Փոթի Տեմել Կը Վերադառնայ Հայաստան
Իր լուրը քաղելով Շիրակի մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Փղոսկրեայ ափունքցի 24 տարեկան յառաջապահ Փոթի Տեմել կը վերադառնայ Հայաստան, ուր պիտի մասնակցի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան: Ան կէս տարուան պայմանագիր մը ստորագրեց Հայաստանի ախոյեանին հետ:
Նախապէս Միքայի մաս կազմող Տեմել Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նշանակած է 25 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

