Ապիեւ Հայաստանին Կը Սպառնայ
«Հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու փորձերուն` Հայաստանի նախայարձակումը կը շարունակուի, եւ դժբախտաբար յստակ արդիւնքներ չկան», երէկ յայտարարեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ:
Պաքուի մէջ Ճափոնի պաշտպանութեան փոխնախարար Միսախիսա Սաթոյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ «եթէ այս դրութիւնը շարունակուի, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք օգտագործելու ազրպէյճանական բանակի կարելիութիւնները»:
CATEGORIES Հայկական

