Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքին

Արամ Ա. կաթողիկոս անցեալ ուրբաթ օր` ընկերակցութեամբ Նարեկ արք. Ալիեմեզեանի, այցելեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքի ամառնային նստավայրը` Տիմանի մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր մարոնիներու նախկին պատրիարք կարտինալ Նասրալլա Սֆէյր եւ այլ հոգեւորականներ:

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու Արեւելքի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներու այժմու իրավիճակը: Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս դարձաւ կարտինալ Ռայիի ճաշի հիւրը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )