«Նախագահը Խորհրդարանէն Առաջ Ընտրելու Համար Ճամբու Քարտէսը Պիտի Բարեփոխենք» Ըսաւ Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահի Խորհրդականը

Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի խորհրդական Ալի Աուատ յայտնեց, որ «յառաջիկայ ընտրութիւնները, անոնք խորհրդարանական ըլլան թէ նախագահական», դատական ամբողջական հսկողութեան պիտի ենթարկուին այն նոյն ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ, որ նախապէս նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ատեն կազմուած էր` մինչեւ բարեփոխուած սահմանադրութեան մէջ նշուած Ընտրութեան ազգային յանձնախումբի կազմութիւնը»:

Աուատ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ճամբու քարտէսը պիտի բարեփոխուի, որպէսզի քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան պահանջին հիմամբ նախագահի ընտրութիւնը խորհրդարանէն առաջ տեղի ունենայ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )