«Արցախի Վերաբնակեցման Հոլովոյթը Ամէնէն Կարեւոր Խնդիրներէն Է» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան կոչ ուղղեց ներդրումներ կատարելու Արաքսի հովիտին մէջ, մասնաւորապէս զբաղելով հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցուով եւ այգեգործութեամբ:
«Կառավարութիւնը լուրջ ներդրումներ կը կատարէ, որ Արաքսի հովիտին մէջ համատարած կերպով զարգանայ ե՛ւ հացահատիկային մշակաբոյսերու մշակումը, ե՛ւ այգեգործութիւնը: Կառավարութիւնը կատարած է լուրջ ներդրումներ, որպէսզի ապահովէ Արաքսի հարաւային ափը ելեկտրականութեամբ, մօտ 27 քմ հոսանքի գիծ կառուցուեցաւ, անհրաժեշտութեան պարագային` մղիչներ պիտի տեղադրուին, ներդրումներ կատարուած են եւ կը կատարուին ենթակառոյցներուն մէջ` ճանապարհաշինարարութեան մէջ: Այսօր նաեւ այնտեղ համապատասխան ընկերութիւնները զբաղած են ոչ պիտանի դարձած հողատարածքները մշակելի դարձնելու գործով», «Ապարաժ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
Արթուր Աղաբեկեանի համաձայն, զինադադարէն ետք Արցախի մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցումով նորէն սկսան զբաղիլ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցումով զբաղին ատոր համար աւելի նպաստաւոր` Քաշաթաղի եւ Հատրութի հարաւային շրջաններուն մէջ, ուր բաւական մեծ նախադրեալներ կան ատոր համար, սակայն ծրագիրը հեռու չգնաց:
Ինչ կը վերաբերի վիճակախաղի իրականացման փոխվարչապետը նշեց, որ մասնաւորապէս գոհ է Հայաստանի այն գործիչներէն, որոնք աշխուժօրէն կը մասնակցին վիճակախաղի սպառման հոլովոյթին, սակայն դժգոհ է, թէ ինչպէս անիկա կը սպառի հայ մամուլի կրպակներուն մէջ:
«Այսօր Արցախի Հանրապետութեան մէջ վերաբնակեցման հոլովոյթը ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն է եւ այս վիճակախաղին միջոցով որեւէ գնող կը դառնայ ատոր մասնակիցը», նշեց Ա. Աղաբեկեան: