Արեւմտեան Զինուորական Միջամտութեան Պարագային Ռուսիա Պատերազմին Պիտի Չմիանայ. «Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Ծրագիրները Ձախողութեան Պիտի Մատնուին» Ըսաւ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին զգուշացուց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական ծրագիրները «ձախողութեան պիտի մատնուին»` նշելով, որ «աշխարհին ուղղուած Սուրիոյ պատգամը այն է, որ եթէ գոյութիւն ունին ոմանք, որոնք կ՛երազեն, որ Սուրիա Արեւմուտքի ձեռքին խամաճիկ մը պիտի ըլլայ, ապա այդ երազը պիտի չիրականանայ»:

Ան շեշտեց, որ «մենք անկախ պետութիւն ենք, ահաբեկչութեան դէմ պիտի պայքարինք եւ մեր յարաբերութիւնները պիտի հաստատենք մեր ուզած պետութիւններուն հետ ամենայն ազատութեամբ` ի շահ սուրիացի ժողովուրդին»:

Ասատ ըսաւ, որ «անոնք, որոնց դէմ ներկայիս կը պայքարինք, մեծամասնութեամբ հաւատք դրժողներ են, որոնք Քայիտայի գաղափարախօսութեան կը հետեւին, իսկ փոքրամասնութիւնը յանցագործներ են»:

Ասատ շեշտեց, որ քիմիական զէնքի հարցով Սուրիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները «քաղաքականացած են» եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ բանակին արձանագրած յառաջդիմութեան լոյսին տակ կատարուած են:

Խօսելով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասին` ան ըսաւ, որ «Ժընեւի խորհրդաժողովին նպատակը Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման աջակցիլն է, սակայն կարելի չէ քաղաքական ուղիով ընթանալ նախքան արտասահմանէն ահաբեկչութեան աջակցութեան դադրեցումը: Ուրեմն, Ժընեւէն մեր ակնկալածը այն է, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցող երկիրներուն վրայ ճնշում բանեցուի զէնքի մաքսանենգման դադրեցման եւ օտարերկրացի ահաբեկիչներու մեր մօտ ուղարկումին դադրեցման համար»:

«Երբ այդ քայլը առնուի, քաղաքական քայլերը` նախ եւ առաջ ապագային պետութիւն, սահմանադրութիւն, օրէնքներ եւ այլ հարցեր կազմելու շուրջ սուրիական կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը դիւրին կը դառնայ», ըսաւ ան:

Ասատ նաեւ Թուրքիան, Քաթարն ու Սէուտական Արաբիան մեղադրեց Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան աջակցելու յանցանքով: «Կան նաեւ երկիրներ, որոնք անուղղակի կ՛աջակցին: Կան երկիրներ, որոնք բացայայտ կերպով կ՛աջակցին Սուրիոյ ահաբեկիչներուն, այդ երկիրներն են Քաթարն ու Թուրքիան»` աւելցնելով, որ Քաթար ահաբեկիչներու հովանաւորն է, իսկ Թուրքիան կը մարզէ զանոնք եւ միջանցքներ կ՛ապահովէ անոնց:

«Սէուտական Արաբիան այժմ հովանաւորութեան հարցին մէջ կը փոխարինէ Քաթարը (…) Թուրքիոյ դրութիւնը այլ է: Շատ ափսոս, որ Թուրքիոյ նման երկիր մը կարելի է քանի մը տոլարով կառավարել: Դժբախտաբար հսկայական երկիրը` ռազմավարական դիրքով ու յառաջադէմ հանրութեամբ, կը ղեկավարուի Ծոցի երկիրներէն մէկուն կողմէ: Այս ամէնուն պատասխանատուն Թուրքիոյ վարչապետն է», նշած է ան:

Լաւրով Արեւմուտքը Կը Զգուշացնէ
Անցեալի Սխալները Կրկնելէ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը երկխօսութիւն չ՛ուզեր, եւ այդ յստակ է»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը խանգարել ուզող մը կայ»:

Ան աւելցուց, որ «արեւմտեան շրջանակները կը ջանան Ժընեւի խորհրդաժողովը ձախողութեան մատնել եւ վարչակարգը բռնի ուժով փոխել»:

Լաւրով ըսաւ, որ արեւմուտքը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ որեւէ փաստ չունի, իսկ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ բարձրացած աղմուկին նպատակը «Ժընեւ-2»-ը տապալելն է:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «եթէ Սուրիոյ մէջ արեւմտեան զինուորական միջամտութիւն մը ըլլայ, Ռուսիա պատերազմին պիտի չմիանայ»:

Լաւրով ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական ճակատումի ուղղութեամբ գրգռում կայ եւ զարմանք յայտնեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի յայտարարութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ ուժի օգտագործումը իսլամական համակարգին մէջ տարակարծութիւնները պիտի բարդացնէ եւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը պիտի վատթարացնէ` աւելցնելով, որ առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումի մը, ուժի օգտագործումը ՄԱԿ-ի ուխտի խախտում մը կը նկատուի:

«ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը շատ վտանգաւոր է, եւ անիկա պէտք է լաւապէս մտածէ այդ սխալը գործելէ առաջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ ահաբեկման գործողութիւնը Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցածին կը նմանի»:

Հէյկ. «Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման
Կարելի Է Հակադարձել Առանց Ապահովութեան
Խորհուրդի Հաւանութեան»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման կարելի է հակադարձել առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի միաձայն հաւանութեան` նշելով, որ Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ նկատմամբ իր պարտաւորութեանց տէր չկանգնեցաւ:

Ան «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ միաձայնութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ կարելի է հակադարձել, «այլապէս այսպիսի ահաւոր ոճիրներու հակադարձելը կրնայ անկարելի ըլլալ»` նշելով, որ այդպիսի կեցուածք մը անընդունելի պիտի ըլլայ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ուղարկած փորձագէտներու հետաքննութեան աշխատանքները կրնան արդիւնք չտալ:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ «ապացոյցներուն մեծամասնութիւնը կրնայ ոչնչացուած ըլլալ ռմբակոծումներուն տակ, միւս մասը քանի մը օրուան ընթացքին կրնայ քայքայման ենթարկուիլ, իսկ երրորդը` գրաւուած եւ ոչնչացուած»:

Ֆապիւս. «Հակադարձութիւնը Յառաջիկայ
Օրերուն Պիտի Վճռուի»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման արեւմտեան հակադարձութիւնը «յառաջիկայ օրերուն պիտի վճռուի»: Պատասխանելով ուժի օգտագործումով հակադարձութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը` ան ընդգծեց, որ տակաւին որեւէ որոշում չէ որդեգրուած:

Թուրքիա Պիտի Միանայ Սուրիական
Վարչակարգին Դէմ Որեւէ Դաշինքի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «36-37 երկիր կը քննարկեն այլընտրանքային տարբերակներ: Եթէ այս ընթացքին Պաշշար Ասատի դէմ դաշինք կազմուի, Թուրքիա այդտեղ իր տեղը պիտի գրաւէ»:

«Սկիզբէն Թուրքիա պնդած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ կողմէն պարզապէս դիտէ Ասատի վարչակարգի ոճրագործութիւնները: Անոնք, որոնք մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կը կատարեն, պէտք է պատժուին», ըսած է ան:

Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ  թրքական ոստիկանութիւնը կիրակի օր Քիլիս նահանգին մէջ Էօնճիւփընար սահմանային անցքին վրայ ինքնաշարժի մը մէջ 117 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ եւ զէնք գտած են եւ երկու սուրիացիներ ձերբակալած են:

Պան Քի Մուն. «Միջազգային Հետաքննութեան
Յաջողութիւնը Ի Շահ Բոլորին Է»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբի աշխատանքի «ժամերը հաշուըւած են»:

Ան նշեց, որ «աշխարհը Սուրիոյ կը հետեւի»` շեշտելով, որ պէտք է ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն արտօնուի «ամբողջական, համապարփակ եւ առանց արգելքներու» հետաքննութիւն կատարել: Պան Քի Մուն ըսաւ, որ այդ հետաքննութեան յաջողութիւնը ի շահ բոլորին է եւ ապագային քիմիական զէնքի օգտագործման վրայ կանխարգիլող ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մէկ բանբերը երէկ յայտարարեց, որ Դամասկոսի Մաատամիյէ շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներ երկու անգամ արձակազէններու կողմէ դիտումնաւոր հրացանաձգութեան ենթարկուած են եւ անոնց մէկ ինքնաշարժը վնասուած է: Նախապէս անոնց գտնուած պանդոկին մօտ հրասանդի 2 հրթիռներ ինկած էին: Սուրիական վարչակարգն ու Ռուսիան սուրիական ընդդիմութիւնը ամբաստանեցին միջազգային հետաքննիչներուն դէմ կատարուած յարձակումին համար:

Արաբական Լիկան Այսօր Կը Քննարկէ
Ղութայի Ոճիրը

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտնեց, որ «Արաբական լիկան երեքշաբթի առտու պատուիրակներու մակարդակի վրայ ժողով մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար վտանգաւոր զարգացումները եւ Ղութա Շարքիյայի մէջ գործուած ոճիրը, որ մեծապէս ցնցեց արաբական հայրենիքը եւ ահաւոր ոճիրներէն մէկը կը նկատուի»:

Ան ըսաւ, որ «մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք հակազդեցութեան, որ կրնայ շրջանը ահաւոր դիպաշարի մը մէջ ներգրաւել»:

Արեւմտեան Պատրաստութիւններ

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ գրեթէ վստահ է, որ սուրիական կառավարութիւնը անցեալ շաբաթ քաղաքայիններու դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է` նշելով, որ յարձակումին վայրը ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն առջեւ բանալու որեւէ որոշում «ուշացած» եւ «անպատշաճ» է:

Պաշտօնատարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ներկայիս կը սերտէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակադարձել:

Բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը, յղում կատարելով կառավարական աղբիւրներու, յայտնեց, որ Բրիտանիոյ ծովուժը յառաջիկայ օրերուն պատրաստ պիտի ըլլայ միանալու ամերիկեան նաւատորմիղին` Սուրիոյ դէմ հաւանական զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու:

Կը ծրագրուի, որ գործողութիւնը պիտի կրէ թեւաւոր հրթիռներով յստակ թիրախներ հարուածելու բնոյթ: Ներկայիս թիրախներու ցանկը երկու երկիրներու զինուորական հրամանատարութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ ճշդումի կ՛ենթարկուի: Օրաթերթը կը յայտնէ, որ ուժի օգտագործման հրամանը կրնայ արձակուիլ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, որ կ՛ենթադրուի, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական արշաւի համար իբրեւ օրինակ ծառայէ 1999-ին Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծումը:

Մինչ այդ, ՄԱԿ չէ կրցած ստուգել, թէ արդեօք Սուրիոյ ընդդիմութիւնը 400 թոն զէնք ստացա՞ծ է, թէ՞ ոչ: «Ռոյթըրզ»` վկայակոչելով սուրիական ընդդիմութենէն իր աղբիւրը, հաղորդած էր, որ 400 թոն զէնք-զինամթերք Թուրքիոյ ճամբով 20 բեռնատարներով ընդդիմութեան հասած է:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ դէմ որեւէ քայլ միջազգային ընտանիքին հետ համակարգուած ձեւով պիտի ըլլայ: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Հէյկը մտադիր է իր բրիտանացի եւ ֆրանսացի պաշտօնատարներուն հետ Սուրիոյ շուրջ խօսիլ, սակայն «ատոր ժամանակը տակաւին չէ ճշդուած»:

Քերրի. «Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի
Օգտագործման Գծով Կասկած Չկայ Եւ
Վարչակարգը Ինքն Է, Որ Ունի Այդ Զէնքէն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը անընդունելի է հակառակ բոլոր արդարացումներուն: Ան նկատել տուաւ, որ «նոյնիսկ եթէ տարակարծիք ըլլանք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին շուրջ, պէտք է համաձայն ըլլանք, որ պէտք է հաշուետուութեան ենթարկել քիմիական զէնքին օգտագործումը, որպէսզի դարձեալ չօգտագործուի»:

«Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման գծով կասկած չկայ եւ վարչակարգը ինքն է, որ ունի այդ զէնքէն»` ըսաւ Քերրի` աւելցնելով, որ եթէ փաստուի սուրիական վարչակարգի մեղսակցութիւնը Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման գծով, ապա անիկա կը նկատուի մարդկութեան դէմ ոճիր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )