Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Թրիփոլի Եւ Հարաւային Արուարձաններ

Միւֆթի Քապպանի եւ ուղեկցող պատուիրակութիւնը` Թրիփոլիի պայթումի վայրին մէջ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իսլամ հոգեւորականներու հետ եւ ստուգեց պայթումին վայրերն ու արձանագրուած վնասները:

Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց իսլամներուն դէմ նախապատրաստուող սադրանքներուն ընդդիմանալ եւ ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը, որ միակ զէնքն է` դիմադրելու սադրանքներուն եւ գրգռութիւններուն:

Թրիփոլիի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ երէկ Հարաւային արուարձաններուն, իսկ այսօր Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած պայթումները կազմակերպող կողմերուն ախորժակներն ու յոյսերը ի դերեւ ելած են` շնորհիւ տեղւոյն բնակիչներուն ազգային գիտակցութեան:

Շէյխ Քապպանի ուղղուեցաւ նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր անոր ընկերակցեցաւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, որ ընդգծեց, թէ Հարաւային արուարձաններուն եւ Թրիփոլիի մէջ նահատակութիւնը մէկ է, ինչպէս նաեւ անարգ ոճիրը մէկ է:

Սէյիտ խստիւ դատապարտեց արաբ ազգը եւ անոր աղօթատեղիները թիրախ դարձնող պայթումները, որոնց նպատակն է երկու յարանուանութիւններուն միջեւ գրգռութիւններ հրահրել:

Միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ այս ծրագիրին նպատակն է ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ «շինիչ քաոս» մը ստեղծել, որպէսզի Արեւմուտքը ներկայացնող մեծ պետութիւնները քանդեն Միջին Արեւելքը եւ մասնատեն զայն:

«Հետեւաբար, կը պահանջուի ըլլալ զգաստ, իսկ վարչապետ Թամմամ Սալամէն կը պահանջուի կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` քաղաքական տարակարծութիւնները պահելով դահլիճին դռներէն ներս, որպէսզի քաղաքական տարակարծութիւնները մնան նախարարաց խորհուրդին մէջ եւ փողոցը չդրսեւորուին», ըսաւ Քապպանի:

Միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններն ու Թրիփոլին թիրախ դարձուցած պայթումները կրնան թիրախ դարձնել նաեւ քրիստոնեաները:

Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Թրիփոլի, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )