Միքաթի. «Կառավարութիւնը Իր Պարտականութիւնները Կը Կատարէ»
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Ռաշիտ Քարամէի անուան համալիրին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար:
Միքաթի այցելեց նաեւ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի Քուրայի բնակարանը եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց` Թրիփոլիի դէմ գործուած անարգ ոճիրին զոհերուն համար:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի բարձր գնահատեց պայթումէն ետք Թրիփոլիի բնակչութեան տուած իմաստուն պատասխանը` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի բնակչութիւնը կառչած կը մնայ լիբանանեան պետութեան եւ անձնական ապահովական դրութիւն չի պահանջեր:
Ան նշեց, որ շէյխ Ռաֆիհիի հետ քննարկած է պայթումներուն պատճառած վնասները` աւելցնելով, որ այդ պայթումէն տուժած քաղաքացիները ամէնէն արագ միջոցին պիտի ստանան պետութեան տրամադրելիք հատուցումները:
Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութեան հրաժարականը չի նշանակեր, թէ ան կը թերանայ իր պարտականութիւններուն մէջ, այլ` ան լիովին կը կատարէ իր պարտականութիւնները, յարգելով երկրին սահմանադրութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն վերսկսումը չէ նախատեսուած:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական ցնցումները:
Հանդիպելէ ետք հրաժարեալ վարչապետին հետ` Փլամպլի ըսաւ, որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է աշխատին Սուրիոյ դէպքերուն ունենալիք ժխտական ազդեցութիւնները Լիբանանէն հեռու պահելու:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու, ինչպէս նաեւ ոճրային այս արարքներուն պատասխանատուները հետապնդելու:
Փլամպլի կոչ ուղղեց նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու` ընդգծելով բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործակցութեան կարեւորութիւնը: