«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Վեհափառի Կաթողիկոսական Ընտրութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Զարեհ Ա. կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մեծանուն հայրապետներէն է Զարեհ Ա. կաթողիկոս: Անբասիր, համեստ, խոնարհ, ժողովրդանուէր եւ արդարակորով հայրապետի հովանիին տակ Անթիլիաս ծաղկեցաւ եւ անոր հմայքն ու հեղինակութիւնը բարձրացան իբրեւ հայ հոգիի, մտքի ու մշակոյթի կեդրոն:

Զարեհ կաթողիկոս իր եօթնամեայ գահակալութեան ժամանակաշրջանին քաջաբար պայքարեցաւ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ եւ յաջողեցաւ պահպանել Կիլիկիոյ դարաւոր սուրբ աթոռին անկախութիւնը:

Ան եղաւ այն անձնաւորութիւնը, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեան, կրցաւ յաղթահարել բոլոր խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները` սիրով ու ներողամտութեամբ: Ան իր հեռատես ու իմաստուն քաղաքականութեամբ արժանացաւ ժողովուրդի սիրոյն ու վստահութեան:

* * *

«Ազդակ» օրին, 12-էն 22 փետրուար 1956-ի թիւերով, լայնօրէն անդրադարձած է Զարեհ Ա. վեհափառի ընտրութեան ընթացքին, զոր համադրելով` կը ներկայացնենք:

* * *

Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս կիրակի, 12 փետրուար 1956-ին Լիբանան այցելեց` մասնակցելու համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընտրութեան եւ օծման: «Փառահեղ ընդունելութիւն վեհափառ հայրապետին» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

«Պատմական եւ աննախընթաց ընդունելութիւն մը ցոյց տուաւ Լիբանանի հայութիւնը, կիրակի, 12 փետրուար 1956, Ամենայն հայոց հայրապետ  Վազգէն Ա.ի:

Հեղեղային բազմութիւն մը, առաւօտուն կանուխէն լեցուցած էր Խալտէի օդակայանի բոլոր սրահները, նկատելով որ ժամանումի ժամը յայտարարուած էր 8:30: Մինչդեռ, մշուշի պատճառաւ, Հայրապետը բերող սաւառնակը յապաղում ունեցած էր եւ 12:45-ին միայն հասաւ Պէյրութ:

Հայ ժողովուրդը, իր բոլոր խաւերով, այր թէ կին, երեխայ թէ չափահաս, փութացած էր դիմաւորելու իր Հայրապետը, որ կու գար Մայր Աթոռի եւ Հայրենիքի օրհնութիւնն ու սիրոյ ողջոյնները բերելու հայրենակարօտ բազմութեանց:

Ժամը 12:00-ին, հետզհետէ աճող բազմութիւնը ծով մը կը կազմէր օդակայանին մէջը եւ շուրջը:

Կէսօրին սկսան հետզհետէ հասնիլ պաշտօնական անձնաւորութիւնները:

Օդանաւը էջք կատարեց ժամը ճիշդ 12:45-ին: Սաւառնակ բարձրացաւ կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն Ս. եպիսկոպոս, որ յանուն Կիլիկեան Միաբանութեան եւ Աթոռին ողջունեց Էջմիածնայ գահակալը:

Վեհափառի երեւումը առիթ տուաւ համաժողովրդային խելայեղ ծափահարութիւններու եւ ցնծութեան խանդավառ արտայայտութեանց:

Ոստիկան Զօրաց ջոկատ մը` պատուի առաւ Ն. Ս. Օծութիւնը, որ ողջունելէ ետք Զարեհ սրբազանն ու ներկայ հոգեւորականները, առաջնորդուեցաւ օդակայանի պատուոյ սրահը: Այստեղ, վեհափառը հիւրասիրուեցաւ շամփանեայով:

Յայտնապէս յուզուած Ն. Ս. Օծութիւնը սրահին մէջ հետեւեալ խօսքերով ողջունեց Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը:

– «Ամենայն հայոց դարաւոր եւ աստուածակառոյց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն ողջոյն եւ օրհնութիւն Լիբանանի, այս բարի եւ հիւրընկալ երկրին, ուր հայ ժողովուրդի զաւակները անցեալի դժբախտութիւններէն ազատած` գտան խաղաղ կեանքի, շինարար կեանքի երկրորդ հայրենիք մը:

Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը գնահատէ եւ իր օրհնութիւնը կը բերէ լիբանանեան բարեխնամ կառավարութեան, հանրապետութեան նախագահին, եւ իմաստուն եւ ջերմ հոգի ունեցող արաբ լուսաւորեալ ժողովուրդին»:

Վեհափառը իր խօսքերը վերջացուց արաբերէն եայի՜շ Լուպնան ողջոյնի արտայայտութեամբ:

Տիգրան Թոսպաթ, վեհափառի ճառը թարգմանեց ֆրանսերէնի:

Հանրապետութեան նախագահի կողմէ տրամադրուած անձնական ինքնաշարժով` վեհափառ հայրապետը առաջնորդուեցաւ դէպի Անթիլիաս:

Պաշտօնական անձնաւորութիւններու ինքնաշարժներու ետին` 2000-է աւելի անձնական եւ վարձու ինքնաշարժներ շարժուն անտառ մը կ՛ողողէր Խալտէի երկճիւղ պողոտան, աննկարագրելի եռուզեռով մը:

Կարգադիր յանձնախումբի կողմէ կանգնուած առաջին կամարը կը գտնուէր Թանգարանին մօտիկ, ուրկէ անցնելով` շքախումբը, գետեզրի քորնիշով ուղղուեցաւ Նահր: Կամուրջէն մինչեւ Տորա, ճամբան ամբողջովին ողողուած էր մարդկային հեղեղով մը: Ինքնաշարժները դժուարաւ կը յառաջանային:

Ճամբու երկայնքին, երկու եզերքներու վրայ, դիրք գրաւած էին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, արենոյշները, Օգնութեան խաչի արծուիկները, Ս. Նշան ու բոլոր ազգային վարժարաններու հազարաւոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ Բագրամեանի սկաուտները:

Անդր-Նահրի մէջ, բարձրացուած էին երկու պատուոյ կամարներ` նոյնպէս Կարգադիր յանձնախումբի կողմէ, իսկ ճամբու լայնքին պարզուած պաստառներու վրայ բարի գալուստի վերտառութիւններ կ՛երեւային:

Թափօրը հասաւ ի վերջոյ Անթիլիասի դպրեվանքը, ուր նոյնպէս յորդուն բազմութիւն մը հաւաքուած էր: Վեհափառը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, «Հրաշափառ»-ով: Հայրապետը աղօթեց այստեղ եւ օրհնեց խուռն բազմութիւնը: Ապա, առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր ողջոյնի գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ կաթողիկոսական տեղապահ Տ. Խորէն Ս. եպիսկոպոս:

Նշենք, որ յաջորդ օր, երկուշաբթի, 13 փետրուարին Վազգէն վեհափառ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Քամիլ Շամունի:

* * *

Անթիլիասի դպրեվանքի ուսանողները, որոնց շարքին` Սիմոն Փայասլեան, ապագայ Զարեհ Ա. կաթողիկոս

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովը բացուեցաւ երեքշաբթի, 14 փետրուար 1956-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կաթողիկոսականի վեհարանին մէջ:

Վազգէն Ա., ընկերակցութեամբ տեղապահ Խորէն սրբազանին, մուտք գործեց Վեհարան եւ տէրունական աղօթքէն ետք խօսք առնելով ժողովին փոխանցեց Մայր Աթոռի ողջոյնները: Շեշտեց թէ` Կիլիկեան Հայրապետի ընտրութիւնը կոչուած է նպաստելու սփիւռքի եկեղեցական կեանքի վերելքին եւ թէ` այս նպատակով ինք առաջադրած է նաեւ եպիսկոպոսական ժողով մը գումարել Երուսաղէմի մէջ:

Վազգէն վեհափառ ըսաւ, որ Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռի թեկնածուին շուրջ շեշտուած տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, եւ առաջարկեց պատգամաւորներուն` շաբաթ մը յետաձգել ժողովին գումարումը: Այնուհետեւ ան առանձին ձգեց ժողովը, որպէսզի իր որոշումը տայ:

Տեղապահ Խորէն սրբազան հրաւիրեց ներկաները իրենց տեսակէտները պարզելու հայրապետի յետաձգման առաջարկին շուրջ:

Խօսք առաւ նախ տոքթ. Ա. Պաղտասարեան, որ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը նախ ժողովը բանալու: Իրեն միացաւ Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ շեշտը դրաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.

ա) Պատգամաւորական ժողովը կը գումարուի կաթողիկոսութեան կանոնագրի հիման վրայ, հետեւաբար, նախ պէտք է պատգամաւորները վերածել Պատգամաւորական ժողովի:

բ) Եթէ յետաձգումի առաջարկ մը կայ, այդ յետաձգումը ընդունիլ կամ մերժել` կը պատկանի միմիայն Պատգամաւորական ժողովին:
գ) Պէտք է գումարուի ժողովը եւ օրինական սահմաններու մէջ նկատի առնուի Վեհափառի խնդրանքը:

Խօսք առաւ Հրաչ Փափազեան, որ շեշտեց կարեւորութեամբ թէ` յետաձգումի առաջարկը մերժելու որեւէ տրամադրութիւն գոյութիւն չունի պատգամաւորներու մօտ, որոնք իրենց չափ եւ աւելի կը բաղձան ներդաշնակ տեսնել ժողովը եւ սակայն, այս բաղձանքի իրականացման համար ո՛չ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի պատգամաւորները ցրուելու: Կը կազմուի առժամեայ դիւանը, կը կատարէ լիազօրագրերու ստուգումը, կը դառնայ ժողով, ապա միայն նո՛յն այդ ժողովը եթէ ուզէ կը յետաձգէ կաթողիկոսական ընտրութիւնը:

Խորէն եպիսկոպոս ժողովին պատկերը եւ տրամադրութիւնները ներկայացուց Վազգէն վեհափառին, որ սակայն հաստատ մնաց իր առաջարկին վրայ:

Տեղապահ Խորէն սրբազան հաստատելէ ետք օրինաւորութիւնը, պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութեան տեսակէտին, յայտնեց.

«Կը տեսնեմ որ մեր յարգելի պատգամաւորներու իրաւունքը անտեսել` կրնայ ժխտականօրէն անդրադառնալ Կիլիկեան աթոռի ապագային եւ վտանգել զայն, անվերականգնելիօրէն: Իբրեւ տեղապահը այս աթոռին, պարտք կը նկատեմ ամէն պատասխանատուութիւն յանձն առնելով, նոյնիսկ Վեհափառ հայրապետէն յանդիմանուելու գնով, յարգել օրէնքը եւ անցնիլ առժամեայ դիւանի կազմութեան, պատգամաւորներու երիցագոյն անդամը ընտրելով ատենապետ, իսկ կրտսերագոյնը` ատենադպիր»:

Սրբազան հօր այս վճռական յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ պատգամաւորներու երկարատեւ եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով:

Յիսուն պատգամաւորներէ 12-ի բացակայութեամբ եւ մնացեալ 38 պատգամաւորներու միաձայնութեամբ, ձեռնարկուեցաւ առժամեայ դիւանի կազմութեան, եւ իրենց տեղերը գրաւեցին ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան եւ ատենադպիր Յարութիւն Գույումճեան: Կատարուեցաւ լիազօրագրերու ստուգումը:

Առժամեայ դիւանի կազմութենէն ետք, խօսք առին տոքթ.   Ատուր Գապագեան եւ Հրաչ Փափազեան, որոնք ընդգծեցին անհրաժեշտութիւնը ընտրելու նաեւ մնայուն դիւանը, որպէսզի աշխարհական թէ կրօնական ոչ մէկ անհատ, ոտնձգութիւն փորձելով, պատգամաւորական ժողովի իրաւասութեան սահմաններէն ներս, հետագային առիթ չտայ որեւէ խափանարարութեան:

Այս առաջարկի մասին արտայայտուեցան զանազան պատգամաւորներ, որոնց եզրակացութեան հիման վրայ, տեղապահ Խորէն սրբազան առաջարկեց կազմել մնայուն դիւանը եւ այս իմաստով դիմեց պատգամաւորներու ձայնին: 38 պատգամաւորներ միահամուռ ցանկութիւն յայտնեցին գործի վերածելու այս առաջարկը եւ մնայուն դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով.

Ա. ատենապետ Պր. Յակոբ Տէր Մելքոնեան
Բ. ատենապետ Պր. Վահէ Սէթեան
Ա. ատենադպիր Պր. Ստեփան Գապարաճեան
Բ. ատենադպիր Պր. Յարութիւն Գույումճեան

Պատգամաւորական ժողովը, ստացած ըլլալով իր ժողովի օրինաւորութիւնը եւ նուիրականացուցած ըլլալով իր բոլոր իրաւունքները, իր իրաւասութեան հիման վրայ, եւ իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն գոհացում տուած ըլլալու համար Վեհափառ Վազգէն կաթողիկոսի խնդրանքին, որոշեց կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարել ամէնէն ուշը մինչեւ երկուշաբթի, 20 փետրուար:

Այս որոշումով ալ ժողովը վերջացած նկատեց իր նիստը ու փակեց ժամը 13:45-ին:

* * *

Կիլիկիոյ Աթոռի կաթողիկոսական ընտրութեան Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ երկուշաբթի, 20 փետրուար, առաւօտեան ժամը 11:45-ին, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, նախագահութեամբ կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեանի եւ ատենապետութեամբ Յակոբ Տէր Մելքոնեանին:

Ժողովին ներկայ էին 36 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներ եւ լուսանկարիչներ:

Նախորդ նիստի ատենագրութեան ընթերցումէն ետք, տեղապահ սրբազանը ժողովը բացաւ «Զգործս ձեռաց մերոց»-ով եւ արտասանեց իր բացման ճառը:

«Կիլիկեան մեր Աթոռը կենսական դեր մը եւ փրկարար առաքելութիւն մը ունի սփիւռքի հայութեան կրօնական-եկեղեցական կրթական-մշակութային եւ ազգային կեանքին մէջ:

Քառորդ դարու բեղմնաւոր անցեալ մը ունի արդէն Կիլիկեան Ս. Աթոռը եղբայրօրէն ասպնջական ու գեղեցիկ Լիբանանի այս ափունքին վրայ. անցեալ մը, որու ընթացքին երբեմնի այս ամայի աւազուտքը դարձաւ ստեղծագործ կեդրոնը մեր հոգեկան կեանքին եւ մեկնակէտը արդիւնաշատ գործունէութեան մը, կրօնական, մշակութային եւ ազգային բոլոր գետիններուն վրայ: Ձեռք բերուած այս արդիւնքը, ահաւասիկ, լաւագոյն վկայութիւնն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին վերապահուած առաքելութեան համահայկական կեանքին մէջ:

Մեր Ս. Աթոռը իր առաքելութեան մէջ երբեք չանտեսեց նաեւ այն կապը, որ հոգեկան ջերմութեամբ մը կը միացնէ զինքը նուիրապետական միւս Աթոռներուն եւ յատկապէս Ս. Էջմիածնի նախամեծար Մայր Աթոռին հետ: Հաւատարիմ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ անքակտելի ամբողջականութեան սկզբունքին, Կիլիկեան Ս. Աթոռը ապագային ալ իրեն առաջնորդ պիտի ունենայ համագործակցութեան այս գեղեցիկ ոգին, որ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ պայծառացման եւ բարգաւաճման կարեւորագոյն գրաւականը կը հանդիսանայ:

Ներքին գծով, Կիլիկեան Աթոռի հիմնական առաքելութիւնը եղած է ղեկավարել եւ կազմակերպել սփիւռքի ամէնէն բազմահայ երկու գաղութներուն` Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կեանքը: Այսպէս եղած է քառորդ դարու իր անցեալին մէջ, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ ապագային»:

Ճառի ընթացքին, սրբազանը արտասանեց «Հոգւոց» մը երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի հոգւոյն ի հանգիստ: Ժողովականները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը վախճանեալ կաթողիկոսին:

Այնուհետեւ, վեհարանին մէջ, առանձին մնացին պատգամաւորները, կաթողիկոսական ընտրութեան համար:

Գաղտնի քուէարկութեամբ կազմուեցաւ եռանուն ցանկ մը, բաղկացած Խորէն  եպիսկոպոս Բարոյեանէ, Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեանէ եւ Ղեւոնդ եպիսկոպոս Չէպէեանէ:

Եռանուն ցանկի կազմութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը եւ 36 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, 32 ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ ընտրուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեան: Երկու պատգամաւորներ ճերմակ քուէ տուին, իսկ մէկական քուէ ստացան Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեան եւ Պոլսոյ պատրիարք Ամեն. Գարեգին արք. Խաչատուրեան:

Ազգընտիր գահակալին ընտրութիւնը ողջունուեցաւ ներկաներու բուռն եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով:

Խօսք առաւ կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն եպիսկոպոս եւ արտասանեց շնորհաւորական իր խօսքը` ուղղուած նորընտիր կաթողիկոսին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ նորընտիր Զարեհ կաթողիկոս. ան ըսաւ.

«Հասկնալի են, ձեր բոլորին, այն յուզումը, հոգեկան այն ապրումը եւ հոգեկան բոլոր տեսակի այն տրամադրութիւնները, որոնք այս պահուս իմս են: Ամենածանր եւ ամենադժուարին պարտականութիւն դրիք իմ ուսերուս վրայ. աշխարհի պարտականութեանց ամէնէն ծանրը թերեւս` որովհետեւ անոնք, այդ բոլոր պարտականութեանց կոչուած մարմիններն ու հաստատութիւնները ուժ ունին իրենց ձեռքին տակ, մինչ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական այս Աթոռին վրայ` մէկ ուժ միայն տուիք ինծի. բարոյական ուժը, եւ միակ զէնք մը` Ս. Աւետարանը: Եւ գիտէք դուք, թէ ալեկոծ այս աշխարհին մէջ, բարոյական ուժը թէ Աւետարանը ինչ արժէք կը ներկայացնեն դժբախտաբար:

Հաւատացո՛ղն ենք, խոր հաւատքովը մեր պապերէն եկած եւ մեզի հասած մեր խոր գիտակցութեամբ` թէ այս երկու ուժերը միայն աշխարհի վրայ մնայուն ուժերն են բոլոր գնայուն ուժերու կողքին, անոնցմէ բարձր, անոնցմէ վեր` հիմնական իրենց կարեւորութեամբ:

Դժուարութիւններ ունեցանք, դժուարութիւններ ունինք, դժուարութիւններ պիտի ունենանք: Այդ դժուարութիւնները բոլորին ծանօթ են: Անոնց աղբիւրներն ու ակունքներն ալ ծանօթ են:

Պատգամաւորական այս պատկառելի ժողովէն, ձեր բոլորէն եւ այստեղ գտնուող մամուլի ներկայացուցիչներէն, մեր բոլոր բարեկամներէն մէկ բան կը խնդրեմ: Կը խնդրեմ, որ այսուհետեւ, պատմական այս քայլին կապակցաբար գիտակցօրէն եւ խոհեմաբար շարժիք եւ մտածէք, մտածէք, թէ այս ընտրութեան մէջ յաղթող չկայ, յաղթուող չկայ: Գիտակցինք եւ մաղթենք, որ յաղթողը ըլլայ միայն ու միայն մեր Ս. Աւետարանը եւ քրիստոնէական մեր կրօնը, ու յաղթող ոգին ըլլայ մեր ազգային գիտակցութեան եւ ինքնաճանաչման ոգին:

Դժուարութիւններ շատ ունեցանք: Այս առթիւ կը յայտնեմ ձեզի, եւ մամուլի միջոցաւ` մեր շրջանի ժողովուրդին, ո՛չ ոքի հանդէպ քէն եւ ատելութիւն գոյութիւն չունի եւ չէ ունեցած իմ սրտին մէջ: Բոլորն ալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներ են, մեր Ս. միւռոնով մկրտուած, բոլորն ալ վստահ կրնան ըլլալ, որ իրենք այս կաթողիկոսարանէն ներս տեղ ունին, կրնան ներկայանալ եւ իրենց խնդրանքը ներկայացնել այն յարկին: Եւ պէտք է աշխատինք, որ այս վիճակը, որ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ համար վնասակար է, գործակցաբար դարմանենք: Եւ փարատին այս բոլոր թիւրիմացութիւնները, կանխակալ կարծիքներն ու կասկածները, անոնք նոր գահակալի ընտրութեան առթիւ մեր համայնքը յուզեցին այս գաղութին մէջ:

Ոչ մէկ խտրական զգացում եւ կողմնակի նկատում չենք ունեցած եւ այսուհետեւ ալ կողմնակի զգացումներ եւ նկատումներ պիտի չունենանք, Աստուծոյ օգնութեամբ, որովհետեւ հաւատացած ենք մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի յաւերժութեան եւ զաւակներու մաքուր զգացումներուն, որոնք աւելի գերակշիռ են քան բոլոր միւս գնայուն զգացումները:

Այս Աթոռը ունի կատարելիք իր մեծ դերը ի հոգեւորս մեր ժողովուրդին համար: Աւետարանական կեանքի եւ բարոյական հասկացողութեանց համար: Պէտք է աշխատինք, սրբազան եղբայրներ եւ քահանայ հայրեր, որ մեր ժողովուրդին մէջ ամրանայ հաւատքը Ս. Աւետարանի եւ բոլոր մեր նահատակներուն, որոնք իրենց հաւատքի ճամբուն վրայ ինկան եւ իրենց մաքուր արիւնը տուին»:

* * *

Ընտրութեան աւետիսը հազիւ հաղորդուած, Անթիլիասի Մայր տաճարին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ եւ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու եկեղեցիներու զանգակները սկսան ղօղանջել` աւետելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութիւնը:

Անթիլիասի միաբանութեան անդամները եւ դպրեվանքի սաները վեհարան բարձրանալով շնորհաւորեցին նորընտիր գահակալը եւ անոր օրհնութիւնը ստացան:

Պէյրութի մէջ, ժողովրդական ընդհանուր եւ անսահման խանդավառութիւն եւ ցնծութիւն ստեղծեց ընտրութեան աւետիսը ու անհամար թիւով հայրենակիցներ փութացին Անթիլիաս` իրենց շնորհաւորութիւնները ներկայացնելու ազգընտիր հայրապետին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Vicken Tarpinian 10 years

    Tbrots men É indzi ayssbissi hotvadzner….. Shenorhagaloutyounner Nora Parseghian, Abri Aztag oraterte

  • Disqus ( )