Սկովտիացի Միլըր Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սկովտիացի յառաջապահ Քենի Միլըր վերջ դրաւ 12 տարուան իր միջազգային ասպարէզին, երբ յայտարարեց, որ կը լքէ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը:
33 տարեկան Միլըր 69 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակեց 18 կոլ:
2001-ին առաջին անգամ ըլլալով իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած Միլըր, որ նախապէս մաս կազմած է Հիպերնիընի, Սելթիքի, Ռէյնճըրզի եւ Վուլվզի, ներկայիս ելոյթ կ՛ունենայ Վանքուվըր Ուայթքեփսի (Քանատա) հետ:
CATEGORIES Մարզական

