ՄԱԿ-ի Հետաքննիչները Այսօր Կը Սկսին Ղութա Շարքիյայի Դէպքին Վայրը Հետաքննել. Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Հետաքննութիւնն Ու Զինուորական Միջամտութեան Պատրաստութիւնները Զուգահեռ Կ՛ընթանան

Սուրիական ծովափին մօտեցող ամերիկեան մարտանաւեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անցեալ հինգշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլլեմի հետ եւ սուրիական կառավարութենէն պահանջած է ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբին արտօնել Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման վայրը այցելել:

Պաշտօնատարը աւելցուց, որ Քերրի յայտնած է, որ «եթէ սուրիական վարչակարգը ծածկելիք ոչինչ ունի, ինչպէս կ՛ըսէ, պէտք է անմիջապէս եւ առանց արգելքի արտօնէ դէպքին վայրը այցելել` փոխանակ այցելութեան արգելք հանդիսանալու եւ փաստերը ոչնչացնելու համար (քիմիական զէնքէն) վնասուած շրջանին դէմ յարձակումը շարունակելու»:

Ամերիկացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ Քերրի Սուրիական ազատ բանակի ղեկավարներներէն երաշխիքներ ստացած է, որ քիմիական զէնքի թիրախ դարձած շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի անձնակազմին ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորուի: Ան աւելցուց, որ Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է նաեւ իր սէուտցի, թուրք եւ յորդանանցի պաշտօնակիցներուն հետ, այդ բոլոր հաղորդակցութեանց ընթացքին փաստերը շուտով ճշդելու կարեւորութիւնը շեշտած է եւ քիմիական զէնքի որեւէ օգտագործման լրջութիւնը ընդգծած:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի բանբերը յայտնեց, որ Քամերոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթ օր համաձայն գտնուած են, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը պէտք է կանխարգիլել, եւ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ քաղաքացիներու դէմ քիմիական զէնքով «յստակ» յարձակումի մը «աճող ցուցանիշերուն» գոյութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնած են:

Անոնք ընդգծած են, որ «քիմիական զէնքի բացայայտ օգտագործումը միջազգային ընտանիքին կողմէ լուրջ հակազդեցութեան արժանի է, եւ պաշտօնատարներու պարտականութիւն տուած են բոլոր ընտրանքները սերտելու»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է Սուրիոյ մէջ որեւէ ընտրանք գործադրելու: Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Օպամա Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հակադարձելու համար ընտրանքներու մանրամասն զեկուցում մը ստացած է: Սակայն Օպամա ընդգծեց, որ կարելի չէ զինուորական ուժ օգտագործել` միջազգային օրէնքէն անկախ: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երէկ յայտարարեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը «գրեթէ հաստատ է»:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ «գոյութիւն ունի փաստերու շարք մը», որ ցոյց կու տայ, որ 21 օգոստոսին տեղի ունեցած յարձակումը «քիմիական բնոյթի էր» եւ թէ «ամէն ինչ կը մղէ այն կարծիքը գոյացնելու», թէ «ատոր պատասխանատուն» սուրիական վարչակարգն է:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ «քիմիական զէնքի օգտագործման առնչութեամբ Դամասկոսի պատասխանատուութիւնը հաստատ է»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող իր ուժերը մօտեցուցած է Սուրիոյ ափերուն, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային միջամտէ սուրիական տագնապին:

Իսրայէլեան աղբիւրներ բացայայտեցին իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանցի եւ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներ մօտիկ ապագային կ՛ուղղուի Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու: Իսրայէլեան աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ ամերիկեան հարուածները միայն ծովէն եւ օդէն հրթիռային հարուածներով բաւարարուին, առանց Ասատի վարչակարգը տապալելու նպատակը հետապնդելու:

Դամասկոս. «Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան
Միջամտութիւնը Միջին Արեւելքը Պիտի Հրկիզէ»

Սուրիական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգները զգուշացուցին զինուորական որեւէ միջոցառում որդեգրելէ` նշելով, որ այդպիսի քայլ մը «ամբողջ Միջին Արեւելքը պիտի հրկիզէ»: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի շաբաթ օր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու որդեգրելիք որեւէ զինուորական քայլ «պտոյտ մը» պիտի չըլլայ:

«Ամերիկեան արտաքին զինուորական որեւէ միջամտութեան պարագային, անիկա պիտի ունենայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ, որոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ քաոս եւ հրդեհ մը, որ ամբողջ Միջին Արեւելքը պիտի հրկիզէ»:

Թեհրան Ուաշինկթընը Կը Զգուշացնէ
«
Կարմիր Գիծը» Շրջանցելէ

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրան երէկ Միացեալ Նահանգները զգուշացուցած է Սուրիոյ հարցով կարմիր գիծը շրջանցելէ` աւելցնելով, որ այդ մէկը «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենայ:

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ Մասուտ Ժազայիրի յայտնած է, որ «Ամերիկա սուրիական ճակատի «կարմիր գիծ»-ը գիտէ, եւ սուրիական «կարմիր գիծ»-ի որեւէ շրջանցում Սպիտակ տան համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

Մոսկուա Կը Զգուշացնէ Միակողմանի
Զինուորական Միջամտութեան
«
Աղէտալի» Հետեւանքներէն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արեւմուտքը զգուշացուց Իրաքի արկածախնդրութիւնը Սուրիոյ մէջ կրկնելէ` յայտնելով, որ միակողմանի որեւէ միջամտութիւն Միջին Արեւելքի ապահովութեան վրայ աղէտալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Մոսկուա Արեւմուտքը զգուշացուց Սուրիոյ մէջ «պատմական սխալ» մը գործելէ եւ կոչ ուղղեց «ողջմտութեան» ու Սուրիոյ մէջ զինուորական ընտրանքը որդեգրելով «աղէտալի որեւէ սխալ» չգործելու:

Ռուսիա նաեւ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն ապահով միջավայրի մը մէջ գործելը արտօնելու եւ ողջունեց հետաքննիչներու Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վայր այցելութիւնը արտօնելու Դամասկոսի որոշումը:

Դամասկոս ՄԱԿ–ի Հետաքննիչներուն
Կ՛արտօնէ Դէպքին Վայրը Այցելել

Սուրիական արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գոյացած է փոխադարձ հասկացողութիւն մը, որ անմիջապէս ուժի մէջ կը մտնէ եւ ըստ որուն փրոֆ. Աքի Սիլսթրոմի ղեկավարութեամբ միջազգային հետաքննիչներուն կ՛արտօնուի 22 օգոստոսին Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման դէպքը հետաքննել:

Միացեալ Նահանգներ սուրիական կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն Ղութա Շարքիյա մուտքի արտօնութիւնը անհաւաստի նկատեցին:

ՄԱԿ յայտարարեց, թէ իր հետաքննիչները այսօր կը սկսին Ղութա Շարքիյայի մէջ հետաքննութեան իրենց աշխատանքներուն, եւ թէ սուրիական կառավարութիւնը խոստացած է հետաքննիչներու այցելութեան ընթացքին շրջանին մէջ որեւէ հրացանաձգութիւն չկատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES