Սալամ. «Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Աւելի Լուրջ Թափով Կ՛ընթանան»
Վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանը թիրախ դարձնող պայթումները պէտք է պատճառ դառնան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արագացման:
Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ վարչապետ Սալամի Պաապտա կատարած այցելութիւնը կ՛իյնայ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ:
Նախագահական պալատ իր այցելութեան ընթացքին Սալամ շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան հսկող կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ վարչապետին խորհրդակցութիւններուն ընթացքին շեշտուած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Սալամի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ վարչապետը վերսկսի իր խորհրդակցութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն` ճշդելու համար Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան պատկերը:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, նախագահ Սլէյման ընդգծած է կառավարութեան կազմութեան ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: