Իսրայէլը Դարձեալ Ամբաստանելուն Կողքին. «Պատմութիւնը Պիտի Անիծէ Ազհարի Շէյխը» Յայտարարեց Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազհարի շէյխը` Ահմետ Թայէպը քննադատեց Եգիպտոսի մէջ «զինուորական յեղաշրջումին» զօրակցելուն համար` աւելցնելով, որ պատմութիւնը անոր նման հոգեւորականները «պիտի անիծէ»:
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտնած է, որ ինք յուսախաբուած է, երբ տեսած է, թէ Ազհարի շէյխը Եգիպտոսի մէջ «զինուորական յեղաշրջումին» կը զօրակցի, եւ հարց տուած է, թէ «ինչպէ՞ս կրնաս այդ մէկը ընել»:
«Այս կրօնաւորը վերջացած է: Պատմութիւնը պիտի անիծէ անոր նմանները, ճիշդ ինչպէս նախապէս անիծեց Թուրքիոյ մէջ անոր նման կրօնաւորները», աւելցուցած է Էրտողան:
Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ քննադատած է արեւմտեան պետութիւնները Եգիպտոսի մէջ «զինուորական յեղաշրջումը» կանխարգիլել չկարենալնուն համար` եգիպտական բանակին կատարած միջամտութեան զօրակցողներուն եւ զայն ժողովրդավարութեան վերատիրանալու միջոց նկատողներուն հարց տալով, որ «յեղաշրջումը ժողովրդավարական կրնա՞յ ըլլալ»:
Ան նշած է, որ անոնք, որոնք այսօր Եգիպտոսի մէջ իրադարձութեանց նկատմամբ լուռ կը մնան, վաղը անիրաւութեան մասին խօսելու իրաւունք պիտի չունենան:
Ան քննադատեց Մոհամետ Մուրսիին միամեայ գործունէութեան ընթացքին գործուած սխալները քննադատողները` յայտնելով, որ «երկիրը 70 տարիէ ի վեր բռնատիրութեան տակ էր… այդ մէկը լաւապէս տանելի կը նկատէք, սակայն ժողովուրդէն ընտրուած Մուրսիի իշխանութիւնը նոյնիսկ մէկ տարի չէք կրնար տանիլ»:
Էրտողան դարձեալ Իսրայէլը ամբաստանեց Եգիպտոսի «յեղաշրջումին» ետին կանգնելուն համար` աւելցնելով, որ Թել Աւիւ քուէատուփերու ներկայացուցած կարեւորութիւնը նսեմացնելու արշաւ մը կը ղեկավարէ:
Ան նաեւ թրքական ընդդիմութիւնը եւս քննադատեց` զինք «բռնատէր» նկատելուն համար եւ նշեց, որ այդ մէկը կարելի պիտի չըլլար, եթէ երկիրը իսկապէս բռնատիրական ոճով կը ղեկավարուէր:
«Անոնք, որոնք նախկին վարչապետ Ատնան Մենտերեսը կախաղան հանեցին, ներկայիս զիս բռնատէր կը կոչեն… եթէ բռնատէր մը կ՛ուզէք տեսնել, ապա Սուրիա եւ Եգիպտոս գացէք, այդտեղ ձեզ կախաղան պիտի հանեն»:

