ԼՕԽ-Ի «ՍԵՒԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Սեւան» (Ժունիէ) մասնաճիւղի 70-ամեակի նշման ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, մասնաճիւղի ներկայացուցիչին, Լիբանանեան բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ զօր. Ժաք Ապու Անթունի, շրջանի կոմիտէութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եղբօր, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
Մասնաճիւղի ատենապետ Սեդա Ճուպանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ եթէ անհատներու կեանքին մէջ տարիներու գումարը կը տանի դէպի անխուսափելի ծերութիւն, հակառակն է միութեան պարագային, ուր տարիները որքան բազմանան, այնքան տարեցները կը դառնան ծառայութեամբ հարուստ եւ պատրաստ ծառայութեան:
Այնուհետեւ ան ներկայացուց նաեւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս մասնաճիւղի պատմութիւնը, տարած աշխատանքը եւ անոր ունեցած բարեսիրական գործունէութիւնը:
Խօսք առնելով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն աշխատանքը եւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայահոծ շրջանի մէջ ԼՕԽ-ի ներկայութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ան նշեց, որ «Սեւան» մասնաճիւղի գոյութիւնը կը պարտինք այն ԼՕԽ-ականներուն, որոնք հիմնեցին մասնաճիւղը, սիրեցին, աշխատեցան, եւ ամէնէն կարեւորը` վստահեցան մասնաճիւղին:
Ապա կատարուեցաւ պարգեւատրում մասնաճիւղին մէջ վաստակ ունեցող անդամներու:
Գեղարուեստական յայտագիրով հայերէն եւ օտար երգերով ելոյթ ունեցաւ Մանուկ Մինասեան, իսկ «Ֆրիտըմ տենս» խումբը ներկայացուց հայկական պարեր:
Ներկաները մուտքին ստացան յուշանուէրներ մասնաճիւղի 70-ամեակի նշանակով: