ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՊԱՊ ԱՐԱՊԻ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

Շապապ Արապիի ախոյեան մարզիկները- PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ եւ վերջին ճակատումին, Շապապ Արապի 81-51 արդիւնքով յաղթելէ եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը, տիրացաւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:

Մրցումին աւարտին Շապապ Արապի ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի ազգային խումբերու տնօրէն Ֆետի Թապեթէն:

Նշենք, որ այս երրորդ մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

Share this Article
CATEGORIES