Փութին Աբխազիա Այցելած Է
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր երկրին կողմէ Աբխազիոյ անկախութեան ճանաչման հնգամեակին առիթով 25 օգոստոսին Աբխազիա այցելած է:
Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպում ունեցած է Աբխազիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Անքվապի հետ: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Անքվապ եւ Փութին քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան լայն շրջանակ:
2008-ին ռուս-վրացական պատերազմէն ետք, Ռուսիա 26 օգոստոսին ճանչցաւ Աբխազիոյ անկախութիւնը, իսկ Վրաստան կը պնդէ, որ Ռուսիա բռնագրաւած է վրացական տարածքները:
CATEGORIES Միջազգային


