«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ 24-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ կազմակերպութեամբ մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին, երէկ` երեքշաբթի, 7 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէս:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապաղեան, որ նկատել տուաւ, որ սոյն հանդէսը «Զուարթնոց»ի 24-րդ տարուան հանդէսն է: Ան յայտնեց, որ երբ կեդրոնին մէջ ապաստան գտած աշակերտները մեծնան, զանազան դժուարութիւններ կ՛ունենան, ծնողներուն պարտաւորութիւնները կ՛աւելնան եւ «Զուարթնոց»ի մէջ գործը կը բարդանայ, որովհետեւ անոնց զգացական պէտքերը տարբեր կ՛ըլլան եւ անոնց գոհացում տալը շատ աւելի կը դժուարանայ:

Օրուան բանախօսն էր «Զուարթնոց» կեդրոնին նեցուկ կանգնող սրտակից բարեկամներէն Լեւոն Թորոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 6 տարիէ ի վեր ծանօթացած է կեդրոնին եւ կը փորձէ նիւթապէս ու բարոյապէս օգտակար դառնալ անոր: Ան կոչ ուղղեց, որ ընկերութեան մէջ լայն կերպով տարածուի, որ կատարուած աշխատանքը կարեւոր է, իսկ կեդրոն յաճախող աշակերտները Աստուծոյ արարածներն են եւ իրաւունք ունին մեր ամբողջ գուրգուրանքին, զոհողութեան, եւ պէտք չէ ճիգ խնայել զիրենք դաստիարակելու եւ իրենց կարողութեան համաձայն լաւագոյն զբաղումը գտնելու, որպէսզի անոնց կեանքը իմաստ ստանայ:

Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացուցին արտասանութիւններ, պարեր, թատրոն. ներկայացուեցաւ նաեւ «դարմանում մարզանքի ճամբով» ցուցադրութիւնը` փաուըր փոյնթով:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ բանի կը պարտինք այս ամբողջ զոհողութիւնը, զոր «Զուարթնոց» կեդրոնին ծառայողները կը կատարեն, եթէ ոչ Աստուածային սիրոյն, որ զիրենք կը մղէ այս զոհաբերական աշխատանքը տանելու:

Աւարտին Արաքսի Տապաղեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ուսուցչակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն կեդրոնի յաջողութեան, եւ հրաւիրեց Լեւոն եւ Վալթրաուտ ամոլը` յուշանուէր մը յանձնելու անոնց:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES