50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1963)
Կարեւոր Գիրք Մը
Հայկական Հարցը Մեծ Պետութեանց
Քաղաքականութեան Մէջ
Այս աշխատութիւնը, որուն հեղինակն է տոքթ. Ֆրանչեսքօ Սիստարի, Վենետիկ, վերլուծում մըն է մեծ պետութիւններու քաղաքական արեւելեան խնդիրներուն ամէնէն փափուկներէն մէկուն` Հայկական հարցին (Պերլինի ժողովին փակումէն մինչեւ 1923-ի Լոզանի դաշինքը, էջ Ժ. 322, աշխարհագրական երկու գունատիպ տախտակներով, 36 փաստաթուղթերով եւ կը կազմէ Փատովայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժնին 8-րդ հատորը):
Հատորը կը բացուի կարճ ներածութեամբ մը` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հայերուն կացութեան վրայ, մինչեւ 1878-ի Պերլինի դաշնագրութիւնը, կը պարզէ հայկական հակազդեցութիւնը դաշինքին նկատմամբ, յեղափոխական շարժումները եւ հետեւանքը` թրքական ջարդերուն քաղաքականութեան, շրջափակելով այս բոլոր դէպքերը մեծ պետութիւններու եւ ցարական Ռուսիոյ Միջին Արեւելքի քաղաքական խաղերուն մէջ:
Քննութեան կ՛ենթարկէ հայ ժողովուրդին նոր կացութիւնը Երիտասարդ թուրքերու յեղափոխութենէն ետք ստեղծուած: Հեղինակը մանրամասնօրէն կը քննէ ռուս եւ եւրոպական քաղաքականութիւնը 1913-1914 բարենորոգումներու ծրագրին մէջ, որ կը հաստատէր հայ ազգին ամէնէն տարրական ազատութիւնը ձեռք ձգելը, թէեւ երբե՛ք իրականացած գործնականին մէջ` օսմանեան կայսրութեան կողմէ, վերահաս Ա. Համաշխարհային պատերազմին պատճառով, որ տակնուվրայ ըրաւ հայ ժողովուրդը եւ անոր բաղձանքները: Հեղինակը այս բոլոր դէպքերը կը յիշէ փաստացի քննութեամբ` պետութիւններու գործադրած քաղաքականութեան:
Կը քննէ դարձեալ Անդրկովկասի եւ յատկապէս ռուսական Հայաստանի կացութիւնը ցարական իշխանութեան անկումով, հայ անկախ հանրապետութեան ծնունդով, համաշխարհային պատերազմին վերջանալով, կը կցէ քննութիւն մը խաղաղութեան ժողովին եւ մեծ պետութիւններու` հայոց նկատմամբ բռնած քաղաքականութեան Մուտրոսի զինադադարէն մինչեւ Սեւրի դաշինքը: Այս քննութիւնը կը ստիպէ, որ հեղինակը նկատի առնէ հայերուն կացութիւնը Անդրկովկասի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, վերջին դէպքերուն եւ երկիրներու ու Միջին Արեւելքի քարիւղին տիրապետելու քաղաքականութեան լոյսին տակ:
Ուսումնասիրութեան յատուկ նիւթ կ՛ըլլայ Կովկասի մէջ անգլիական եւ իտալական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ դաշնակից պետութեանց քաղաքականութիւնը` Լոնտոնի եւ Սան Ռեմոյի ժողովներուն մէջ:
Վերոյիշեալ քննութիւնը կ՛ամբողջանայ վերլուծումով ընդհանուր ուրուագիծներու մէջ` Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի քաղաքական ըմբռնումին եւ վերաբերումին հայկական հարցերուն մասին:
Այնուհետեւ Ռուսիոյ համայնավար քաղաքականութիւնը, մրցակցութիւնը դաշնակից պետութիւններուն, Քեմալի ազգայնական թուրք նոր քաղաքականութիւնը Հայկական հարցին նկատմամբ եւ Լոզանի դաշինքը կը դառնան գրքին վերջին մասին նիւթը:
Այս գիրքը ընթերցողին կը հայթայթէ դրական կէտեր, պատմաքաղաքագիտական դիտողութիւններ եւ նիւթեր` խորհրդածելու կառավարութիւններու եւ ժողովուրդներու ունեցած պատասխանատուութեան:
Կեանքը Շթորայի Մէջ
Կազդուրման կայան.- Ամէն տարուան պէս, այս տարի եւս յուլիս 3-ին Լիբանանի Հայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ հոս եկան 50-60 տկարակազմ մանչեր եւ աղջիկներ: Օգոստոսի մէջ դարձեալ եկան 24 մանչ եւ 36 աղջիկ: Սեպտեմբերի մէջ պիտի գան նոյն թիւով տղաք: Վարիչն է` Նուարդ Պզտիկեան, որ լաւ փորձառութիւն ունի` կառավարելու եւ մայրական խնամք տանելու: Ունին երկու գործաւորուհիներ եւ ընդհանուր հսկող ու դասաւանդող ուսուցչուհի մը` Անահիտ Գալընճեան: Փոքրիկները կ՛ապրին հայկական ընտանեկան ուրախ եւ զուարթ միջավայրի մը մէջ:
Օգնութեան խաչի մեր քոյրերը արժանի են գնահատանքի եւ օժանդակութեան, որովհետեւ անոնք իրենց հանգիստի ժամերը ջնջելով` կը ջանան օգնութեան հասնիլ տկարներուն եւ անկարներուն: Կնոջական միակ կազմակերպութիւնը, որ կը մտահոգուի նոր սերունդով: Դիւրին գործ չէ երեք ամսուան մէջ պահել մօտ 180 մանչեր ու աղջիկներ:
Օգոստոս 18, կիրակի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածին տօնին առիթով Լիբանանի առաջնորդ սրբազան հօր կարգադրութեամբ, Նոր Մարաշի Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ քահանաներով հոս եկաւ եւ պատարագեց Բաբգէն քհնյ. Քենտիրճեան: Ունեցանք լաւ դպրաց դաս մը: Շթորայի եւ շրջանի բարեպաշտ երկսեռ հայութիւնը երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ Ս. պատարագին եւ լսեց տէր հօր հոգեշունչ քարոզը Աստուածամօր եւ հայ կիներու առաքինութեանց եւ ցեղին ամէն կերպով օգտակար ըլլալնուն մասին:
Խաղողօրհնէքը հայկական հնադարեան աւանդութիւններուն ամէնէն արեւահամն է իր հեթանոսական ծագումով եւ ամէնէն խորհրդաւորը` իր քրիստոնէական գործադրութեամբ: Խաղող օրհնելով` մեր պապերուն հայրենիքը կ՛օրհնուի: Օրհնուեցաւ խաղողը եւ հաղորդուեցան շատեր: Պատարագի վերջաւորութեան կատարուեցաւ հոգեհանգիստ` Նիկոլ Աղբալեանի համար: Օգոստոս 22, հինգշաբթի, հոս այցելեցին Վարդան վրդ. Տեմիրճեան (ընտրեալ առաջնորդ հայոց Ատրպատականի) եւ Եզնիկ աբղ. Բալայեան: Աբեղայ հայր սուրբը կաթողիկոսարանին կողմէ կիրակնօրեայ դպրոցներու համար ընդհանուր տեսուչ նշանակուած է: Այցելեցին Կազդուրման կայան եւ կարեւոր խօսակցութիւններ ունեցան տեղւոյս կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին հետ:
Վարդան վրդ. Տեմիրճեան իր յաջորդին կը ծանօթացնէր շրջաններուն մէջ ստեղծուած խանդավառ գործունէութիւնները եւ հետեւելիք ուղղութիւնը: Ասկէ մեկնեցան Այնճար` հոն եւս նոյն աշխատանքներու մասին օգտաշատ խորհրդակցութիւններու համար:
Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
1963 օգոստոս 25
Շթորա

