ԶԵՆԻԹ Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ` ՄՈՎՍԻՍԵԱՆՈՎ

Ռուսական մամուլին համաձայն, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին մօտէն հետաքրքրուած է Քրասնոտարի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանով, որովհետեւ ակումբին պատասխանատուներուն համաձայն, այս ամրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, անոնք իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն ձեռք ձգելու համար անոր ստորագրութիւնը:

Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ կը փնտռէ յառաջապահ մը, որ կարենայ վտանգաւոր յարձակումներ կազմակերպել առանձին մնացած Ալեքսանտր Քերժաքովի հետ:

Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի պատասխանատուները այս եզրակացութեան յանգեցան, երբ ներկայ գտնուելով նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիա – Հայաստան զտումի մրցումին (Եւրօ-2012). ականատես եղան Մովսիսեանի ունեցած կարողութիւններուն:»

 

 

Share this Article
CATEGORIES