«Էն. Պի. Էն.» Կայանին Մօտ Գտնուած «Ական»-ը Ծաղկաման Դուրս Եկաւ
Լիբանանեան բանակի սակրաւորները նախանցեալ օր կէս գիշերին «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին առջեւ վնասազերծեցին ական մը, որ զետեղուած էր կայանին մուտքին գտնուող թաղարներուն մէջ: Ըստ ապահովական աղբիւրներուն, ականը ամբողջական էր եւ պայթելու բոլոր տուեալները ունէր` բացի պայթեցուելու թելէն:
«Էն. Պի. Էն.»-ի տնօրէն Քասեմ Սուէյտ յայտնեց, որ ականը զետեղուած էր կառատան մուտքին` աւելցնելով, որ այդ վայրին մէջ նման ական մը զետեղելու քայլը բաւական մեծ յանդգնութիւն կ՛ուզէ:
Սուէյտ ոչ ոք ամբաստանեց այդ արարքին յանցանքով եւ կոչ ուղղեց սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն:
Բանակի սակրաւորներ աւելի ուշ յայտնեցին, որ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին առջեւ գտնուած մարմինը հողով լեցուած եւ պայթուցիկ նիւթերէ զերծ ծաղկաման մըն է:
Միւս կողմէ, Սարպայի մէջ բանակին զօրանոցին մօտ գտնուող կասկածելի ինքնաշարժը ստուգման ենթարկելէ ետք ի յայտ եկաւ, որ անիկա ականուած չէ եւ ոչ մէկ պայթուցիկ նիւթ կայ անոր մէջ:

