ԵՒՐՕ-2013-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՍԿԻԶԲ` 10 ՄԱՐԶԻԿՈՎ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄՈՆԹԵՆԵԿՐՕ` 4-1
Երէկ, Եւրօ-2013-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի կրստերներու ազգային հաւաքականը կատարեց իր առաջին մրցումը` Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Մոնթենեկրոն:
Հայրենի կազմը 3-րդ վայրկեանին իսկ անակնկալի բերաւ իր հիւրը, երբ բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Էտկար Մալաքեանի նշանակած կոլին:
23-րդ վայրկեանին, հայրենի կազմին մարզիկներէն Արտակ Ալեքսանեան կարմիր քարտ մը ստացաւ` իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ ետք:
Կը կարծուէր, որ մրցումին արդիւնքը պիտի շրջուի ի նպաստ մրցակից կազմին` նկատի ունենալով, որ անիկա մարզիկի մը առաւելութեամբ կը շարունակէր մրցումը:
Սակայն պատահեցաւ ատոր ճիշդ հակառակը եւ Հայաստան տասը մարզիկով, 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ սքանչելի սկիզբ մը ունեցաւ այս մրցաշարքին գծով:
Բ. կիսախաղին Հայաստանի կազմին կոլերը դարձեալ նշանակեցին Էտկար Մալաքեան (50-րդ), Կամօ Յովհաննիսեան (77-րդ) եւ Վալթեր Պօղոսեան (82-րդ): Հիւր կազմը իր միակ կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին:
Մրցումէն ետք հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան, որ յաղթանակով նշեց իր նորամուտը, ըսաւ, որ ինքզինք զգաց գերերջանիկ` արձանագրուած այս արդիւնքին համար, որովհետեւ այսպիսի մեծ յաղթանակ մը չէր ակնկալեր: