Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Միքաթիի. «Կառավարութիւնը Իր Կարելին Կ՛ընէ Առեւանգեալ Երկու Թուրքերուն Ազատ Արձակման Համար» Յայտնեց Նեժիպ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռուէյսի եւ Թրիփոլիի զոյգ պայթումներուն համար` զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանին ներկայ ճգնաժամային պահերուն ընթացքին:

Այս առիթով վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր կարելին կ՛ընէ բացայայտելու երկու թուրքերու գտնուած վայրը` ջանալով ազատ արձակել զանոնք:

Միքաթի ցաւակցական նմանօրինակ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներէն` Ահմեթ Տաւութօղլուէն եւ Լորան Ֆապիւսէն:

Միւս կողմէ, Միքաթի Պէյրութ իր վերադարձին Թրիփոլի ուղղուելով սերտ հաղորդակցութիւններ ունեցաւ երկրի քաղաքական թէ ապահովական պատասխանատուներուն հետ` մօտէն հետեւելով Ռուէյսի թէ Թրիփոլիի զոյգ պայթումներու հետաքննութեանց արդիւնքներուն եւ առնչակից զարգացումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )