Քոմփանի Առնուազն Չորս Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Մանչեսթըր Սիթիի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին խմբապետ Վենսան Քոմփանի, առնուազն չորս շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն:
Պելճիքայի միջազգային մարզիկը վիրաւորուեցաւ Նիւքասըլի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի բացման մրցումին:
Ան պիտի բացակայի Պելճիքա – Սկովտիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումէն (6 սեպտեմբեր), ինչպէս նաեւ Քարտիֆի, Հալ Սիթիի եւ Սթոք Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներէն, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ կատարուելիք մրցումին անոր մասնակցութիւնը կասկածելի է:
CATEGORIES Մարզական

