Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց «Փիւնիկ» Հիմնադրամի Հոգաբարձութեան Խորհուրդի Անդամները

Երէկ կէսօրին նախագահական իր նստավայրին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները:

Հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ հիմնադրամի իրագործած զանազան ծրագիրներուն վրայ: Հրատապութեան եւ կարեւորութեան կարգով յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայութեան կարիքներուն, սփիւռքի կրթօճախներուն, հայապահպանման տարբեր խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային մարզերուն մէջ հայ կեանքին հետ առնչուած տարբեր օգտաշատ ծրագիրներ իրականացնելու աշխատանքներուն վրայ:

«Փիւնիկ» հիմնադրամը պիտի աջակցի նաեւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով Ստեփանակերտի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու կազմակերպութեամբ աշխարհի տարածքին գործող հայ խորհրդարանականներու համաժողովին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES