ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Շաբաթ օր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը` բաղկացած Սեպուհ Յովհանեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց զօր. Քահուաժին` վերջինիս պաշտօնավարութեան երկարաձգման առիթով: Հանդիպումը առիթ ընձեռեց քննարկելու համար ներլիբանանեան իրադարձութիւնները եւ մանաւանդ վերջերս Լիբանանը հարուածած ապահովական անցուդարձերը:

 

Share this Article
CATEGORIES