս քայլը առած են ժողովուրդին խնդրանքով:
Կրակմարի ժամ սահմանուած էր 14 օգոստոսին եւ կը ներառէր Եգիպտոսի 14 նահանգները:
CATEGORIES Միջազգային